Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Հաւատքը կը սկսի հաւատալէ, որ Աստուծոյ կարիքը ունինք։»

Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակի 20 յունիսի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Կիրակի 20 Յունիս 2021-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն գլխաւորեց Կիարկնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած աւանդական խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան Աւետարանական հատուածին վրայ (Մարկոս 4, 35-41), ուր Յիսուս կը հանդարտեցնէ ծովին ալիքները ու հովի մեծ մրրիկը։

Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց,
Այսօր աւետարանը կը պատմէ ծովուն մէջ հովի մեծ մրրիկի մասին, որ Յիսուս կը հանդարտեցնէ ծովին ալիքները ու մրրիկը։ (Մարկ 4, 35-41)

Նաւակը որուն մէջ աշակերտները ծովէն կ՝անցնէին, ալիքները նաւակին մէջ ներխուժեցին ու առաքեալները վախցան որ ընկղմին։ Յիսուս անոնց հետն է նաւակին մէջ, բայց բարձի վրայ կը քնանար։ Աշակերտները վախով լեցուած Յիսուսը արթնցուցին ըսելով.«Վարդապպե՛տ հոգդ չէ՞ որ մենք կը կորսուիք ահա»։ ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, շատ անգամ մենք եւս, պարուրուած կեանքի դժուարութիւններով, Տիրոջ կ՝աղաղակենք ըսելով «Ինչո՞ւ լուռ ես եւ բան մը չես կատարեր։

Յատուկէն, երբ կարծենք թէ պիտի ընկղմինք, որովհետեւ սէրն ու ծրագիրն որոնց վրայ դրած էինք մեծ յոյսերը՝ անհետացան, կամ ալ երբ կը գտնուինք անձկութիւններուն խորքին մէջ, կամ երբ կը զգանք, որ մխրճուած ենք մեր փորձութիւններու մէջ, կորսուած ենք կեանքի ծովուն մէջ, առանց կողմնացոյցի ու նաւահանգիստի։

Այս եւ տարբեր կացութիւններու մէջ մենք եւս կը զգանք, որ սուզուած ենք վախի մէջ՝ նման աշակերտներուն, կը վախնանք մեր նայուածքէն կորսնցնել ամենէն կարեւոր բանը։ Նաւակին մէջ նոյնիսկ եթէ քունի մէջ Յիսուս, Ան գոյութիւն ունի կը կիսէ ամէն բան իրեն հետ գտնուողներու հետ։ Անոր քունը եթէ մաս մը մեզ կը հիացնէ, միւս կողմէ փորձութեան կը մատնէ։ Արդարեւ Տէրը կը սպասէ, որ մենք զինք ներգրաւենք ու աղաղենք ՝մեր կեանքի կեդրոնը զետեղելու համար։

Անոր քունը մեզ կը խթանէ արթննալու։ Որովհետեւ Յիսուսին առաքեալները ըլլալու համար, բաւարար չէ հաւատալ, որ Աստուած գոյութիւն ունի, այլ անհրաժեշտ է միանալ ու Աստուծոյ դիմել։

Այսօր կրնանք մենք մեզի հարց տալ, որոնք ենք այն փոթորիկները, որոնք կը փչեն իմ կեանքիս վրայ, որոնք են ալիքները, որ կը խոչընդոտեն մեր նաւարկութիւնը։

Ամէն բան Տիրոջ ըսենք ու պատմենք։ Ան կը փափաքի եւ կ՝ուզէ որ զինք ողջագուրենք՝ կեանքի ալիքներէն փրկուելու համար։
Աւետարանը կը պատմէ, որ առաքեալները Յիսուսին կը մօտենան եւ զինք կ՝արթնցնեն անոր հետ խօսելով ։

Ահա մեր հաւատքին սկիզբը, հասկնալ, որ միայնակ կարող չենք ջուրին երեսը մնալ։ Հաւատքը կը սկսի հաւատալէն, որ մենք մեզի համար բաւարար չենք, որ Աստուծոյ կարիքը ունինք։ Երբ յաղթահարենք մեր մէջ ներփակուելու փորձութիւնը, երբ Աստուծոյ կը դիմենք ան մեր մէջ հրաշքներ պիտի գործէ։ Սա է աղօթքի զօրութիւնը որ հրաշքները կը գործէ։

Յիսուս որուն աշակերտները աղօթեցին, փոթորիկն ու ալիքները հանդարտեցուց։ Անոնց ուղղեց հարցում մը, որ նաեւ մեզի կը հայի «ինչո՞ւ կը վախնաք, Հաւատք չ՝ունի՞ք։ Աշակերտները վախի մէջ էին, որովհետեւ իրենց հայեացքը սեւեռած էին փոթորիկին վրայ, քան Յիսուսին վրայ։ Մեր հետը նաեւ այդպէս կը պատահի, քանի անգամ կը կեդրոնանանք մեր հարցերուն վրայ քան թէ Յիսուսին կը մօտենանք ու Անոր վրայ կը կեդրոնացնենք մեր խնդիրները։ Քանի անգամ Տէրը , մեր կեանքի ծայրը կը ձգենք կամ մեր կեանքի նաւակին խորք կը թողունք, ու զինք կ՝արթնցնենք միայն կարիքի պահուն։

Այսօր, հայցենք հաւատքի շնորհքը, որ չյոգնիր Տէրը փնտռելէ ու Անոր սիրտին դուռը բախելէ։ Սուրբ Կոյս Մարիամը, որ իր կեանքի մէջ երբեք չդադրեցաւ Աստուծոյ վստահելէ, թող մեր մէջ արթնցնէ ամէն օր Աստուծոյ վստահելու կենսական կարիքը։,
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2021, 12:30