Ֆրանչիսկոս Պապին ժառանգութիւնը Իրաքի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին ժառանգութիւնը Իրաքի մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ժառանգութիւնը Իրաքի մէջ. Յարգել տարբերութիւնները ու կառուցել եղբայրներու ապագայ մը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Իրաք կատարած առաքելական այցելութենէն երկու ամիսներ ետք, քաղաքական անձնաւորութիւններ ու կրօնական ղեկավարներ միասնաբար խորհրդածեցին Նորին Սրբութեան այցին իմաստի ու անոր արտադրած պտուղներու մասին ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու եւ իսլամներու միջեւ համագործակցութեան մասին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Բոլորս ալ եղբայրներ ենք հակառակ բոլոր տարբերութիւններուն, պէտք է յարգենք զանազանութիւնները ու միանանք` կառուցելու համար աւելի լաւ ընկերութիւն մը»։ Սրբազան Քահանայապետին սոյն պատգամը անոր 5էն 8 մարտ 2021-ին Իրաք կատարած առաքելական ճամբորդութենէն երկու ամիսներ ետք տակաւին զօրեղ կերպով կը հնչէ Իրաքի մէջ։

Նորին Սրբութեան Իրաք կատարած առաքելական այցելութենէն երկու ամիսներ ետք, քաղաքական անձնաւորութիւններ ու կրօնական ղեկավարներ միասնաբար Խորհրդածեցին Նորին Սրբութեան այցին իմաստի ու այդ այցի պտուղներու մասին ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու եւ իսլամներու միջեւ համագործակցութեան մասին։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատմական այցը Իրաք

Հաւաքը որ կազմակերպուեցաւ «Մարդկային եղբայրութեան Բարձրագոյն Կոմիտէի կողմէ» տեղի ունեցաւ առցանց, որպէս բնաբան ունենալով “A Moment of Human Fraternity: The impact of Pope Francis’ historic Iraq visit»։

Մասնակիցներուն շարքին էին Քաղդէացիներու Պատրիարք Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոն եւ միջ կրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը` Կարդինալ Միկել Անկել Աեուզօ Կիսոն, ինչպէս նաեւ Իրաքի մշակոյթի նախարար Հասսան Նատհէմ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու երիտասարդութեան եւ մշակոյթի նախարար Լուրա Ալ Քաապի, Եունեսքոյի ընդհանուր փոխ քարտուղար Էրնեսթօ Օթթոնէ Ռամիրես, Պաղտատի Ապու Հանիֆա Մզկիթի Իմամ Շէյխ Ապտել Ուահապ Թահա Ալ Սամերայը, Մարդկային Եղբայրութեան Բարձրագոյն Կոմիտէի քարտուղարը` դատաւոր Մոհամատ Ապտելսալամը եւ ՏոմինԻքեաՆ միաբանութեան Մոսուլի մէջ Եունեսքոյի ծրագիրն ներկայացուցիչ Հայր Օլիվիէ Փոքիիոնը։

Կարդինալ Սաքոյին ելոյթը

«Քահանայապետը հաստատեց, թէ որպէս համակեցութեան հիմք միակ ճանապարհը զէնքերու կառավարումն է,  քալելու համար դէպի խաղաղութիւն, կայունութիւն, ազատութիւն եւ իւրաքանչիւր մարդկային արժանապատուութիւն,» ըսաւ իր ելոյթին մէջ Կարդինալ Ռաֆայէլ Սաքոն, որ ապա խրախուսեց կղերական դասը կրօնները դարձնելու «աղբիւր` իրար փոխադրած յարգանքի, հաշտութեան եւ խաղաղութեան, ըլլայ տարածաշրջանին մէջ, ըլլայ աշխարհին մէջ», մինչ դաստիրակներուն յորդորեց նոր սերունդներուն փոխանցել տարբեր կրօններու հոգեւոր ու բարոյական հիմնական եւ միասնական արժէքները։ Քաղաքական գործիչները եւս ունին կարեւոր դեր մը, այն է «վերանորոգել իրենց յանձնառումը, ծառայելու համար քաղաքացիներուն» նշեց Կարդինալ Սաքոն, որ ելոյթի աւարտին ուզեց շնորհակալութիւն յայտնել Արաբական Էմիրութիւններուն, անոնց կրօնական, մշակութային ու ընկերային հանդուրժողականութեան ուղիով տարած աշխատանքին համար։

Քահանայապետին խօսքերու եւ ժեստերու կարեւորութիւնը 

Կարդինալ Աեուզօ կեդրոնացաւ Քահանայապետին խօսքերուն եւ արարքներուն վրայ ու անոնց թողած հետքերուն վրայ, Նորին Սրբութեան այցելութիւնը որակելով «անկիւնաքար» մը միջ կրօնական երկխօսութեան ուղեւորութեան շրջագիծէն ներս։ Կարդինալ Աեուզօ հուսկ խօսեցաւ Քահանայապետին Ալ Սիսթանի Իմամին տուած առանձնական այցելութեան, որ, ըսաւ Ծիրանաւորը, «սատարեց կառուցելու եղբայրութիւնը, ընդմէջ քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն», մինչ Աբրահամի երկիր Ուր կատարուած հանգրուանը եղաւ առիթ «վերագտնելու համար եղբայրներու միջեւ համակեցութեան պատճառները, կառուցելու համար ընկերային հիւսուածք մը, որ աւելի անդին երթայ ցեղային բաժանումներէն» ըսաւ Քահանայապետական միջ կրօնական երկխօսութեան Խորհուրդի նախագահը։

Մարդկային եղբայրութիւնը ապագայի համար հիմք

Բոլոր մասնակիցները Քահանայապետին վերոնշեալ ճամբորդութիւնը որակեցին «պատմական» ու բոլորն ալ լուսարձակի տակ դրին այդ ճամբորդութեան կարեւորութիւնը` համայն Միջին Արեւելքին համար, ինչպէս նաեւ անորմէ բխած մարդկային եղբայրութեան պատգամը, որուն հիման վրայ հարկաւոր է կառուցել երկրին ապագան, սկսեալ ընկերային հիւսուածքէն, անցնելով ենթակառոյցներէն ու հասնելով մշակութային ասպարէզին, խթանելու համար կայունութիւնը, հաշտութիւնն ու յոյսը ի նպաստ աւելի լաւ աագայի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2021, 10:00