Որոնել

«Աղօթենք որպէսզի Լիբանանը վերականգնի եւ աշխարհին ցոյց տայ իր խաղաղութեան եւ յոյսի դիմագիծը»

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նաեւ Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին 160 ամեակը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Միւս օրը հինգշաբթի մէկ Յուլիսին, այստեղ Վատիկանի մէջ  տեղի պիտի ունենայ Լիբանանին նուիրուած խորհրդածութեան եւ աղօթքի յատուկ օր մը։ Մայրիներու Երկրին մէջ ներկայութիւն ունեցող քրիստոնեայ եկեղեցիներու բոլոր հովուապետերու հետ միասին, թոյլ պիտի տանք ներշնչուելու Սուրբ Գիրգի Խօսքէն, որ կ՛ըսէ. «Տէր Աստուած ունի խաղաղութեան ծրագիրներ»։

Աղօթել Լիբանանի համար

Կը հրաւիրեմ բոլորդ հոգեպէս միանալու  մեզի, աղօթելով որպէսզի Լիբանանը վերականգնի իր ապրած ծանր տագնապէն ու աշխարհին դարձեալ ցոյց տայ իր խաղաղութեան եւ յոյսի դիմագիծը»։  Ասոնք եղան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խօսքերը զոր արտասանեց 29 Յունիսին Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին օրը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին ակնարկելով երկու օր ետք Վատիկանի մէջ կայանալիք Լիբանանի Քրիստոնեայ հասարակութիւններու Ղեկավարներու Ժողովին, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն, ըլլայ կաթողիկէ ըլլայ օրթոտոքս եւ ըլլայ Աւետարանական եկեղեցիներու հովուապետերը։

Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին 160 ամեակը 

Սրբազան Պապը յիշեց նաեւ, թէ մէկ յուլիսին կը յիշատակուի Օսսերվաթորէ Ռոմանօ  օրաթերթին 160 ամեակը ու շնորհաւորեց թերթին խմբագրութիւնը քաջալերելով զանոնք իրենց գործունէութիւնը շարունակել հաւատարմութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2021, 12:45

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >