Իտալական Քարիթասի 50 ամեակին առթիւ Քահանայապետական ունկնդրութիւն

“Like” երը բաւարար չեն ապրելու համար, կարիքը կայ եղբայրութեան եւ իսկական ուրախութեան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

1971-ին Պօղոս Զ օրով ծնունդ առած Իտալական Քարիթասը այս տարի կը բոլորէ իր գործունէութեան յիսուն ամեակը որուն առիթով Սրբազան Պապը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական Քարիթասի հազարէ աւելի անդամներուն։

Ունկնդրութեան սկիզբը Սրբազան Պապին շնորհակալական խօսք ուղղեցին Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթի եւ Իտալական Քարիթասի նախագահ գերապայծառ Ռէտայելլի, որոնցմէ ետք Սրբազան Պապը ողջոյնի խօսք ուղղելով բոլոր ներկաներուն նշեց, թէ անոնք «կենդանի մաս են Եկեղեցւոյ», ակնարկելով թէ ինչպէս Պօղոս Զ Պապը քաջալերած էր Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը, որպէսզի ստեղծէ «հովուական կառոյց մը խթանելու համար բարեսիրութեան վկայութիւնը» եւ ասկէ մեկնելով Ֆրանչիսկոս Պապը վերահաստատեց անոնց առաքելութիւնը մասնաւորապէս յեղաշրջումներու ենթակայ այս դարաշրջանին մէջ, ուր «բազմաթիւ են նաեւ դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները» եւ ուր «միշտ աւելիով կը բազմանան աղքատներուն դիմագիծերը»։

50 ամեակը հանգրուան  է նորոգելու համար սլացք ու յանձնառում

Ֆրանչիսկոս Պապը նշեց ապա թէ 50 ամեակը հանգրուան մըն է գոհաբանելու համար Տէրը այս ճանապարհորդութեան համար եւ նորոգելու համար սլացքն ու յանձնառում։ Այս ուղղութեամբ Քահանայապետը ներկաներուն առաջարկեց երեք ուղիներ որոնցմէ առաջինը, ըսաւ Ան «վերջիններուն ուղին» է։

Վերջիններուն ուղին

Պէտք է մեկնիլ անոնցմէ, ամենադիւրաբեկ ու անպաշտպաններէն։ «Բարեսիրութիւնը ողորմութիւնն է` որ կը փնտռէ ամենատկարները, որ մեզ կը մղէ մինչեւ ամենադժուար սահմանները, ստրկութիւններէն ազատելու համար մարդիկը ու զանոնք դարձնելու իրենց կեանքին դերակատարները» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով այս ուղղութեամբ Քարիթասի ուղեւորութեան եւ ընտրանքներուն ու յանձնարարելով մեր ժամանակներու վերջիններու աչքերով դիտել իրականութիւնը։

«Պատմութիւնը չի դիտուիր յաղթողի տեսանկիւնէն, որ զայն կը ներկայացնէ գեղեցիկ եւ կատարեալ, այլ աղքատներու տեսանկիւնէն, որովհետեւ անիկայ Յիսուսին տեսանկիւնն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը Հաստատելով, որ «աղքատներն են անոնք որոնք իրենց մատը կը դնեն մեր հակասութիւններու վէրքերուն մէջ ու կը հարցաքննեն մեր խիղճը մեզ հրաւիրելով փոփոխութեան»։

Աւետարանի ուղին

Որպէս երկրորդ ուղի Սրբազան Պապը առաջարկեց Աւետարանի ուղին այս ուղղութեամբ ընդգծելով Աւետարանի Հոգիով ապրելու կարեւորութիւնը։ Խոնարհ սիրոյ ապրելակերպ։ Ձրի սիրոյ ապրելակերպ։ Տրամադրութեան եւ ծառայութեան ապրելակերպ, նման Յիսուսին որ դարձաւ մեր ծառան։

«Սէրը ներառական է, ան չի զբաղիր միայն նիւթական երեւոյթով եւ ոչ ալ միայն հոգեւոր երեւոյթով։ Յիսուսին փրկութիւնը կ՛ողջագուրէ մարդը իր ամբողջութեամբ» յարեց Սրբազան Պապը։

«Մենք կարիքը ունինք սիրոյ, որ նուիրուած ըլլայ մարդու համապարփակ զարգացումին։ Հոգեւոր, նիւթական եւ մտաւորական սէր մը» աւելցուց Ան հաստատելով որ Աւետարանի ուղին ներկայ է իւրաքանչիւր աղքատին մէջ ու նշելով հարկաւորութիւնը ըլլալու քնքշութեան եւ մօտիկութեան եկեղեցի մը, ուր աղքատները երանի են եւ ուր առաքելութիւնը կը գրաւէ կեդրոնը եւ ուրախութիւնը ծնունդ կ՛առնէ ծառայութենէն»։

Ստեղծագործութեան ուղին

Իսկ որպէս երրորդ ուղի Քահանայապետը խօսեցաւ ստեղծագործութեան ուղիին մասին։ «50 տարուայ հարուստ փորձառութիւնը կրկնելի բաներու պաշար մը չէ, այլ հիմքն է, որուն վրայ կառուցել այն ինչ որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կ՛անուաներ սիրոյ երեւակայութիւնը» ըսաւ Ան ու հրաւիրեց «չի վհատիլ աղքատներու եւ աղքատութիւններու աճումին դիմաց»։

«Շարունակեցէք մշակել եղբայրութեան երազներ եւ ըլլալ յոյսի նշաններ։ Յոռետեսութեան վիրուսի դէմ պատուաստուեցէք բաժնեկցելով ուրախութիւնը ըլլալու մեծ ընտանիք մը եւ այս եղբայրութեան մթնոլորտին մէջ Սուրբ Հոգին որ արարիչ եւ ստեղծագործ է պիտի առաջարկէ նոր մտքեր, որոնք կը յարմարին մեր ապրած ժամանակներուն», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը եւ խօսքին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Քարիթասի բոլոր գործիչներուն յատկապէս համաճարակի ընթացքին անոնց ի գործ դրած ջանքերուն համար, շնորհիւ նաեւ կամաւորներուն, «որոնց շարքին են բազմաթիւ երիտասարդներ» յարեց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով նաեւ, թէ «յեղաշրջումի դարաշրջանին ամենադիւրաբեկ զոհերու շարքին են նաեւ երիտասարդները, որոնք սակայն նաեւ դարաշրջանային փոփոխութեան ներուժ են»։

Երիտասարդները ապագայի դերակատարներ

«Անոնք ապագայի դերակատարներն են» հաստատեց ապա Քահանայապետը արդար համարելով անոնց ի նպաստ տրամադրուած ժամանակը, որպէսզի անոնց հետ միասին հիւսուին փոխյարաբերութիւններ որոնք գերանաձեւն անտարբերութեան եւ երեւութային մշակոյթը։

“Like” երը բաւարար չեն ապրելու համար, կարիքը կայ եղբայրութեան եւ իսկական ուրախութեան եւ Քարիթասը կարող է ըլլալ կեանքի մարզադահլիճ բազմաթիւ երիտասարդներուն բացայայտելու համար նուիրումի իմաստը ու անոնց համտեսել տալու իրենք զիրենք վերագտնելու համով համը իրենց ժամանակը նուիրելով ուրիշներուն։ Այսպէսով Քարիթասը պիտի մնայ երիտասարդ եւ ստեղծագործ ու պիտի ունենայ պարզ եւ ուղիղ հայեացք մը որ անվախ սեւեռած է դէպի Բարձունքը ու դէպի միւսը այնպէս ինչպէս կ՛ընեն մանուկները» ըսաւ Քահանայապետը որ ճառը աւարտեց Սուրբ Պօղոսի խօսքերով, ուր առաքեալը կը հաստատէ թէ «Քրիստոսի սէրը մեզ կը ներգրաւէ» ու մաղթանք յայտնեց որ ներկաները թոյլ տան ներգրաւուիլ այդ սէրէն իրենք զիրենք ամէն օր զգալով ընտրեալներ սիրոյ համար ու փորձարկելով Տիրոջ ողորմած շոյանքը որ կը հպի իրենց վրայ որպէսզի զայն տանին ուրիշներուն։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2021, 12:19