«Ամուսնութեան գեղեցկութիւնը». Ֆրանչիսկոս Պապին Յունիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը

Աղօթենք ամուսնութեան պատրաստուող երիտասարդներուն համար որպէսզի աճին սիրոյ մէջ, վեհանձնութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ համբերութեամբ։
Ունկնդրէ Լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի Յունիս մէկին յետմիջօրէին հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին յունիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը որ այս ամիս նուիրուած է ամուսնութեան ու յատկապէս երիտասարդ զոյգերուն, որոնք կը պատրաստուին կեանքի այդ կարեւոր կոչումին։

Սրբազան Քահանայապետը պատգամը կը սկսի հարց տալով եթէ իրական է որ «ոմանք կ՛ըսեն թէ երիտասարդները չեն ուզեր ամուսնանալ մասնաւորապէս այս ծանր ժամանակներու ընթացքին»։

Ամուսնութիւնը սրտէն ծնունդ առած կոչում է

Ամուսնանալ եւ կեանքը բաժնեկցելը գեղեցիկ բան է։ Անիկայ պահանջկոտ ճանապարհորդութիւն է, երբեմն դժուար ու երբեմն նոյնիսկ հակասական սակայն կ՛արժէ վտանգը դիմագրաւել։ Եւ այս համայն կեանքի ճանապարհորդութեան մէջ, հարսն ու փեսան միայնակ չեն, անոնց կ՛ընկերանայ Յիսուսը» ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով` որ «Ամուսնութիւնը միայն «ընկերային» գործունէութիւն մը չէ, անիկա սրտէն ծնունդ առնող կոչում մըն է, գիտակից որոշում է համայն կեանքին համար, որ կը պահանջէ յատուկ պատրաստութիւն»։

Եթէ կը բարեհաճիք այս մէկը երբեք մի մոռնաք։ Աստուած երազ մը ունի մեզի համար՝ սէրը, ու մեզմէ կը խնդրէ որ այդ երազը մերը դարձնենք։

Մերը դարձնենք Աստուածոյ երազը` սէրը

«Մերը դարձնենք սէրը, որ Աստուծոյ երազն է» կը յորդորէ Սրբազան Քահանայապետը ու կը խնդրէ որ աղօթենք երիտասարդներուն համար, որոնք քրիստոնէական հասարակութեան աջակցութեամբ կը պատրաստուին ամուսնութեան, որպէսզի աճին սիրոյ մէջ, վեհանձնութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ համբերութեամբ։ Որովհետեւ կ՛աւելցնէ Սրբազան Քահանայապետը սիրելու համար հարկ է մեծ համբերութիւն։ Սակայն կ՛արժէ»։

Նորին Սրբութիւն սոյն աղօթքի դիտաւորութիւնը մաս կը կազմէ անցեալ 19 մարտ 2021-ին սկիզբ առած «ընտանիքին» նուիրուած յատուկ տարուան, որուն բնաբանն է «Ընտանեկան սէրը. Կոչում եւ սրբութեան ուղեւորութիւն» ու կը կեդրոնանայ ամուսնութեան գեղեցկութեան վրայ զոր Սրբազան Պապը կը ներկայացնէ որպէս կոչում, որ ծնունդ կ՛առնէ սրտէն եւ որ կը պահանջէ յատուկ պատրաստութիւն։

«Սիրոյ ուրախութիւնը» շրջաբերականի հինգերորդ տարեդարձ

Նորին Սրբութեան հռչակած վերոնշեալ տարին կը զուգադիպի «Սիրոյ ուրախութիւնը» շրջաբերականի հինգերորդ տարեդարձին։

«Երիտասարդները պատրաստելը այս իսկական կոչումին առաջնահերթութիւն է» ըսաւ այս առթիւ Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի ժողովի ենթաքարտուղարը Փրոֆ Կապրիելլա Կամպինօ նշելով, որ անհրաժեշտ է երիտասարդներուն հասկցնել որ իրենց ընտանիքի կազմութեան ծրագիրը կոչումի մը պատասխանն է» այնպէս ինչպէս անհրաժեշտ է նաեւ ցոյց տալ, որ ընտանեկան յարաբերութիւնները կարող են անձերուն համար ունենալ փրկարար արժէք եւ ըլլալ սրբութեան ճանապարհ»։

Քահանայապետը ընդգծելով ամուսնութեան գեղեցկութիւնը փափաք կը յայտնէ որ երիտասարդները կարողանան լաւապէս պատրաստուիլ այդ խորհուրդին ու այդ մէկը ընեն քրիստոնեայ հասարակութեան աջակցութեամբ թոյլ տալով նաեւ առաջնորդուիլ Աստուծոյ մեզի համար ունեցած երազէն, որ է սէրը։

«Մերը դարձնենք սէրը, որ Աստուծոյ երազն է» կը յորդորէ Սրբազան Պապը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2021, 16:00