Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եկեղեցին ընդարձակ սրահ մըն է եւ ոչ թէ կատարեալներու փակ շրջանակ մը»։

Ֆրանչիսկոս Պապին Քարոզը Յիսուսի Մարմնի եւ Արեան տօնին առիթով մատուցած սուրբ Պատարագին ընթացքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 6 մայիսին, Յիսուսի Մարմնի եւ Արեան տօնին առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պատարագ մատուցեց Սուրբ Պետրոսի տաճարէն ներս։ Այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին սկիզբը հարց տալով թէ որոնք են մեր կեանքին վայրերը ուր Աստուած կը փափաքինք հիւրընկալել պատասխանեց ներկայացնելով երեք պատկերներ, քաղուած օրուան սուրբ աւետարանի ընթերցումէն (Մարկոս 14,12-16.22-26).

Աստուած հիւրընկալելու համար երեք պատկերներ քաղուած Աւետարանին ընթերցումէն։

Առաջինը պատկերն է ջուրի կուժ կրող այր մարդը, որ անունը յիշուած չէ Աւետարանին մէջ եւ որ առաքեալները առաջնորդեց վերջին ընթրիքի վայրը։ Ջուրի կուժը կը խորհրդանշէ մարդկութիւնը որ ծարաւի է եւ միշտ կը ջուրի աղբիւր կը որոնէ ծարաւը յագեցնելու ու վերածնելու համար։ Բոլորս սիրոյ եւ ուրախութեան ծարաւը ունինք, ծարաւ որ միայն Աստուած կրնայ բաւարարել։  Անհրաժեշտ է ճանչնալ Աստուծոյ ծարաւը, փափաքիլ Անոր ներկայութիւնը ու սէրը,  գիտակցիլ թէ կարող չենք մինակ ապրիլ ու կարիքը ունինք յաւիտենական կեանքի սնունդին ու ջուրին որոնք կը զօրակցին մեր ուղեւորութեան։

Երկրորդ պատկերն է վերնայարկի մեծ սրահը։ հոն է, որ Յիսուս եւ առաքեալները Զատկուան ընթրիքը պիտի կատարեն եւ այդ սրահը կը գտնուի հիւրընկալող անձին տան մէջ։ Մեծ սրահ մը փոքրիկ հացի համար։ Աստուած փոքրիկ կը դառնայ եւ ասոր համար անհրաժեշտ է մեծ սիրտ մը՝ զայն ճանչնալու, պաշտելու եւ ընկալելու համար։ Կարիքը կայ մեծ սրահի։ Անհրաժեշտ է ընդլայնել մեր սիրտը։ Անհրաժեշտ է դուրս գալ մեր ես-ի փոքրիկ դահլիճէն եւ մտնել գեղեցկութեան մեծ վայրին մէջ։ Սուրբ Հաղորդութիւնը կը սնանէ ան, որ յոգնած է եւ անօթի՝ երկար ճամբորդութենէն ետք։ Կատարեալներուն եւ մաքուրներուն եկեղեցին սրահ մըն է ուր տեղ չկայ ոչ մէկուն, բաց դռներով եկեղեցին,մեծ դահլիճ մըն է , ուր արդարներն ու մեղաւորներն կրնան մուտք գործել։

Երրորդ պատկերը Յիսուսն է, որ հացը կը բեկանէ. Սուրբ Հաղորդութեան հիանալի ժեսթն է, մեր հաւատքը խորհրդանշող պատկերը, Տիրոջ հետ հանդիպումի վայրը, որ կը նուիրուի որպէսզի վերածնինք եւ սկսինք նոր կեանք մը։

Տէրը չի խնդրեր զոհողութիւններ, այլ ինքն է որ կը զոհուի։

Յիսուս ոչ մէկը կը բեկանեց այլ ինքզինք բեկանեց։ Տէրն է որ չի խնդրեր զոհողութիւններ այլ ինքն է որ կը զոհուի։

Սուրբ Հաղորդութիւնը ապրելու համար մենք եւս կանչուած ենք ապրելու այդ սէրը։ Չենք կրնար այդ հացը ճաշակել եթէ մեր սիրտը փակ է եղբօր առջեւ։ Չենք կրնար կիսել այդ հացը, եթէ չկիսեսնք տառապանքները անոր որ մեր կարիքը ունի։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը եզրափակեց ըսելով.«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Սուրբ Հաղորդութեան թափօրը մեզի կը յիշցենէ որ կանչուած ենք դուրս գալու Յիսուսը կրելով։ Անհրաժեշտ է ուրախութեամբ Յիսուսը փոխանցել բոլոր անոնց որոնց ամէն օր կը հանդիպինք։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2021, 11:59