Բնապաահպանութիւն, համապարփակ զարգացում Բնապաահպանութիւն, համապարփակ զարգացում

«Ընկերային տնտեսութիւնը ճանապարհն է որուն պէտք է հետեւիլ իսկական զարգացումի մը համար»։ Ֆրանչիսկոս Պապ

Պէտք է ներդրում կատարել հասարակաց բարիքին վրայ, դրամները չի պահել հարկային դրախտավայրերուն մէջ։ Ներդրում կը նշանակէ կեանք պարգեւել, ստեղծել»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քրիստոնէական տեսութիւնը տնտեսութեան եւ ընկերութեան նկատմամբ տարբեր է «գաղափարախօսական եւ հեթանոսական» տեսութենէն ու ծնունդ կ՛առնէ Յիսուսին պատգամէն, Երանութիւններէն»։ Բոլորն ալ, ներառեալ արհմիութենականները, ձեռնարկատէրերը և բանուորները, կոչուած են մասնակցելու «արդար հասարակութեան մը կառուցումին»։ Խօսքերն են ասոնք զոր Ֆրանչիսկոս Պապը լսատեսողական պատգամով ուղղեց Արժանթինի մէկ քրիստոնեայ կազմակերպութեան «դէպի աւելի մարդկային դրամատիրութիւն» խորագիրով կազմակերպած հաւաքին առիթով։

Վերադառնալ գործնական տնտեսութեան

Նորին Սրբութիւնը բացատրեց թէ «ֆինանսները» կը յանգեցնեն «Սուրբ Անթոնիոյի ցանցին» նման յայտնուելու վտանգին։ «Կը կարծենք թէ շատ բան կայ սակայն վերջաւորութեան ոչ մի բան կը մնայ» ըսաւ Ան, հարկաւոր նկատելով «վերադառնալ գործնական տնտեսութեան» եւ նշելով որ այդ «գործնականութիւնը կապուած է արտադրութեան, բոլորին համար աշխատանքին, ընտանիքներուն, հայրենիքին եւ ընկերութեան»։

Տնտեսութիւնը պէտք է ունենայ ընկերային չափանիշ 

«Տնտեսութիւնը պէտք է ունենայ ընկերային չափանիշ ստեղծելու համար աշխատանք» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը կարեւորելով փոքր ձեռնարկութիւններու ուժականութիւնը որովհետեւ «ստեղծագործութիւնը կը ծնի ստորոտէն»։

Ներդրում կատարել

Պէտք է ներդրում կատարել հասարակաց բարիքին վրայ, դրամները չի պահել հարկային դրախտավայրերուն մէջ։ Ներդրում կը նշանակէ կեանք պարգեւել, ստեղծել» դիտել կու տայ Ֆրանչիսկոս Պապը, առաջարկելով երկու ուղիներ. առաջինը գիտնալ ներդրում կատարել եւ միւսը թափանցիկութիւն։

Վստահութիւն ստեղծել

«Պէտք է աստիճանաբար ստեղծել վստահութիւնը ու պէտք չէ երբեք դաւաճանել ընկերային վստահութիւնը» կը յանձնարարէ ապա Սրբազան Պապը ձեռնարկութիւններու պատասխանատուներու քրիստոնեայ ընկերակցութեան 24-րդ հաւաքին ուղղած իր լսատեսողական պատգամին աւարտին։

Հիմնադիրի ծննդեան 100 ամեակը

Ընկերակցութիւնը այս տարի կը յիշատակէ իր հիմնադիրի` Էնրիք Շոյի ծննդեան հարիւր ամեակը եւ այս առնչութեամբ Սրբազան Պապը ըսաւ. «Չեմ կրնար թաքնացնել ուրախութիւնը որ ապրեցայ քիչ ժամանակներ առաջ երբ ստորագրեցի Էնրիք Շոյի հերոսական առաքինութիւններու համարագիրը»։ Ան հուսկ Աստուծոյ Ծառայի հովանիին յանձնեց հաւաքին աշխատանքները խնդրելով որ Ան առաջնորդէ մասնակիցները ու զանոնք մղէ դէպի առաջ։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2021, 15:00