«Ընկերային բարեկամութիւնը». Սրբազան Պապին Յուլիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը։

Քահանայապետը կը խնդրէ աղօթել կառուցելու համար հասարակաց բարիքը մարդոց ու կիներու հետ միասին, որոնք փոխադարձաբար իրարու ձեռք կ՛երկարեն, միշտ մօտիկ ըլլալով աղքատներուն եւ աւելիով խոցելիներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 30 Յունիս 2021-ին լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Յուլիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը, որ ամէն ամիս կը հրատարակուի «Քահանայապետին տեսերիզը» տիտղոսին տակ եւ ձեռնարկն է «Քահանայապետի աղօթքին համաշխարհային ցանց» շարժումին որուն տնօրէնն է Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Ֆրետերիք Ֆորնոսը։

Յուլիս ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն Նորին Սրբութիւնը ընտրեց ընկերային բարեկամութիւնը։

«Աստուածաշունչը կ՛ըսէ թէ ան որ բարեկամ մը կը գտնէ գանձ մը գտած կ՛ըլլայ» ըսաւ Սրբազան Պապը պատգամին սկիզբը աւելցնելով թէ կ՛ուզէ «բոլորին առաջարկել, որ երթան բարեկամներու շրջանակէն անդին ու կառուցեն ընկերային բարեկամութիւնը, որ այդքան անհրաժեշտ է լաւ համակեցութեան համար»

 «Մենք մեզ գտնենք ամենատկար ու աղքատ խաւերուն մօտ։ Անոնք որոնք կ՛ապրին արուարձաններուն մէջ։ Հեռանաք «փոփուլիզմէն» որ կը շահագործէ ժողովուրդին տառապանքը առանց լուծումներ տալու, առաջարկելով առեղծուած  որ  ոչ մի բան կը լուծէ» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը հրաւիրելով «փախչիլ ընկերային թշնամութենէն, որ միայն կը կործանէ ապա դուրս գալ «բեւեռացումէն»։

«Այս մէկը միշտ ալ դիւրին չէ, մասնաւորապէս այսօր, երբ քաղաքականութեան, ընկերութեան եւ լրատուամիջոցներու  մէկ մասը, յանձնառու է թշնամիներ ստեղծելու, որպէսզի ապա զանոնք կործանէ ուժի եւ իշխանութեան խաղի մէջ» նշեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով որ «Երկխօսութիւնը  ուղին է իրականութեան նայելու նոր ձեւով, գորովով ապրելու մարտահրաւէրները, կառուցելու համար հասարակաց բարիքը»։

«Աղօթենք որպէսզի ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական հակասական իրավիճակներու մէջ ըլլանք երկխօսութեան եւ բարեկամութեան արի եւ կրքոտ ճարտարապետներ, մարդիկ ու կիներ որոնք միշտ ձեռք կ՛երկարեն ու աղօթենք՝ որպէսզի այլեւս տեղ չ՛ըլլայ թշնամութեան եւ պատերազմին» հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Քահանայապետին Յուլիս ամսուայ աղօթքի կոչն է առ այդ, որ բոլորս դառնանք երկխօսութեան եւ բարեկամութեան ճարտարապետներ լուծելու համար հակամարտութիւնները, որոնք պատճառ են այն բաժանումներուն, որոնք գոյութիւն ունին ընկերութեան եւ անհատներուն միջեւ։  Միայն երկխօսութեան միջոցաւ է, որ կարելի է խուսափիլ բեւեռացումներէն եւ ընկերային թշնամութիւններէն, որոնք կը կործանեն բազմաթիւ կապեր։

Քահանայապետը առ այդ կը խնդրէ աղօթել կառուցելու համար հասարակաց բարիքը մարդոց ու կիներու հետ միասին, որոնք փոխադարձաբար իրարու ձեռք կ՛երկարեն, միշտ մօտիկ ըլլալով աղքատներուն եւ աւելիով խոցելիներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2021, 14:30