Յիսուսի Սուրբ Սիրտը Յիսուսի Սուրբ Սիրտը 

Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց «Վստահութեամբ նայելու Յիսուսի Սուրբ Սրտին».

Յիսուսի Սուրբ Սրտին մէջ Աստուծոյ սէրը դարձաւ համայն մարդկութեան հետ հանդիպում
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 9 յունիս 2021-ի առաւօտեան, Վատիկանի Սան Տամազօ ներքնափակին մէջ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղելով ունկնդրութեան մասնակցող ուխտաւորներուն յիշեց թէ միւս օր կը յիշատակուի Յիսուսի Սուրբ Սրտին տօնը, «որուն մէջ Աստուծոյ սէրը դարձաւ համայն մարդկութեան հետ հանդիպում» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց բոլորը «վստահութեամբ նայելու Յիսուսի Սուրբ Սրտին ու յաճախակի կերպով կրկնելու, մասնաւորապէս այս ամսուայ ընթացքին. «Յիսուս` սրտով խոնարհ եւ հեզ, փոխակերպէ մեր սրտերը ու սորվեցուր մեզի սիրել Աստուած ու մերձաւորը վեհանձնութեամբ»։

Ունկնդրութեան աւարտին Քահանայապետը յատուկէն յիշեց տարեցները. Երիտասարդները, հիւանդներն ու նորապսակները հայցելով որ Քրիստոսին Սիրտը որ աղբիւր է սիրոյ ու փրկեց աշխարհքը անոնց ընկերանայ ու մշտապէս թիկունք կանգնի։

Սրբազան Պապը բոլորին շնորհեց իր օրհնութիւնները եւ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը աւարտեց «Հայր մեր» աղօթքով։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2021, 10:15