Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլինը Պապական Պատուիրակ Սրբուհի Օթիլիայի մահուան 1300 ամեակի տօնակատարութիւններուն առթիւ

Կարդինալ Փարոլինի սոյն առաքելութեան պիտի ընկերանան Սթրազպուրկի Աւագ Թեմին ընդհանուր փոխանորդ Գերյարգելի Հիւպերթ Շմիտը եւ «Mont Sainte Odile» սրբավայրի մեծաւորը` Հայր Քրիսթոֆ Շվալպախը։

Վատիկան Նիուզ

Շաբաթ 26 յունիս 2021-ին հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հրամանագիրը որով Ան Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը նշանակեց իր յատուկ պատուիրակը յառաջիկայ 4 Յուլիսի 2021-ին Սթրազպուրկի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորելու համար Ալսացիայի պաշտպան սուրբ Սրբուհի Օթթիլիյաի մահուան 1300 ամեակին առթիւ մատուցուած Սուրբ Պատարագը։ Կարդինալ Փարոլինի սոյն առաքելութեան պիտի ընկերանան Սթրազպուրկի Աւագ Թեմին ընդհանուր փոխանորդ Գերյարգելի Հիւպերթ Շմիտը եւ «Mont Sainte Odile» սրբավայրի մեծաւորը` Հայր Քրիսթոֆ Շվալպախը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2021, 12:04