Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին յետ Մարեմեան Աղօթքին արտասանած խօսքը։

Ացիոնէ Քաթթոլիքա միջազգային շարժումը հրաւէր ուղղած է աղօթելու մէկ վայրկեան խաղաղութեան համար, ամէն մին իր կրօնական աւանդութեան համաձայն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 6 Յունիս 2021-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն նախ նշեց, թէ ինք ցաւով կը հետեւի Քանատայէն հասած լուրերուն հայող «Kamloops Indian Residential School»ի մէջ 215 մանուկներու դիակներու յայտնաբերման։

Քահանայապետի մօտիկութիւնը Քանատայի ժողովուրդին։

«Կը միանամ Քանատայի եպիսկոպոսներուն ու Քանատայի համայն կաթողիկէ համայնքին իմ մօտիկութիւնս արտայայտելու համար Քանատայի Ժողովրդուին, որ ցնցուած է այդ լուրէն» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով Քանատայի կրօնական եւ քաղաքական իշխանութիւնները շարունակելու իրենց համագործակցութիւնը, որպէսզի լոյս սփռեն այդ տխուր իրադարձութեան վրայ ու խոնարհութեամբ յանձնառու ըլլան հաշտութեան եւ բուժումի ճանապարհի մը համար։

Աղօթք Քանատայի բնիկ հասարկութեան համար

Այս դժուար պահերը զօրեղ կոչ են մեզի բոլորիս համար, որպէսզի հեռու մնանք գաղութարար տիպարներէն ու նաեւ այսօրուայ գաղափարական գաղութատիրութիւնէն ու քալենք մէկը միւսի կողքի երկախօսութեամբ, իրար յարգանքելով եւ Քանատայի բոլոր զաւակներուն ճանչնալով սեփական իրաւունքները ու մշակութային արժէքները։

«Տիրոջ յանձնենք այդ մահացած մանուկներուն հոգիները ու աղօթենք նաեւ Քանատայի բնիկ հասարակութիւններուն ու ընտանիքներուն համար» ըսաւ Սրբազան Պապը պահ մը լռութեամբ աղօթելով այդ դիտաւորութեամբ։

Ափրիկէն կարիքը ունի խաղաղութեան

Ան ապա իր աղօթքները ապահովեցուց անցեալ ուրբաթ գիշեր Պուրքինա Ֆազոյի մէջ տեղի ունեցած սպանդին համար ու իր մօտիկութիւնը ապահովեցուց Պուրքինայի բնակչութեան հաստատելով որ Ափրիկէն կարիքը ունի խաղաղութեան ոչ թէ բռնութիւններուն։

Երանելի Քոյր Մարիա Լաուրա Մայնեթթին

Սրբազան Պապը հուսկ յիշեց Իտալիոյ Քիավեննա քաղաքին մէջ Երանելի հռչակուած Քոյր Մարիա Լաուրա Մայնեթթին որ 21 տարիներ առաջ սպաննուեցաւ երեք երիտասարդուհիներու կողմէ, «ինք որ երիտասարդները կը սիրէր որեւէ բանէ աւելի» ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով, որ «Ան սիրեց ու ներեց նաեւ զինք սպաննող երիտասարդ աղջիկները ու մեզի թողուց կեանքի օրակարգ. «Ամէն մի փոքր գործ կատարել հաւատքով, սիրով եւ խանդավառութեամբ»։

Աղօթել Սուրբ Երկրին եւ Միանմարի համար 

Սրբազան Քահանայապետը յիշեցուց ապա որ միւս օրը երեքշաբթի 8 Յունիսին Ացիոնէ Քաթթոլիքա  միջազգային շարժումը հրաւէր ուղղած է աղօթելու մէկ վայրկեան խաղաղութեան համար, ամէն մին իր կրօնական աւանդութեան համաձայն։

Աղօթենք մասնաւորապէս Սուրբ Երկրի եւ Միանմարի համար ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու խումբերը ու խօսքը եզրափակեց բարի կիրակի մաղթելով բոլորին եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2021, 14:00