Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Իտալիոյ մէջ մտային առողջութեան ազգային համաժողովին մասնակիցներուն

Խնամք տանիլ մերձաւորին, ոչ միայն որակական աշխատանք է, այլ իսկական առաքելութիւն ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 25 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը յղեց Իտալիոյ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած մտային առողջութեան ազգայիմ համաժողովին մասնակիցներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը իր եւ եկեղեցւոյ բարձր գնահատանքը յայտնեց մտային առողջապահութեան զբաղող բժիշկներուն, առողջապահական գործիչներուն նկատել տալով անոնց աշխատանքը մեծ բարիք է անձերու եւ ընկերութիւններու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մաղթեց որ հիւանդներու ի սպաս առողջապահական համակարգերու հզօրացման զուգահեռ չպակասին նաեւ , հիւանդներու կողքի կանգնող ընկերակցութիւններուն եւ կամաւորներուն զարգացումը, հաստատելով թէ խնամք տանիլ մերձաւորին, ոչ միայն որակական աշխատանք է, այլ իսկական առաքելութիւն է ,որ լիովին կ՝իրականացուի երբ գիտական խղճմտանքը կը հանդիպի մարդկայնութեան լիացումին եւ կը թարգմանուի քնքշութեան մէջ որ գիտէ մօտենալ եւ խնամել ուրիշներու սիրտերը

Անդրադառնալով համաճարակի դժուարութիւններուն ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ Համաճարակը առողջապահական գործիչները դրաւ հսկայական մարտահրաւէրներու դիմաց ՝ ցոյց տալով բոլորին առողջութեան պահպանման համապատասխան բանաձևեր ունենալու անհրաժեշտութիւնը ՝ ոչ մէկին հեռու չթողելու և ներառական և մասնակցային ձևով հոգալու համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ իր անկեղծ մաղթանքները յայտնեց բարի համագումարին համար ապահովուելով իր աղօթքը հիւանդներուն, ընտանիքներուն, կամաւորներուն եւ շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2021, 12:29