Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Երկրի վրայ խաղաղութիւն. Եղբայրութիւնը կարելի է» Քահանայապետի ճառերու նոր հաւաքածոյ։

Պատերազմը ստրկութեան նման կարելի է վերացնել։ Պէտք չէ երբեք հրաժարինք առանց պատերազմի աշխարհի մը երազէն։ Թող որ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները կարողանան վայելել խաղաղութեան ուրախութիւնը:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր 28 Յունիսին ի լոյս ընծայուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին խաղաղութեան հայող խօսքերուն ու ճառերուն «Երկրի վրայ խաղաղութիւն. Եղբայրութիւնը կարելի է» խորագիրով նոր հաւաքածոյ մը, հրապարակուած Վատիկանի Հրատարակչատան կողմէ, որուն նախաբանը կը կրէ Ղպտի Օրթոտոքս եկեղեցւոյ Թավատրոս պատրիարքին ստորագրութիւնը։

«Քսաներորդ դարու սարսափները, երկու համաշխարհային պատերազմները, Shoah-ն, ցեղասպանութիւնները և քսանմէկերորդ դարու առաջին երկու տասնամեակներու ահաբեկչութիւնները, կոտորածները, ատելութեան քարոզարշաւը, կարծես ոչ մէկ բանի ծառայեցին, հաշուի առնելով, որ խաղաղութիւնը տակաւին «ոտնահարուած եւ արհամարհուած է»: Մինչդեռ, միւս կողմէ, «վտանգաւոր կերպով կը վերագնահատուի պատերազմը». Չարիք մը, որուն համար քաղաքական առաջնորդները պատասխան պիտի տան Աստուծոյ և ժողովուրդներուն առջև»: Մեծ է արդարեւ ցաւը որ Ֆրանչիսկոս Պապը կ՜արտայայտէ «Խաղաղութիւն երկրի վրայ» հատորի էջերուն մէջ, որուն ենթատիտղոսն է «Եղբայրութիւնը կարելի է»։

Միլիոնաւոր մարդիկ կը ձգտին խաղաղութեան որ ոտնահարուած է

Հատորին մէջ Սրբազան Պապին խորհրդածութեան մեկնակէտը մերօրեայ իրականութիւնն է, ուր միլիոնաւոր մարդիկ կը ձգտին խաղաղութեան, սակայն թիրախ են պատերազմին, ստիպուած են թողուլ իրենց բնակարանները ու ենթարկուած են բռնութիւններու»։

«Խաղաղութեան այդ արդար ձգտումը ոտնահարուած ու անտեսուած է» դիտել կու տայ Սրբազան Պապը, որ ապա կ՛ընդգծէ թէ մարդկութիւնը շուտով կը մոռնայ պատմութեան դասերը ու թէ այս մէկը մեզ անպաշտպան կը դարձնէ ատելութեան տրամաբանութեան դիմաց ու կը խեղդէ խաղաղութեան ձգտումի անկեղծ երազանքը, մեզ մղելով կրկնել անցեալի սխալները»։

Այսօր վերագնահատուած է պատերազմը

Ֆրանչիսկոս Պապ կը հաստատէ թէ այսօր վերագնահատուած է պատերազմը ու շատ դիւրութեամբ անձինք կը դիմեն անոր եւ ասկէ մեկնելով հարց կու տայ. եթէ բոլորս գիտակից ենք թէ որքան տառապանք կը յառաջացնէ պատերազմը։ Եթէ գիտենք թէ ի՞նչ վտանգաւոր հետեւանքներ ունի ան մարդկութեան վրայ։ Եթէ կը փորձենք տեսակէտով մը զայն դադրեցնել կամ կանխարգիլել ու կամ անտարբեր ենք որովհետեւ այդ պատերազմը մեզի մօտէն չի դպչիր։

Քաղաքական պատասխանատուները  պատասխան պիտի տան Աստուծոյ եւ ժողովուրդներուն առջեւ

«Հարցումներ են, որոնք պէտք է մտահոգեն քաղաքական պատասխանատուները, որոնք պատասխան պիտի տան Աստուծոյ եւ ժողովուրդներուն առջեւ» կը գրէ Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ «մաս մաս կատարուած երրորդ համաշխարհային պատերազմին» եւ զգուշացնելով «անտարբերութեան» զգացումէն ու դիտել տալով որ գաղթականները այդ պատերազմներու վկաներն են, անոնք դժբախտ դեսպաններն են խաղաղութեան անլսելի դարձող պահանջին, որոնք մեզի իրազեկ կը դարձնեն թէ որքանով պատերազմը տմարդկային է։

Ճնշում բանեցնել միջազգային ընտանիքին վրայ

Այս ուղղութեամբ Սրբազան Պապը կոչ կ՛ուղղէ մտիկ ընելու անոնց աղաղակին, դաս քաղելու անոնց կեանքի ցաւէն, չմնալու անտարբեր, ու փորձել գործել ի նպաստ խաղաղութեան, ճնշում բանեցնելով երկրի ղեկավարներուն վրայ, որպէսզի անոնք իրենց կարգին այդ ճնշումը կիրառեն միջազգային ընտանիքին վրայ։

«Անտարբերութիւնը մեղսակից է պատերազմին» կը շեշտէ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով` թէ ինչպէս զէնքերու արտադատութիւնը չէ դադրած ու թէ այդ գումարներով կարելի է կերակուր հայթայթել չքաւորներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ կոչ կ՛ուղղէ «Բաւ է գործել սուրով, զէնքերով, բռնութեամբ եւ պատերազմներով։ Դադրեցնենք զինավաճառը։ Այսօր աւելի քան երբեք կարիքը ունինք բոլոր կրօններու համագործակցութեան եւ աղօթքին։

Պատերազմը ստրկութեան նման կարելի է վերացնել։ Պէտք չէ երբեք հրաժարինք առանց պատերազմի աշխարհի մը երազէն։

“«Թող որ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները կարողանան վայելել խաղաղութեան ուրախութիւնը» կը մաղթէ Քահանայապետը։”

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2021, 10:46