Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ

«Աղօթեցէք Քահանայապետին համար, Միջին Արեւելքի խաղաղութեան եւ Չեխիոյ հանրապետութեան համար». Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքները։

Տէրը թոր թիկունք կանգնի անոնց որոնք կը գործեն ի նպաստ երկխօսութեան եւ Միջինք Արեւելքի մէջ եղբայրական համակեցութեան համար, այնտեղ ուր քրիստոնէական հաւատքը ծնունդ առաւ ու տակաւին կենդանի է հակառակ տառապանքներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Քահանայապետը մեծ կարիք ունի ձեր աղօթքներուն, Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին նախօրեակին ձեզմէ կը խնդրեմ որ յատուկէն աղօթէք Քահանայապետին համար». Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալները որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին 27 յունիսի Կիրակնօրեայ աւանդական Մարեմեան աղօթքին։

 Ան ապա յիշեց «Միջին Արեւելքի Խաղաղութեան համար այսօր յիշատակուող աղօթքի օրը ու հրաւիրեց բոլորը այդ տարածաշրջանին համար հայցելու Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ խաղաղութիւնը։

«Տէրը թող թիկունք կանգնի անոնց որոնք կը գործեն ի նպաստ երկխօսութեան եւ Միջինք Արեւելքի մէջ եղբայրական համակեցութեան, այնտեղ ուր քրիստոնէական հաւատքը ծնունդ առաւ ու տակաւին կենդանի է հակառակ տառապանքներուն։ Այդ սիրելի ժողովուրդներուն Աստուած պարգեւէ ուժ, յարատեւութիւն եւ քաջութիւն» մաղթեց Սրբազան Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ Չեխիոյ հանրապետութեան հարաւ արեւելեան շրջանը հարուածող Մրրիկին իր աղօթքները ապահովեցնելով զոհերուն ու վիրաւորներուն համար ինչպէս նաեւ անոնց որոնք ստիպուած եղան թողուլ իրենց աւերակ բնակարանները։

Սրբազան Պապը հուսկ ողջունեց հրապարակ ժամանած բազմաթիւ ուխտաւորները մաղթելով որ Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Պօղոսի դամբաններուն այցելութիւնը ուժեղացնէ անոնց մէջ սէրը հանդէպ Յիսուսին ու Եկեղեցւոյ։ Ան ապա խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ու դարձեալ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն  համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2021, 12:47