Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ.«Ան որ աղքատները չի ճանչնար, Յիսուսին կը դաւաճանէ։ Ոչ միայն ողորմածութիւն, այլ արդարութիւն։»

Ֆրանչիսկոս Պապին աղքատներու միջազգային օրուան պատգամը։

Վազգէն Աբարդեան -  Վատիկան

Երկուշաբթի, 14 յունիսին, հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին աղքատներու միջազգային օրուան պատգամը, որ պիտի նշուի յառաջիկայ 14 նոյեմբերին, որուն մէջ Սրբազան Հայրը պատգամ ուղղեց համայն աշխարհի քրիստոնեաներուն, կառավարիչներուն շտապօրէն միջամտելու, որովհետեւ աղքատներուն թիւը համաճարակի հետեւանքով կրկնապատկուեցաւ։ Անհրաժեշտ է փոխել ապրելակերպը, որովհետեւ անձնասիրութիւնն է, որ աղքատութիւն կը պատճառէ։

Ունկնդրէ լուրը

Ամէն ատեն աղքատները ձեր հետը ունիք (Մարկոս 14,7)։

Հաւատացեալները երբ, որ կ՝ուզեն Յիսուսը անձամբ տեսնել եւ ձեռքով իրեն դպչիլ, գիտեն որուն երթալ. աղքատները Յիսուսի խորհուրդն են, կը ներկայացնեն անոր անձը ու կը յիշեն զայն։։ Գրած է Սրբազան Հայրը աղքատներու համաշխարհային հինգերորդ տարուան պատգամին մէջ որուն մէջ կը յիշէ Յուդային քննադատութիւնները, որ կը բողոքէր այն կինը, որ թանկարժէք իւղը կը թափէ Յիսուսի վրայ։ Ըստ Յուդային իւղին դրամով կարելի էր աղքատները օգնել կը գրէ ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով որ Յովհաննէս աւետարանիչին վկայութեան համաձայն, Յուդան այդպէս կը մտածէր, ոչ թէ որովհետեւ մտահոգ էր աղքատներով, այլ գող էր, գանձանակը իր հետը կը պահէր եւ դրամ կը գողնար երբ որ կ՝ուզէր։

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ընդգծէ թէ, անոնք որոնք չեն ընդունիր աղքատները դաւաճանած կ՝ըլլան Յիսուսի ուսուցումը, եւ չեն կրնայ անոր առաքեալները դառնալ։ Աղքատները եկեղեցւոյ ուղեւորութեան կեդրոնն են։

Տարբեր վէրք մը աճեցուց աղքատներուն թիւը

Այսօր կը գրէ ֆրանչիսկոս Պապ տարբեր վէրք մը բազմապատկեց աղքատներու թիւը, համաճարակը։ Ան բախեց միլոններով անձերու դռները, ոչ միայն հիւանդութիւն եւ մահ պատճառելով ալեւ աղքատութիւնը։ Այսպէսով աղքատներու թիւը բազմապատկուեցաւ, որուն թիւը պիտի աճի յառաջիկայ ամիսներուն։ Կարգ մը երկիրներ համաճարակի հետեւանքով կրեցին ծանր հետեւանքներ, այսպէսով խոցելի անձերը զրկուեցան կեանքի կարեւոր պայմաններէն։

Սեղանատուներու դիմաց աղքատներու երկար շարքը այդ վատթարացման շօշափելի նշան է։ Անհրաժեշտ է գտնել պատշաճ լուծումներ պայքարելու համար ժահրին դէմ՝ համաշխարհային գետնի վրայ, առանց նպատակադրուած շահերուն։ Յատուկէն հրատապ է առարկայական պատասխան տալ գործազրկութենէն տառապողներուն, որ ողբերգական ձեւով կը հարուածէ ընտանիքներու հայրերուն, կիներուն եւ երիտասարդներուն։ Անհրաժեշտ են համերաշխութիւն, եւ մարդկային խթանման հեռատես ծրագիրներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը նախազգուշացնէ թէ , անհատական կենսակերպը մեղսակից է աղքատութեան յառաջացումին եւ ստէպ աղքատներուն կը վերագրուին անոնց ամբողջ կեանքի պատասխանատուութիւնը։

Ան նկատել կու տայ, որ աղքատութեան դէմ անհրաժեշտ է նոր մօտեցում։ Հարկ է, որ աշխարհի պետութիւններն ու կազմակերպութիւնները դէմ յանդիման գան աղքատութեան նոր ձեւերուն։ Երբ աղքատները ընկերութեան եզրին կը դրուին կարծելով թէ իրենք են իրենն վիճակին յանցաւորներն են, ուրեմն միեւնոյն ժողովրդականութեան գաղափարը տագնապի մէջ է եւ ամէն ընկերային քաղաքականութիւն ձախողած է ։ Մեծ խոնարհութեամբ պէտք որ խոստովանինք աղքատներու դիմաց։ Անոնց մասին կը խօսուի վերացականութեամբ, կը կեդրոնանանք վիճակագրութեան վրայ, կը յուզուինք կարգ մը փաստաթուղթով։ Աղքատութիւնը ընդհակառակը, պէտք է հրահրէ ստեղծագործական պայմանաւորում։ Երբ Յիսուս կ՝ըսէ «աղքատները միշտ ձեր հետը ունիք», բարիք ընելու հնարաւորութեան հրաւէր կ՝ընէ, որ պէտք չէ երբեք կորսնցնել։ Այդ հրաւէր չէ ողորմնաբաշխութիւնով մեր խիղճը հանգստացնելու, այլ հրաւէր հակազդելու անտարբերութեան եւ անարդարութեան մշակոյթը, որոնց միջոցաւ կը մօտենանք աղքատներուն։

Բաժնեկցութեան հրամայականը

Ողորմնաբաշխութիւնը պատահական է, բաժնեկցութիւնը տեւական է ։Առաջինը կը գնահատէ, ան որ կը կատարէ եւ կը նսեմացնէ ան որ կը ստանայ, երկրորդը կը զօրացնէ զօրակցութիւնը եւ անհրաժեշտ խոստումներ կը յառաջացնէ արդարութեան հասնելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը մէջբերէ «Աւետարանի ուրախութիւն» յորդորագիրէն հատուածներ, «ոչ բացառական եւ անհաւասարութեան տնտեսականութեան, ոչ տնտեսութեան,որ կը սպաննէ՝ տնտեսական համակարգի համար մարդասիրական իմաստէ եւ ընկերային պատասխանատուութենէն։

Աղքատներու համար, կը շեշտէ Ֆրանչիսկոս Պապ անխզելի կապ կայ Յիսուսի , աղքատներու եւ աւետարանի հռչակման միջեւ։ Աստուծոյ դիմագիծը, զոր Ան կը յայտնէ, արդարեւ աղքատներուն համար Հօր դիմագիծն է, որ նեցուկ է աղքատներուն։

Յիսուս իր բոլոր գործունէութիւններով կը հաստատէ թէ աղքատութիւնը ճակատագրական պտուղ չէ, այլ շօշափելի նշանն է իր ներկայութեան։ Մենք զինք կը գտնենք , երբ եւ ուր, որ կ՝ուզենք, կը ճանչնանք աղքատներու կեանքին մէջ, անոնց տառապանքի եւ անմարդկային պայմաններու մէջ, որոնց մէջ ստիպուած են ապրելու։

«Չեմ յոգնիր կրկնելէ, որ աղքատները իսկական աւետարանողները են որովհետեւ աւետարանումի առաջինները եղան եւ հրաւիրուեցան կիսելու Տիրոջ երանութիւն ու թագաւորութիւնը։

Ամէն աղքատ աւետարանող մըն է։

Իւրաքանչիւր աղքատ մեզի կ՝աւետարանեն, որովհետեւ թոյլ կու տան բացայայտելու՝ նոր ձեւով Հօր դիմագիծի հարազատ գիծերը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց Հայր Փրիմօ Մացոլարիին խօսքերով, « «պիտի ուզէի, որ չհարցնէք եթէ աղքատներ կան, ով եւ քանի աղքատները կան, որովհետեւ վախս այն է, որ նման հարցումներ կը ներկայացնեն շեղումներ եւ ինքնաքննութիւններ , խիղճի եւ սիրտի ճշգրիտ խայթէն խուսափելու համար։ Ես երբեք չի հաշուեցի աղքատները, որովհետեւ չէ կարելի հաշուել, աղքատները կը ողջագուրուին, եւ չեն հաշուիր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2021, 12:25