Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «աշխարհին մէջ ամօթալի անհաւասարութիւններ, հիմնել բաց դռներ ունեցող դպրոցներ յատուկէն աղքատներու համար։»

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Լատին Ամերիկիոյ մէջ Յիսուսեան միաբանութեան վարժարաններուն դաշնութեան անդամներուն, հաստատութեան հիմնադրութեան 20-րդ ամեակին առիթով։

ՎազգԷն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 10 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ յղեց Լատին Ամերիկիոյ մէջ Յիսուսեան միաբանութեան վարժարաններուն դաշնութեան անդամներուն, հաստատութեան հիմնադրութեան 20-րդ ամեակին առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունելէ ետք վերոյիշեալ հիմնադրութեան անդամները ընդգծեց Լատին Ամերիկիոյ մէջ Յիսուսեան միաբանութեան դպրոցներուն կարեւորութիւնը նկատել տալով, որ անոնք պէտք են միշտ ունենալ բաց դռներ՝ յատուկէն աղքատներուն համար, վէրքերը ամոքելու եւ ժամանակուան նշանները կարդալու համար։

Պատկերասփռուած պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց, որ դպրոցները դառնան խիղճի հաստատութիւններ, ունենան բաց դռներ, հետեւին Յիսուսի օրինակին, որ մեզի կ՝ուսուցանէ յարաբերիլ ուրիշներուն եւ արարչագործութեան հետ։ «Հանդիպիլ փոքրիկներուն, աղքատներուն, լքուածներուն հետ«, յորդորեց ֆրանչիսկոսՊապ, մաղթելով որ վարժարանները կազմաւորեն առաքելութեան համոզուած սիրտեր, այն վստահութեամբ, որ կեանքը կ՝աճի այն չափով որ կեանք կը շնորհենք ուրիշներուն։։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց մաղթելով Յիսուսեան միաբանութեան դպրոցներու դաշնութեան շարունակել աշխատիլ երկար տարիներ զարգացնելով արդարութիւնն ու հաւատքը։

Յայտնենք, թէ յիշեալ դաշնութիւնը տարածաշրջանային կրթական ցանց մըն է, որ կը պատկանի Լատին Ամերիկայի Յիսուսեան միաբանութեան համահաւաք դասերուն եւ կը պարունակէ 19 երկիրներէ 92 հաստատութիւններ։ Դաշնութեան մաս կազմող դպրոցներուն աշակերտներուն թիւը կը հաշուէ 135 հազար, իսկ 11 հազար ուսուցիչներ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2021, 08:40