Որոնել

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք

«Բարին կ՛աճի թաքուն ե անտեսանելի կերպով». Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

«Պէտք է երբեք չմոռնանք, որ արդիւնքները մեր կարողութիւններէն կախեալ չեն, այլ կախեալ են Աստուծոյ գործէն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 13 Յունիս 2021-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն գլխաւորեց Կիարկնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած աւանդական խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան Աւետարանական հատուածին վրայ (Մարկոս 4, 30-34), ուր Յիսուս կը խօսի Աստուծոյ Արքայութեան մասին զայն նմանեցնելով Մանանեխի հատիկին։

Ամենօրեայ իրականութիւնը առակներու ընդմէջէն

«Առականեր ներշնչում կը քաղեն բնական կեանքէն ու կը բացայայտեն Յիսուսի ուշադիր եւ խոր հայեացքը, որ կը իրականութիւնը կը դիտէ առօրեայի փոքր պատկերներու միջոցաւ» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով որ՝ «Յիսուս առակներու միջոցաւ մեզի կը սորվեցնէ թէ ամենօրեայ իրականութիւնները, անոնք որոնք յաճախ միեւնոյնը կը թուին, բնակուած են Աստուծոյ թաքուն ներկայութեամբ»։  

Մանանեխի հատիկը

«Յիսուս առակին մէջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը նմանեցնէ մանանեխի հատիկին, որ սերմերուն ամենափոգրագոյնն է, սակայն երբ հողին մէջ կը ցանենք զայն կ՛աճի ու կը դառնայ բոլոր բանջարներուն մեծագոյնը։ Աստուած մեր կեանքին մէջ կը գործէ նման այն մանանեխի հատիկին» յարեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ «Բարին կ՛աճի միշտ հեզութեան մէջ, թաքուն եւ յաճախ անտեսանելի կերպով»։

Աստուծոյ վստահիլ

«Յիսուս այս առակով կ՛ուզէ մեր մէջ դրոշմել վստահութիւն։ Կեանքի բազմաթիւ պարագաներուն մէջ մենք յուսալքումի կը մատնուինք, որովհետեւ կը նկատենք չարին զօրութեան դիմաց բարիին տկարութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  մատնանշելով յուսահատութեան՝ որուն կը մատնուինք «երբ տեսնենք թէ արդիւնքներ չկան»։

«Այս իրողութեան դիմաց Աւետարանը մեզմէ կը խնդրէ տարբեր ակնարկ մը ունենալ, մեզմէ կը խնդրէ նոր հայեացք մը, աւելի մեծ աչքեր, որոնք գիտեն տեսնել աւելի անդին, բացայայտելու համար Աստուծոյ ներկայութիւնը, որ խոնարհ սիրով յարատեւօրէն կը գործէ մեր կեանքի ու պատմութեան հողին մէջ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով, որ «Այս վստահութիւնն է, որ մեզի ուժ կը պարգեւէ, որպէսզի ամէն օր յառաջ ընթանանք, բարիք սերմանելով»։

Կը գտնուինք Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ

Քահանայապետին համար  այս մէկը «շատ կարեւոր է դուրս գալու համար նաեւ համաճարակէն», մշակելով վստահութիւնը, թէ կը գտնուինք Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ։

Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա եկեղեցւոյ մէջ գոյութիւն ունեցող յուսահատութեան ցեցին, «մասնաւորապէս երբ ականատես կ՛ըլլանք հաւատքի տագնապին կամ ձեռնարկներու եւ ծրագիրներու ձախողութիւններուն» ըսաւ Ան հրաւիրելով երբեք չի մոռնալ, որ արդիւնքները մեր կարողութիւններէն կախեալ չեն» ու հաստատելով, որ անոնք «կախեալ են Աստուծոյ գործէն»։

Աստուծոյ հետ կայ միշտ նոր ծիլերու յոյսը

«Մեզի կ՛իյնայ սերմանել, սիրով, յանձնառութեամբ եւ համբերութեամբ, սերմին զօրութիւնը աստուածային է, ան կ՛աճի տիւ եւ գիշեր ու ծիլ կու տայ ու սերմնացանը չի գիտեր թէ ինչպէս» նշեց հուսկ Սրբազան Պապը հաստատելով որ «Նոյնիսկ ամենաչոր հողերուն մէջ, Աստուծոյ հետ կայ միշտ նոր ծիլերու յոյսը»։ Ան ապա  խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզի սորվեցնէ «տեսնել Աստուծոյ մեծութիւնը, որ կը գործէ նոյնիսկ ամենափոքր բաներուն մէջ» եւ «յաղթահարել յուսալքութեան փորձութիւնը ամէն օր վստահելով Աստուծոյ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2021, 12:16

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >