Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Պապին 16 յունիսի հրապարակային ունկնդրութիւնը

Երուսաղէմի մէջ ապրած Յիսուսի վերջին ժամերը, Աւետարանին սիրտը կը կազմեն, որովհտեւ մահուան եւ Յարութեան արարքը լոյս կը տարածէ Յիսուսի կեանքի վրայ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 16 յունիս 2021-ին, առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հաւատացեալներու մասնակցութեամբ Վատիկանի Սան Տամազօ շրջափակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը խօսելով աղօթքի մասին։

Ունկնդրէ լուրը

Ունկնդրութեան սկիզբը Սրբազան Հայրը նշեց, որ աղօթքը Յիսուսի կեանքին ամէնէն կարեւոր յատկութիւնն է։ Յիսուս իր առաքելութեան մէջ մխրճուեցաւ աղօթքով , որովհետեւ Հօր հետ երկխօսութիւնը իր գոյութիւնականութեան կարեւորագոյն բաժին է։

Աւետարանիչները կը վկայեն, թէ ինչպէս Յիսուսի աղօթքը ամրապնդուեցաւ մահուան եւ խաչելութեան վերջին ժամերուն։ Երուսաղէմի մէջ ապրած Յիսուսի վերջին ժամերը, Աւետարանին սիրտը կը կազմեն, որովհտեւ մահուան եւ Յարութեան արարքը լոյս սփռեց Յիսուսի կեանքի վրայ։

 Վերջին զատկուան օրերուն Յիսուսը կը գտնենք լիաբար մխրճուած աղօթքի մէջ։ Ան կ՝աղօթէ Գեթսէմանիի պարտէզին մէջ։ Յիսուս Աստուծոյ կը դիմէ կոչելով Ապպա, որ եփրայերէն կը նշանակէ վստահութիւն եւ մտերմութիւն։
Յիսուս կ՝աղօթէ խաչին վրայ, Աստուծոյ լռութեան ներքեւ։ Յիսուս խաչին վրայ կատարեալ բարեխօս կը հանդիսանայ, կ՝աղօթէ ուրիշներուն, բոլորիս համար, նաեւ զինք դատապարտողներու համար։

Խաչին վրայ կը կատարուի Հօր պարգեւը, որ իր Որդոյն սէրը կը նուիրէ իբրեւ մեր փրկութեան գինը։
Յիսուս կ՝աղօթէ խաչելութեան եւ մահուան ժամերուն։ Յարութեամբ Հայրը կը պատասխանէ Անորի աղօթքին։ Յիսուս կ՝աղօթէ երբեք չհրաժարելով Աստուծոյ վստահութենէն։

Խաչելութեան, տառապանքի վերջին դժուար ժամերուն, Յիսուս կը հասնի իր ուղեւորութեան վերջին հատուածը, անոր աղօթքը աւելի ջերմ կը դառնայ ինչպէս նաեւ մեզի հանդէպ իր բարեխօսութիւնը։

Վերնայարկի պատկերը կ՝ընդլայնուի՝ ողջագուրելու համար ամբողջ աշխարհը ու Յիսուսի նայուածքը չկեդրոնանար միայն առաքեալներուն վրայ, այլեւ կը սեւեռի բոլորիս վրայ, ըսելով «Աղօթեցի քեզի համար, վերջին ընթրիքի պահուն եւ խաչին փայտին վրայ։ Նաեւ մեր տառապանքներուն ամենէն ցաւալի պահուն ,երբեք մինակ չենք։ Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով որ աղօթքի մասին ընդհանուր հրապարակային ունկնդրութիւններուն ամենէն կարեւոր կէտը կը կեդրոնայ հետեւեալ կէտին մէջ , շնորհքը՝ որ մենք ոչ միայն կ՝աղօթենք, այլ մեզի համար Յիսուս աղօթած է, արդեն ընդունուած ենք Յիսուսի՝ Հօր Հետ երկխօսութեան մէջ, Սուրբ Հոգիին հաղորդութեան մէջ։

Յիսուս Քրիստոսի մէջ ընկալուեցանք, նաեւ խաչելութեան, մահուան եւ յարութեան ընթացքին ամէն ինչ մեզի համար նուիրուեցաւ։ Արդարեւ, աղօթքով, եւ կեանքով մեզի չմնար եթէ ոչ ըսել, Փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյն այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեան, յաւիտենից։ 
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2021, 10:30