Սուրբ Պետրոսի գանձանակին ի նպաստ դրամահաւաք Սուրբ Պետրոսի գանձանակին ի նպաստ դրամահաւաք

Սուրբ Պետրոսի գանձանակը. Օգնենք Քահանայապետին որպէսզի օգնէ։

Համաճարակի տարւոյն ընթացքին բազմաթիւ եղան միջամտութիւնները համապատասխանելու համար կարիքներուն եւ ճգնաժամային հարցերուն, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով խոցելի իրավիճակի մէջ ապրող բնակչութեան։ Քահանայապետի համար տարեկան դրամահաւաքը կը ծառայէ թիկունք կանգնելու անոր համայն եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութեան որ է միութեան խաղաղութեան եւ Աւետարանի քարոզչութեան ծառայութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Օգնենք Քահանայապետին որպէսզի օգնէ։ Յառաջիկայ օրերուն եւ յատկապէս կիրակի 27 եւ երեքշաբթի 29 Յունիսին, Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին օրը, աշխարհի համայն եկեղեցիներուն մէջ դրամահաւաք կը կատարուի ի նպաստ Սուրբ Պետրոսի գանձանակին։ Աւանդական դրամահաւաք մը թիկունք կանգնելու համար Հռոմի Եպիսկոպոսի բարեսիրական գործունէութեան ի նպաստ կարիքաւորներուն ու համայն աշխարհի եկեղեցւոյ անոր մատուցած ծառայութեան։

Կարելի է ուղղակի ներդրում կատարել «Գանձանակի» կայքը այցելելով. https://www.obolodisanpietro.va/en.html

«Ճգնաժամային ժամանակի մը ընթացքին աւելիով կարիքը կայ մեր բոլորի կողմէ ցուցաբերել եկեղեցւոյ մեր պատկանելիութեան շօշափելի նշանը ու նշանը Քահանայապետի նկատմամբ սիրոյն» գրուած է Գանձանակի կայքին էջերուն մէջ ուր մատնանշուած է նաեւ թէ նոյնիսկ ամենափոքր նուիրատուութիւնը կը սատարէ աջակցելու Ֆրանչիսկոս Պապին Անոր տիեզերական եկեղեցին կառավարելու ու բարեսիրական գործեր կատարելու գործունէութեան մէջ։

Վերոնշեալ կայքին միջոցաւ կարելի է ծանօթանալ Քահանայապետական բարեսիրական գործունէութեան հետեւեալ յղումներու վրայ.

https://www.obolodisanpietro.va/en/carita-del-papa/interventi-caritativi.html

https://www.obolodisanpietro.va/en/carita-del-papa/emergenza-covid-19.html

https://www.obolodisanpietro.va/en/carita-del-papa/progetti/2021/il-papa-per-iraq.html

Սուրբ Պետրոսի գանձանակին ի նպաստ նուիրատուութիւնը կը ծառայէ նաեւ ապահովեցնելու Քահանայապետին առաքելութիւնը ի նպաստ տիեզերական Եկեղեցւոյ ծառայութեան ու աշխարհի մէջ խաղաղութեան, նաեւ Հռոմի Քուրիայի համագործակիցներու միջոցաւ։

https://www.obolodisanpietro.va/en/missione-della-santa-sede/dentro-il-vaticano.html

Նուիրատուութիւններըը կարելի է փոխանցել հետեւեալ կայքը այցելելով

https://www.obolodisanpietro.va

Կամ IOR-ի սոյն հաշիւներուն վրայ

IBAN VA78001001000000019887028 per trasferimenti in EURO

IBAN VA510010010000000000019887029 per spedizioni in U.S.$

Գանձանակի ել. հասցէ

obolo@spe.va

Պաշտօնական հասցէ

Ufficio Obolo, Segreteria per l’Economia, 00120 Città del Vaticano.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2021, 13:00