Ֆրանչիսկոս Պապը եւ գերապայծառ Եուրքովիչ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ գերապայծառ Եուրքովիչ 

Գերապայծառ Իվան Եուրքովիչը Քանատայի մէջ առաքելական նուիրակ։

69 ամեայ Սլովենիացի դիւանագէտը, Քահանայ ձեռնադրուած է 29 Յունիս 1977-ին։ 1984-ին մաս կը կազմէ Վատիկանի դիւանագիտական մարմին, ստանձնելով զանազան պաշտօններ ու շարունակելով նաեւ իր համալսարանական ուսուցիչի գործունէութիւնը։

Վատիկան Նիուզ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շաբաթ 5 յունիսին Գերապայծառ Իվան Եուրքովիչը նշանակուեց Քանատայի մօտ առաքելական նուիրակ։ Ան մինչեւ օրս կը վարէր ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտի պաշտօնը։

69 ամեայ Սլովենիացի դիւանագէտը, Քահանայ ձեռնադրուած է 29 Յունիս 1977-ին։ 1984-ին մաս կը կազմէ Վատիկանի դիւանագիտական մարմին, ստանձնելով զանազան պաշտօններ ու շարունակելով նաեւ իր համալսարանական ուսուցիչի գործունէութիւնը։

2001-ի Յուլիսի 28-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ զինք կ՛անուանէ Պիելոռուսիոյ մօտ առաքելական նուիրակ եւ նոյն տարուայ վեց հոկտեմբերին Ան Լուպիանայի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կը ստանայ եպիսկոպոսական օծումը ձեռամբ Կարդինալ Անճելօ Սոտանոյի։

2004ին որպէս նուիրակ կը փոխադրուի Ուքրանիա հուսկ 7 տարիներ ետք 2011-ի փետրուարի 19-ին կը նշանակուի Ռուսիոյ մէջ առաքելական նուիրակ։ 13 փետրուար 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անոր կը յանձնէ ՄԱԿ-ի ժընեւի գրասենեակի մօտ մնայուն դէտի պաշտօնը եւ ահա այժմ զինք անուանեց Քանատայի մէջ Պապական նուիրակ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2021, 13:30