Եկեղեցական կանոնագրութիւն Եկեղեցական կանոնագրութիւն  

«Արածեցէք Աստուծոյ հօտը» բարեփոխումներ Եկեղեցւոյ կանոնագրութեան մէջ

Քահանայապետը բարեփոխութիւններ կատարեց եկեղեցւոյ մէջ քրէական պատժամիջոցներուն վերաբերող եկեղեցական օրէնսդրութեան կանոնագրութեան մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Արածեցէք Աստուծոյ հօտը որ յանձնուած է ձեզի, հսկելով անոր վրայ ո՛չ թէ ակամայ` այլ կամովին ըստ Աստուծոյ, ո՛չ ընչաքաղցութեամբ, այլ սրտի եռանդով» (Ա Պետրոս, 5,2)։ Սուրբ Պետրոսի սոյն խօսերով կը սկսի «Հովուեցէք Աստուծոյ հօտը» Առաքելական սահմանադրութիւնը, որով Ֆրանչիսկոս Պապը բարեփոխեց Եկեղեցական Կանոնագրութեան Չորրորդ գիրքը հայող Եկեղեցւոյ մէջ քրէական պատիժներուն։ Բարեփոխումները ի զօրու պիտի դառնան յառաջիկայ 8 դեկտեմբերին։

Ճկուն փրկարար եւ սրբագրող գործիք

«Այս նոր սահմանադրութիւնը աւելի ճկուն, փրկարար եւ սրբագրող գործիք է, որ պէտք է որդեգրել անյապաղ եւ հովուական սիրով, խուսափելու համար ծանր չարիքներէն ու վնասներէն եւ սփոփելու համար մարդկային տկարութենէն յառաջացած վէրքերը» կը գրէ Սրբազան Պապը իր գիրին սկիզբը ակնարկելով օգտագործուած կանոնին մէջ ներմուծուած զանազան փոփոխութիւններուն ու անոր բարեփոխումներուն ու թեխնիգական գետնի վրայ կատարելագործումներուն, յատկապէս հայող քրէական իրաւասութեան։

Եպիսկոպոսներուն պարտականութիւնը 

Քահանայապետը հուսկ կը մատնանշէ թէ Եպիսկոպոսները ունին այս կանոնները յարգել տալու պատասխանատուութիւնը ընդգծելով` թէ «սէրն ու ողորմութիւնը կը պահանջեն որ Հայր մը յանձնառու ըլլայ նաեւ շտկելու այն ինչ որ ծուռ կը դառնայ», սխալ գործողին բարիքին համար, զոհերուն համար ու համայն եկեղեցական հասարակութեան բարիքին համար»։

Սահնանադարութեան ներկայացումը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին  Եկեղեցական Կանոնագրութեան Չորրորդ գիրքին հայող Եկեղեցւոյ մէջ քրէական պատիժներու բարեփոխումներու վերոնշեալ գիրին ներկայացումը՝  մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կատարեցին՝ Օրէնսդրական Գիրգերու Քահանայապետական Խորհուրդին նախագահ Գերապայծառ Ֆիլիփփօ Եաննոնէ եւ  խորհուրդի քարտուղարը Գերապայծառ Խուան Ինիացիօ Արիեթա Օքոա տէ Քինքեթրու, երեքշաբթի մէկ յունիսի առաւօտեան։

Նոր պատժամիջոցներ

«Նոր Սահմանադրութեան մէջ նախատեսուած են նոր պատժամիջոցներ» կը նշէ այս առթիւ  Օրէնսդրական գիրգերու Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը դիտել տալով որ մանուկներու դէմ ոտնձգութիւններու հայող կանոնագրութեան մէջ նորութիւնը այն է թէ այդ ոճիրը այժմ մաս կը կազմէ «կեանքի, արժանապատուութեան ու մարդու ազատութեան դէմ գործուող ոճիրներուն» մինչ առաջ մաս կը կազմէր «կղերականներու յատուկ պարտականութիւններու  դէմ ոճիրներու» կանոնին։  Գերապայծառ Եաննոնէ է ակնարկեց նաեւ այլ նորութիւններուն մինչ Գերապայծառ Խուան Ինիացիօ Արիեթա՝ վերոնշեալ Քահանայապետական Խորհուրդին քարտուղարը նշեց թէ նոր կանոնագրութիւնը աւելի  մեծ ճշգրտութեամբ կը սահմանէ եկեղեցական իշխանութիւններուն, Եպիսկոպոսներուն, մեծաւորներուն վարուելակերպը երբ անոնք պիտի ընտրեն պատժամիջոցները։

Ուշադրութիւն հաւատացեալներու հասարակութեան

Գերապայծառ Արիեթա հաստատեց ապա թէ  այսպիսով նկատի առնուեցաւ քրէական օրէնսդրութեան կարեւորութիւնը նաեւ ուշադրութիւն յատկացնելով հաւատացեալներու հասարակութեան  ու իշխանութիւններուն տրամադրելով պատշաճ միջոցները, որպէսզի ճիշտ ժամանակին կարողանան միջամտել կանխարգիլելու համար յանցագործութիւնը, փոխելով վարուելակերպը  ու խուսափելու այն վնասներէն որոնց մասին կը խօսի Քահանայապետը առաքելական սահմանադրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2021, 11:30