Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Կարդինալ Մարքս Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Կարդինալ Մարքս 

Ֆրանչիսկոս Պապ մերժեց Կարդինալ Մարքսին հրաժարականը։

Նամակին մէջ ֆրանչիսկոս Պապպ շնորհակալութիւն յայտնեց Կարդինալ Մարքսին քրիստոնէական քաջութեան համար, որ չվախնար խաչէն, որ չվախնար նուաստացումէն՝ մեղքի ահաւոր իրականութեան դիմաց։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ նամակով մը մերժած է Մոնաքոյի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ֆրիզինկա Ռէնարտ Մարքսի ներկայացուցած հրաժարականը։

Ունկնդրէ լուրը

Կարդինալ Մարքս նամակով մը իր հրաժարականը ներկայացուցած է Մոնաքօ թեմի եպիսկոպոսութենէն, Գերանիայի մէջ սեռական բռնութեան գայթակղութիւններու հետեւանքով , անբաւարար նկատելով թեմի աշխատանքները սեռային բռնութեան դէմ պայքարէն ներս։

Ֆրանչիսկոս Պապ կարդինալ Մարքսին յղած նամակին մէջ մերժելով ծիրանաւորին հրաժարականը գրած է հետեւեալ «եթէ փորձես մտածել, որ առաքելութեանդ մէջ հաստատելով եւ չ՝ընդունելով հրաժարականդ, Հռոմի եպիսկոպոսը, քու եղբայրդ որ քեզ շատ կը սիրէ քեզ չհասկնար, խոկայ այն ինչ, որ Պետրոսը ապրեցաւ Տիրոջ առջեւ, Ան իր հրաժարականը ներկայացուց, որպէս մեղաւոր, սակայն ստացաւ այս պատասխանը « հովուէ իմ ոչխարներս»։։

Ֆրանչիսկոս Պապին Կարդինալ Մարքին յղած նամակը Սպաներէն եւ Գերմաներէն լեզուներով հրապարակուեցան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէն։

Նամակին մէջ ֆրանչիսկոս Պապպ շնորհակալութիւն յայտնեց Կարդինալ Մարքսին ,քրիստոնէական քաջութեան համար, որ չվախնար խաչէն, որ չվախնար նուաստացումէն՝ մեղքի ահաւոր իրականութեան դիմաց։

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակի մէջ յիշեցուց նաեւ որ համայն եկեղեցին տագնապի մէջ է՝ սեռային բռնութիւններու հետեւանքով, նկատել տալով որ եկեղեցին այսօր ոչ մէկ բան կրնայ կատարել առանց ընդունելու այդ տագնապը, որ պէտք է ընդունուի Սուրբ Զատկուան հաւատքով։

Յայտնենք, թէ երեկոյեան, Կարդինալ Մարքս նամակով մը ըդնունեց Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքը, նշելով որ ինք հնազանդութեամբ կ՝ընդունի  Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքը եւ պիտի շարունակէ հոգեւոր առաջնորդին պաշտօնը։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2021, 13:48