Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը «Policoro» ծրագրի պատանիներուն հետ։ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը «Policoro» ծրագրի պատանիներուն հետ։  

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը «Policoro» ծրագրի պատանիներուն հետ։

«Բաժնեկցութիւնը, եղբայրութիւնը, ձրիութիւնն ու կայունութիւնը կոթողներ են որոնց վրայ հիմնել տարբեր տնտեսութիւն մը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 5 Յունիս 2021-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի առաքելական պալատէն ներս ունեցած հանդիպումներու շարքին ունկնդրութիւն շնորհեց նաեւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի «Փոլիքորօ» ծրագիրի երիտասարդներուն։

«Փոլիքորօ» ծրագիրը Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ծրագիր մըն է եւ կը գործէ Իտալիոյ 13 Մարզերուն մէջ, նպատակ ունենալով օգնել Իտալիոյ հարաւային շրջանի մէջ ապրող գործազուրկ կամ աւելի լաւ աշխատանքի կարօտ երիտասարդներուն բարելաւելու իրենց աշխատանքային վիճակը, ըլլայ կազմաւորումի եւ անձնական տեղեկատուութեան միջոցաւ եւ ըլլայ փոքր ձեռնարկութիւններ հիմնելու միջոցաւ։ ։

«Փոլիքորօ» ծրագիրը յոյսի նշան

Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը նախ շնորհաւորեց ծրագրի գործունէութեան 25 ամեակը ու յայտնեց թէ ան եղաւ «յոյսի» նշան մը մասնաւորապէս Իտալիոյ հարաւային տարածաշրջանին մէջ, ուր աշխատանքի մեծ պակաս կայ։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ խրախուսեց զանոնք շարունակելու այդ գործունէութիւնը մասնաւորապէս ներկայ ժամանակահատուածի ընթացքին, ուր համաճարակի պատճառաւ կ՜ապրինք «ընկերա-տնտեսական զօրեղ ճգնաժամ մը», յայտնեց Ան ու ասկէ մեկնելով անոնց առաջարկեց չորս բայեր, որոնք, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, «կարող են ծառայել ձեր ուղեւորութեան մէջ»։

Ոգեւորել, բնակիլ, կրքոտ ըլլալ, ընկերանալ

Չորս բայերը եղան «ոգեւորել, բնակիլ, կրքոտ ըլլալ ապա ընկերանալ»։

Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ այսօր աւելի քան երբեք կարիքը կայ երիտասարդներու, որոնք գիտեն ոգեւորել Աւետարանի լոյսին ներքոյ, հոգի տալով տնտեսութեան, ինչպիսին է նպատակը նաեւ «Ֆրանչիսկոսի տնտեսութիւնը» ձեռնարկին։

Այս ուղղութեամբ Սրբազան Պապը մատնանշեց «յարաբերութիւններ կառուցողներ եւ զօրակից մարդկութեան հիւսողներ» ըլլալու հարկաւորութեան ջանալով աճեցնել սերմերը, զոր Աստուած դրաւ իւրաքանչիւրիս մէջ։

«Աշխատանքով զբաղիլը կը նշանակէ խթանել մարդկային արժանապատուութիւնը» յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ աշխատանքը կը ծնի մարդկային ստեղծագործ հանճարէն ու թէ բոլորն ալ իրաւունք ունին աշխատանքի։

Քահանայապետը քաջալերեց ներկաները գործելու ի նպաստ տնտեսական նոր համակարգի մը, որ այլընտրանք ըլլայ «սպառողական» տնտեսութեան, որ «մնացորդներ» կ՜արտադրէ։

Բաժնեկցութեան, եղբայրութեան, ձրիութեան ու կայունութեան կոթողները 

«Բաժնեկցութիւն, եղբայրութիւն, ձրիութիւնն ու կայունութիւնը կոթողներ են որոնց վրայ հիմնել տարբեր տնտեսութիւնը» առաջարկեց ապա Սրբազան Քահանայապետը, որ ապա խօսելով «բնակիլ» բայի մասին խրախուսեց զանոնք սիրելու տարածքներն ու հողերը ուր Աստուած զիրենք դրաւ ու շարունակելու ապրիլ այնտեղ ու ջանալ զանոնք դարձնել եղբայրութեան արհեստանոցներ։

«Աստուած մեզ չի լքեր ու մենք կարող ենք դառնալ Անոր ողորմութեան նշանները եթէ գիտնանք հպիլ մեր ժամանակներու աղքատութեան վրայ, աշխատազուրկ երիտասարդներուն վրայ» ըսաւ Սրբազան Պապը քաջալերելով զանոնք բնակելու ընկերութեան մէջ, աշխատանքի ու քաղաքականութեան մէջ ու բնակելու նաեւ հակամարտութիւններուն մէջ, որպէսզի համբերութեամբ եւ ունկնդրելու կարողութեամբ զանոնք փոխակերպեն։

Ոգեւորուիլ Յիսուս Քրիստոսով 

Խօսելով կրքոտ ըլլալու մասին Քահանայապետը հրաւիրեց երիտասարդները ոգեւորուած ըլլալու Յիսուս Քրիստոսով ու Անոր Աւետարանով։

«Վախ մի ունենաք վերականգնեցնելու կեանքն անոր որ արհամարհուած է» յորդորեց Սրբազան Քահանայապետը եւ ակնարկեց չորրորդ բային, որ է «ընկերանալ», որ է նաեւ «Փոլիքորօ» ծրագրին նպատակը։

«Ձեր ներկայութիւնը նշան է Եկեղեցւոյ մը, որ գիտէ ձեռք երկարել, նման Յիսուսի Էմմաւուսի աշակերտներուն հետ որդեգրած ոճին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով,  թէ աշակերտները յուսալքուած էին եւ թէ Յիսուս անոնց առիթ կու տայ տարբեր ձեւով տեսնելու իրականութիւնը։

Ճգնաժամը աճելու անցք

«Հաւատքը մեզի կ՜ըսէ որ ճգնաժամը կարող է ըլլալ աճելու անցք մը» հաստատեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը որ ճառի աւարտին քաջալերեց երիտասարդները «միասին երազելու» Իտալիոյ եկեղեցւոյ բարիքին համար, հուսկ անոնց ապահովեցուց իր աղօթքները անոնց վրայ հրաւիրելով նաեւ Տիրոջ օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2021, 12:26