Աղքատութիւն, մարդասիրական օգնութիւն Աղքատութիւն, մարդասիրական օգնութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Աւետարանին սիրտը աղքատներն են։»

«Աւետարանին սիրտը աղքատներն են, սրտանց խորին շնորհակալութիւն Ֆրանչիսկոս Պապի պատկերասփռուած պատգամը Արժանթինի մէջ բարեսիրական կազմակերպութեան անդամներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 24 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը յեղց Արժանթինի Մար Տէ Փլաթա թեմի պատկան Noche de Caridad e dell’Hogar de Nazareth բարեսիրական կազմակերպութեան անդամներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունեց Արժանթինի Mar del Plata թեմի Noche de Caridad e dell’Hogar de Nazareth կազմակերպութեան ծառաները, տնանկ թափառական մարդոց ծառայելուն, անոնց խնամք տանելուն համար։

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպութեան անդամներուն կատարած գործերուն համար, նամանաւանդ կազմակերպութեան կողմէ վարձուած երկու պանդոկներու համար, ցուրտէն ու քամիէն աղքատները հիւրասիրելուն համար։

«Շնորհակալութիւն բոլորին, աշխարականներուն, եկեղեցւոյ բարերարներուն՝ աղքատ եղբայրներուն՝ ցուցաբերած ուշադրութեան համար։

«Աւետարանին սիրտը աղքատներն են, սրտանց խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր կատարած աշխատանքներուն համար։» Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2021, 12:30