Յիսուս հեզ ու խոնարհ սրտով, Յիսուս հեզ ու խոնարհ սրտով, 

Տօն Սուրբ Սրտին Յիսուսի. Քահանաներու Սրբացման աղօթքի համաշխարհային օր։

Յիսուս հեզ ու խոնարհ սրտով, մեր սիրտերը փոխակերպէ ու մեզի սորվեցնէ սիրել Աստուած եւ մերձաւորը վեհանձնութեամբ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կաթողիկէ Եկեղեցին Յունիս ամիսը նուիրած է Յիսուսի Սուրբ Սրտի պաշտամունքին որուն առթիւ կը կատարուին ջերմեռանդական աղօթքներ նուիրուած մեր Տիրոջ ու Փրկիչ ողորմած եւ սիրով լեցուն Սուրբ Սրտին:

Յունիս ամսուայ ընթացքին կը յիշատակուի նաեւ Յիսուսի Սուրբ Մարմնոյ եւ Արեան տօնը որուն կը յաջորդէ Յիսուսի Սուրբ Սրտին տօնը, որուն կը զուգադիպի նաեւ Քահանաներու Սրբացման աղօթքի համաշխարհային օրը, որ հաստատուած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կողմէ 1995 թուականին։

Օրը նպատակ ունի Քահանաներուն յիշեցնելու որ «մարդիկը կը փափաքին քահանային մէջ տեսել Քրիստոսին դիմագիծը», անիկա առիթ է նաեւ միասին խորհրդածելու՝ քահանայական կոչումի պարգեւի մասին, Քահանան որ այլ ոմն Քրիստոս է, որուն յանձնուած է Աստուծոյ Ժողովուրդի հովութիւնը ու անոր դէպի երկինք առաջնորդելու պարտականութիւնը։

Յիսուսի Սուրբ Սրտի տօնին առթիւ՝ ուրբաթ 11 Յունիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց հետեւեալ թուիթը։

«Իւրաքանչիւր անձ կը հրաւիրեմ վստահութեամբ նայելու Յիսուսի Սուրբ Սրտին ու յաճախ կրկնելու, մասնաւորապէս Յունիս ամսուայ ընթացքին. Յիսուս հեզ ու խոնարհ սրտով, մեր սիրտերը փոխակերպէ ու մեզի սորվեցուր սիրել Աստուած եւ մերձաւորը վեհանձնութեամբ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2021, 13:30