Աշխատաւոր Աշխատաւոր 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը, աշխատանքի միջազգային 109-րդ համագումարին առիթով։

Ընկերութիւն մը չկրնար յառաջդիմել՝ ուրիշները ընկերութեան եզրին ձգելով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց, աշխատանքի միջազգային 109-րդ համագումարին առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Պետութիւններուն, աշխատանքի կապուած միջազգային հաստատութիւններուն ներկայացուցիչներուն յղած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը նկատել տալով, որ սոյն համաժողովը տեղի կ՝ունենայ մարտահրաւէրներով լի ժամանակամիջոցի մը մէջ յորդորեց շարունակել գործել եւ խնամք տանիլ հասարակաց բարիքի համար։

Լուծումներ գտնել կառուցելու համար աշխատանքի նոր ապագայ

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ 2020 տարուան ընթացքին գործազրկութեան դժուարութիւններուն, նկատել տալով որ տնտեսական պատշաճ պայմաններու վերադառնալու համար անհրաժեշտ է խուսափիլ շահոյթին համոզումէն, այլ գտնել լուծումներ կառուցելու համար աշխատանքի նոր ապագայ՝ հիմնուած արժանավայել աշխատանքի պայմաններու վրայ, որ կը զարգացնէ ընդհանուր բարիքը,

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ գաղթական եւ խոցելի անձերուն աշխատնքի դժուարութիւններուն, որոնց զուրկ են առողջապահական ազգային խնամքի ծառայութենէն։ ։ Ակնարկեց Քովիտ 19 պայքարին դէմ, ընկերային պայմաններու պակասին, որ աղքատութեան, գործազրկութեան աճումի պատճառ դարձան, ընդծելով որ եկեղեցւոյ հիմնական առաքելութիւնը է կոչ ընել գործելու պետութիւններուն, կազմակերպիչներուն, քաղաքացիական ընկերութիւններու միասնաբար աշխատելու, ծառայելու՝ հասարակաց բարիքի համար

«Ոչ մէկը պէտք է զրկուի հասարակաց բարքի երկխօսութենէ, որուն նպատակն է կառուցել եւ գօտեպնդել խաղաղութիւնն ու վստահութիւնը բոլորին միջեւ։

Պայքարիլ անձնասիրութեան ժահրին դէմ։

Եկեղեցւոյ երկրորդ եւ էական առաքելութիւն է երաշխաւորել, որ բոլորը ունենան պաշտպանութիւն ՝ իրենց խոցելիութեան համաձայն նկատի առնելով հիւանդութիւնը, հաշմանդամութիւնը։

Յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել դժուարութեան մէջ գտնուողներուն, անոնց որոնք թիրախ են անձնասիրութեան ժահրին։ Ընկերութիւն մը չկրնար յառաջդիմել՝ ուրիշները ընկերութեան եզրին ձգելով։

Հասած է ժամանակը ջնջելու բոլոր անհաւաստութիւնները, խնամելու անդադարութիւնը որ կը սպառնայ մարդկային համայն ընտանիքին։

Կազմել ընկերութիւն մը թիկունք կանգնելով մերձաւորին։

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց համագումարին ներկաներէն որ միշտ խրախուսեն ու կազմեն ընկերութիւն մը ուր մերձաւորը թշուառութեան ենթակայ չէ։ Տառապող անձին նեցուկ գտնուիլը եղբայրսիրութիւն է։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ գործատէրերուն կոչումը կը կայանայ բոլորին ծառայութեան հարստութիւն արտադրելու մէջ։

Աշխատանքի կապուած կազմակերպութիւններէն սենտքաներէն ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց որ պաշտպանեն աշխատանքի քաղաքէն պատնէշներէն ներս ու դուրս գտնուող անձերը։ Ձեր կուչումը կը կայանայ նաեւ պաշտպանելու մէջ անոնց որոնք աշխատանքի եւ ժողովրդավարութեան եւ իրաւունքներէն զուրկ են։

Եկեղեցին կը տրամադրէ իր բոլոր հարստութիւնները, հոգեւորական հարստութիւններէ սկսել մինչեւ ընկերային վարդապետութիւն Համաճարակը մեզի սորվեցուց որ բոլորս կը գտնուինք միեւնոյն նաւակին մէջ եւ լոկ միասին կրնանք դուրս գալ այդ տագնապէն։ ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2021, 11:30