«Տէր Յիսուս Քրիստոս, Որդի Աստուծոյ, Ողորմէ ինծի մեղաւորիս». Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւն։

Աղօթքը ուրեմն նման է երաժշտութեան տողերուն, որոնց վրայ մենք կը տեղադրենք մեր կեանքին մեղեդին։ Անիկա վայրն է ուր մեր իւրաքանչիւր արարքը իմաստ կը գտնէ, ու գտնէ նաեւ անդորրութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 9 Յունիս 2021-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Սան Տամազօ հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հարիւրաւոր հաւատացեալներ։ Շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնները Սրբազան Պապը այսօրուան որպէս մտածականի նիւթ ընտրեց  աղօթքի յարատեւութիւնը։

Աղօթեցէք անընդհատ, եւ ամէն բանի մէջ գոհութիւն մատուցեցէք

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս աղօթքի մասին վերջընթեր խորհրդածութեան մէջ կը խօսինք աղօթելու յարատեւութեան մասին» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ այս մէկը «հրաւէր մըն է, որ կու գայ Սուրբ Գրութիւններէն» ու անդրադարձաւ Ռուս ուխտաւորի հոգեւոր ուղեւորութեան, որ «սկիզբ կ՛առնէ երբ Ան կը հանդիպի Սուրբ Պօղոսի Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած առաջին նամակի մէկ նախադասութեան. «Աղօթեցէք անընդհատ, եւ ամէն բանի մէջ գոհութիւն մատուցեցէք» (5, 17-18)» յարեց Սրբազան Պապը ու նշեց թէ «Առաքեալին այդ խօսքը կը դպչի այդ մարդուն սրտին ու ան հարց կու տայ թէ ի՞նչպէս կարելի է աղօթել անընդհատ, տրուած ըլլալով, որ մեր կեանքը յատկանշուած է տարբեր պահերով, որոնք միշտ ալ կարելի չեն դարձներ կեդրոնացումը։ Այս հարցականէն է, որ կը սկսի անոր փնտռտուքը, որ զինք կը մղէ բացայայտելու սրտի աղօթքը, որ  կը կայանայ հաւատքով կրկնելու «Տէր Յիսուս Քրիստոս, Որդի Աստուծոյ, Ողորմէ ինծի մեղաւորիս» ըսաւ ապա Քահանայապետը ընդգծելով որ այդ «Աղօթքը կամաց կամաց կը համակերպի շնչառութեան կշռոյթին ու կ՛երկարի համայն օրուան ընթացքին»։

Աղօթքը  նման է  հինաւուրց տաճարներու մշտական բոցավառ սուրբ կրակին 

«Շնչառութիւնը արդարեւ չի դադրիր երբ մենք կը քնանանք ու աղօթքը կեանքին շունչն է» ըսաւ Սրբազան Պապը մէջբերելով Կաթողիկէ Քրիստոնէականի գիրքէն խօսքեր (2742) ուր գրուած է որ «աղօթքը կը նմանի այն սուրբ կրակին որ հինաւուրց տաճարներուն մէջ կը պահպանուէր ու շարունակական կերպով կը վարեր, եւ զօր քահանաները պարտականութիւնն ունէին միշտ վառ պահելու»։

Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան, գործնական կեանքին ուշադիր հովիւը այսպէս կը քարոզէր «Նոյնիսկ շուկայի մէջ կամ առանձին քալելու ժամանակ կարելի է յաճախակի և ջերմեռանդ աղօթք կատարել»։ Աղօթքը ուրեմն նման է երաժշտութեան տողերուն, որոնց վրայ մենք կը տեղադրենք մեր կեանքին մեղեդին։ Անիկա վայրն է ուր մեր իւրաքանչիւր արարքը իմաստ կը ստանայ, ու կը գտնէ նաեւ անդորրութիւն։

Աստուած մշտապէս կը յիշէ մեզ 

Դիւրին չէ այս սկզբունքները ի գործ դնելը։ Հայր մը ու մայր մը հազար ու մէկ զբաղումներով գուցէ կարօտը զգան այն պահերուն երբ ժամանակ կը գտնէին զայն նուիրելու համար աղօթքին։ Զաւակները, աշխատանքը, ընտանեկան կեանքին հարցերը, տարիքը առած ծնողները....այնպիսի տպաւորութիւն ունինք որ կարելի չէ երբեք բոլոր հարցերուն լուծում գտնելը։ Այդ պահուն լաւ է որ մտածենք թէ Աստուած մեր հայրն է, որ պէտք է մտահոգուի համայն տիեզերքով ու մշտապէս կը յիշէ մեզմէ իւրաքանչիւրը։ Ուստի մենք եւս պէտք ենք յիշել Զինք։

Աղօթքը ամէն բանի շունչն է

Երբ Յիսուս` Ղուկասի Աւետարանին մէջ (10, 38-43) Սրբուհի Մարթային կ՛ըսէ թէ միակն հիմնական բանը Աստուած ունկնդրելն է, Ան չուզեր երբեք թերագնահատել բազմաթիւ ծառայութիւնը որ ան կը կատարէր։ Մարդ էակին մէջ ամէն ինչ «երկուական» է, մեր մարմինը համաչափ է, ունինք երկու բազուկ, երկու աչք, երկու ձեռք... Այսպէս է նաեւ աշխատանքին ու աղօթքին համար, անոնք իրար կ՛ամբողջացնեն։ Աղօթքը որ ամէն բանի շունչն է կը մնայ որպէս աշխատանքի ֆոն, նոյնիսկ այն ժամանակներուն, երբ ան յստակ չէ: Հետեւաբար, կեանքի համար խորթ աղօթքը առողջ աղօթք չէ: Աղօթքը, որ մեզ կեանքի շօշափելիութենէն կը բաժնէ կը դառնայ հոգևորականութիւն կամ ծիսականութիւն:

Տէր Յիսուս Քրիստոս, Որդի Աստուծոյ, Ողորմէ ինծի մեղաւորիս

«Աստուծոյ հետ մնալու նուիրուած ժամանակները կը վերակենդանացնեն հաւատքը, որը մեզ կ՛օգնէ ապրելու գործնականութեան մէջ, իսկ հաւատքը իր կարգին սնունդ կու տայ աղօթքին, առանց ընդհատումներու: Հաւատքի, կեանքի և աղօթքի այս շրջաբերականութեան մէջ վառ կը պահուի քրիստոնէական սիրոյ այն կրակը, որ Աստուած կ՛ ակնկալէ մեզմէ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը աւարտեց հրաւիրելով հաւատացեալները միասնաբար կրկնելու աղօթքը «Տէր Յիսուս Քրիստոս, Որդի Աստուծոյ, Ողորմէ ինծի մեղաւորիս» ապա հաստատեց «Այս աղօթքը յարատեւ կերպով կրկնելը մեզ պիտի օգնէ միանալու համար Յիսուսին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2021, 09:53