Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հռոմի թեմի մնայուն սարկաւագներն ու անոնց ընտանիքները

Սարկաւագները նուիրուած են Աստուծոյ ժողովուրդին ծառայութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 19 յունիսին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հռոմի թեմի սարկաւագները ու անոնց ընկերացող ընտանեկան պարագաները

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ յղած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով սարկաւագին խորհուրդին ակնարկեց Վատիկանեան Տիեզերական երկրորդ ժողովին սարկաւագութեան վերաբերող առաքելական կարգ սահմանադրութիւններուն

Ակնարկելով La Lumen gentium, առաքելական սահմանադրութեան Սրբազան Հայրը ընդգծեց, սարկաւագութեան ծառայութեան յատկութիւնը։

Սարկաւագները նուիրուած են Աստուծոյ ժողովուրդին ծառայութեան։ Եկեղեցւոյ մէջ բոլորս կանչուած ենք խոնարհելու, որովհետեւ Յիսուս խոնարհեցաւ եւ բոլորին ծառայեց։

«Եթէ եկեղեցւոյ մէջ կայ մեծ բան մը ան ալ Ինք է, որ փոքրացաւ բոլորին ծառայելու համար։» ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով, որ սարկաւագները կը յիշեցնեն Սրբուհի Թերեզայի խօսքը։ Եկեղեցին ունի սէրով այրուած սիրտ մը։ Խոնարհ սիրտ մը ,որ ծառայութիւն կը բաբախէ։ Սարկաւագները այս մէկը կը յիշեցնեն երբ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի նման ուրիշներու կը փոխանցեն Աստուծոյ նեցուկութիւնը, համեստութեամբ ու հեզ ծառայութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա թելադրեց կարգ մը կէտեր։ Առաջին ըլլալ խոնարհ ծառաներ, նկատել տալով որ տխուր երեւոյթ է երբ սարկաւագ մը կը փորձէ աշխարհին կեդրոնը հանդիսանալ։ Խնդրեց որ սարկաւագները երբ բարիքները կը կատարեն թող որ այդ բարիքները գաղտնիք մնան Աստուծոյ եւ իրենց միջեւ, որպէսզի պտուղ արտադրեն։

Նորին Սրբութիւնն ապա ամուսնացեալ սարկաւագներէն խնդրեց որ բարի ամուսինները եւ հայրեր ըլլալ։ ամէն ինչ կատարել ուրախութեամբ առանց բողոքելու։ սա վկայութիւն մը է որ աւելի բարձր է քան բազմաթիւ քարոզները։

Ֆրանչիսկոս Պապ ի վերջոյ խնդրեց, որ սարկաւագները դառնան պաշտպաններ։ Օգնեն քրիստոնեաներուն՝ Յիսուսը տեսնելու աղքատներուն մէջ ու տետնել Տէրը անօթի, ծարաւի փոքրիկ եղբայրներու մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2021, 12:30