Ամերիկայի եւ Մեքիսքոյի միջեւ սահմանը Ամերիկայի եւ Մեքիսքոյի միջեւ սահմանը 

Ֆրանչիսկոս Պապ կեդրոնական Ամերիկային. «Մարդկային արժանապատուութիւնը թող իւրաքանչիւր քաղաքականութեան հիմքը ըլլայ։»

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ նկատել տուաւ որ ժամանակից առողջապահական, տնտեսական, ընկերային ճգնաժամը, որ համայն աշխարհը տագնապի մատնեց, բոլորս կը յիշեցնէ թէ մարդ էակը փոշիի նման է , փոշի որ թանկարժէք է Աստուծոյ աչքերու առջեւ,

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 10 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը յղեց կեդրոնական Ամերիկային համալրման համակարգի 30-րդ տարուան առիթով կազմակերպուած զօրակցական ձեռնարկի մասնակիցներուն,

Ունկնդրէ լուրը

Կազմակերպութիւնը Կեդրոնական ամերիկայի պետութիւններուն ,քաղաքական, մշակութային, տնտեսական կազմակերպութիւն մըն է ,հիմնուած 1993ին, որուն 2012 թուականէն իբրեւ դէտ կը մասնակից է սուրբ Աթոռը։

Պատգամին մէջ սրբազան Հայը կը նշէ որ «Սուրբ Աթոռը, վերահաստատելով իր սեփական սահմանները՝ կառավարելու բացառիկ իրաւունքը, կը մաղթէ որ տարածաշրջանային յանձնառութիւնը՝ ընդհանուր, հիմնաւոր և համակարգուած ուղղուած ըլլան անձը ու անոր արժանապատւութիւնը դնելու իւրաքանչիւր քաղաքական պարտականութեան հիմքը։:

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ նկատել տուաւ որ ժամանակից առողջապահական, տնտեսական, ընկերային ճգնաժամը, որ համայն աշխարհը տագնապի մատնեց, բոլորս կը յիշեցնէ թէ մարդ էակը փոշիի նման է , փոշի որ թանկարժէք է Աստուծոյ աչքերու առջեւ, որ ստեղծեց մարդկային ընտանիքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ անդրադարձաւ կեդրոնական Ամերիկան յուզող ընկերային պայմաններուն՝ անարդար տնտեսական համակարգի պատճառաւ, որոնք միացած կլիմային փոփոխութեան հարցերուն պատճառեցին մարդկային տեղահանում։

Ան ապա հրաւիրեց ամէն ջանք թափել զարգացնելու ընդհանուր բարիքը բազմակողմանի համագործակցութիւն միջոցաւ նշելով որ

Եկեղեցին կ՝ընթանայ կեդրոնական Ամերիկային ժողովուրդներու կողքին, որոնք քաջութեամբ դիմագրաւեցին ճգնաժամերը,յորդորելով յառաջ երթալ զօրակցութեամբ փոխադարձ վստահութեամբ յոյսով ու քաջութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2021, 14:39