Ֆրանչիսկոս Պապ Եւ կարդինալ Սեմերարօ Ֆրանչիսկոս Պապ Եւ կարդինալ Սեմերարօ 

Մօտիկ ապագային եկեղեցին պիտի ունենայ նոր երանելիներ

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 19 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Մարչելօ Սեմերարոն, որուն արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու սուրբ դատի ժողովի սրբադասումներու հայող հրամանագիրերը։

Ունկնդրէ լուրը

Աստուծոյ ծառայ Ֆիլիփօ Ժենինկեն։ Ան ծնած է 5 յունուար 1642ին, Գերմանիոյ մէջ եւ վախճանած է 8 փետրուար 1704ին։ Հայր Ճովանի Ֆիլիփօ եղած է Յիսուսեան միաբանութեան անդամ քահանայ ։

Սուրբերու դատի ժողովի հրամանագիրերը կը հային, հետեւալ Աստուծոյ ծառաներու ու աղախիններու սրբադասման դատերուն։

Երանելի պիտի հռչակուին Աստուծոյ աղախիններ Փաշալինա Ժան ու անոր ընկերացող 9 կրօնաւորուհիները, որոնք իրենց հաւատքին համար դաժանութեամբ սպաննուեցան Լեհաստանի մէջ 1945ին։

Աստուծոյ ծառայ Սեւերինօ Ֆապրիանիի մարտիրոսական առաքինութիւնները։ Ան եղած է թեմական քահանայ, ու հիմնած է Խուլ եւ համրերուն նախախնամութեան դուստրեր հաստատութիւնը։

Աստուծոյ աղախին Անճէլա Ռոզա Կոտէքա։ Ան ծնած է 13 սեպտեմբեր 1861ին Ռուսիա, եւ մահացած է Լեհաստանի մէջ 13 հոկտեմբեր 1937ին ։

Աստուծոյ աղախին Օրսոլա Տոնադի, որ ծնած էր ԻՏալիոյ մէջ 1849ինն եւ վախճանած է 8 ապրիլ 1935ինն։

Աստուծոյ աղախին Մարիա Սթելլա Տի Ճէզու ու Աստուծոյ ծառայ , Եւրոպպական միութեան հիմնադիր Ռոպերթ Շուման որ եղած է  զօրաւոր հաւատքով քաղաքագէտ մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2021, 12:24