''Մանկական աշխատանքի շահագործումի դէմ համաշխարհային օր'' ''Մանկական աշխատանքի շահագործումի դէմ համաշխարհային օր'' 

''Մանկական աշխատանքի շահագործումի դէմ համաշխարհային օր''

«Մանուկները մարդկային ընտանիքին ապագան են, մեզի կ՛իյնայ պարտականութիւնը խթանելու անոնց աճումը, առողջութիւնն ու անդորրութիւնը»
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

12 յունիսը հաստատուած է որպէս ''Մանկական աշխատանքի շահագործումի դէմ համաշխարհային օր''

Մանկական աշխատանքի դէմ պայքարի այս համաշխարհային օրը սահմանուած է Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան կողմէ 1997 թուականին, Ամսթըրտամի եւ Օզլոյի մէջ կայացած մանկական աշխատանքի վատագոյն եղանակներու դէմ պայքարի հարցերով համաժողովէն ետք։

ՄԱԿ-ի տուեալներու համաձայն` աշխարհին մէջ երեխաները ամենաշատը շահագործուած են Չինաստանի ու Հնդկաստանի մէջ, իսկ անչափահասներու զինուորագրման և ահաբեկչական գործողութիւններուն մէջ ներգրաւման գործին մէջ առաջատար երկիրներու ցուցակը կը գլխաւորէ Աֆղանիստանը:

ՄԱԿ-ը կը սահմանէ, որ երեխաներու գործունութիւնը պէտք է սահմանափակուի միայն անոնց կրթական և ընդհանուր զարգացումի գործընթացներուն մասնակցութեամբ:

'Մանկական աշխատանքի շահագործումի դէմ համաշխարհային օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հաստատեց թէ «Մանուկները մարդկային ընտանիքին ապագան են» ու թէ մեզի կ՛իյնայ պարտականութիւնը խթանելու անոնց աճումը, առողջութիւնն ու անդորրութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2021, 11:30