Որոնել

Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ Մարեմեան աղօթք. «Ո՞վ եմ ես քեզի համար»։

Տխուր երեւոյթ է տեսնել շատեր որոնք կը խօսին, կը մեկնաբանեն, բայց քիչեր են վկայութիւն տուողները։ Վկաները չեն կորսուիր խօսքերուն մէջ այլ պտուղ կը պարգեւեն։ Անոնք մեզի կը յիշեցնեն որ Աստուած պէտք չէ ապացուցել այլ ցոյց տալ, պէտք չէ զայն հռչակել յայտարարութիւններով այլ վկայել օրինակով։
Ունկնդրէ Լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Իսկ դուք ո՞վ կը կարծէք որ ըլլամ» Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած Յիսուսին աշակերտներուն ուղղած սոյն հարցումը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 29 Յունիսին Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ արտասանած Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան։

«Ասիկա վճռական հարցումն է զոր Յիսուս կը կրկնէ նաեւ այսօր.

- «Ո՞վ եմ ես քեզի համար»։ Ո՞վ եմ ես քեզի համար, որ ընկալեցիր հաւատքը, բայց տակաւին քաջութիւնը չունիս բացերը երթալու իմ խօսքիս հիման վրայ։

- Ո՞վ եմ ես քեզի համար, որ քրիստոնեայ ես շատ ժամանակէ ի վեր, բայց մխրճուած սովորականութեան մէջ կորսնցուցիր իմ առաջին սէրս։

- Ո՞վ եմ ես քեզի համար, որ կ՛ապրիս դժուար ժամանակ եւ կարիքը ունիս ցնցումի մը` որպէսզի դարձեալ վերսկսիս։

Ո՞վ եմ ես քեզի համար։

«Յիսուս հարց կու տայ. Ո՞վ եմ ես քեզի համար։ Այսօր իրեն տանք պատասխան մը, որ կը բխի սրտէն» ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով աւետարանական հատուածին ուր Յիսուս նախ աշակերտներուն հարց կու տայ թէ ի՞նչ կ՛ըսեն մարդիկը իր մասին եւ ինք այդ հարցումը կ՛ընէ ոչ թէ իր համբաւի մասին տեղեկութիւններ ունենալու համար «այլ ընդգծելու համար տարբերութիւն մը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տալով, որ կան մարդիկ, որոնք կանգ կ՜առնեն առաջին հարցումին, տեսակէտներուն ու կը խօսին Յիսուսի մասին մինչ կան ոմանք, որոնք կը խօսին Յիսուսին հետ, Անոր տանելով կեանքը, յարաբերութեան մէջ մտնելով Անոր հետ։

Յիսուս կ՛ուզէ ըլլալ մեր մտածումներու կեդրոնը

Յիսուս հետաքրքրուած է այս վերջին իրականութեամբ։ Ան կ՛ուզէ ըլլալ մեր մտածումներու կեդրոնը, դառնալ մեր սիրոյն յղման կէտը, մեր կեանքին սէրը» յարեց Քահանայապետը մատնանշելով որ Սուրբերը որոնց տօնը կը կատարենք այսօր անցան այդ ուղեւորութենէն ու դարձան վկաներ։

«Անոնք չեղան Յիսուսին երկրպագուները այլ դարձան զայն ընդօրինակողները։ Անոնք չեղան Աւետարանի հանդիսատեսները այլ դերակատարները։ Անոնք չհաւատացին միայն խօսքով այլ գործերով։ Սուրբ Պետրոսը չխօսեցաւ առաքելութեան մասին այլ եղաւ մարդոց որսորդ։ Սուրբ Պօղոս չգրեց մշակուած գրգեր այլ ապրուած նամակներ, մինչ ճամբորդութեան մէջ էր եւ կը վկայէր»։

Պետրոս եւ Պօղոս իրենց կեանքը նուիրեցին Տիրոջ 

Երկուքն ալ իրենց կեանքը նուիրեցին Տիրոջ եւ Եղբայրներուն եւ այսօր մեզ կը հարցաքննեն, որովհետեւ վտանգը կայ, որ մենք եւս կանգ առնենք առաջին հարցումին դիմաց ու մենք մեզ վտանգի չենթարկենք։

Քանիցս, զօր օրինակ, կ՛ըսենք թէ կը փափաքինք Աւետարանին հաւատարիմ Եկեղեցի մը, որ մօտիկ ըլլայ ժողովրդին, աւելի մարգարէական, բայց գործնականին մէջ ոչ մէկ բան կը կատարենք։

Տխուր երեւոյթ է տեսնել շատեր որոնք կը խօսին, կը մեկնաբանեն, բայց քիչեր են վկայութիւն տուողները։ Վկաները չեն կորսուիր խօսքերուն մէջ այլ պտուղ կը պարգեւեն։ Անոնք մեզի կը յիշեցնեն որ Աստուած պէտք չէ ապացուցել այլ ցոյց տալ, պէտք չէ զայն հռչակել յայտարարութիւններով այլ վկայել օրինակով։

Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոսի վկայութիւնները

Նայելով Պետրոսի եւ Պօղոսի կեանքերուն կարող են ծագիլ հարցման կէտեր. Անոնք վկաներ եղան այո սակայն ոչ միշտ օրինակելի։ Պետրոս ուրացաւ Յիսուսը, եւ Պօղոս հալածեց քրիստոնեաները, անոնք սակայն վկայեցին նաեւ իրենց այս անկումները։

Սուրբ Պետրոս կարող էր հրահանգել Աւետարանիչներուն որ իր սխալներու մասին ոչ մի բան գրէին, պատմութիւնը սակայն դուրս կու գայ այնպէս ինչպէս որ է, իր բոլոր թշուառութիւններով։ Նոյնը կ՛ընէ Սուրբ Պօղոսը որ նամակներուն մէջ կը խօսի սխալներու եւ տկարութիւններու մասին։ Ահա թէ ուրկէ կը սկսի վկան. Իր անձին ճշմարտութիւնէն, իր տկարութիւններուն դէմ պայքարէն։

Սուրբ Կոյսը մեր մէջ վառէ իղձը վկայելու Յիսուսին

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր այսօր Տէրը մեզ կը հարցաքննէ «Ո՞վ եմ ես քեզի համար» եւ Պետրոս ու Պօղոս վկաներու միջոցաւ մեզ կը խրախուսէ վար առնելու մեր դիմակները ու հրաժարելու մեզ գաղջ ու միջակ դարձնող արդարացումներէ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութեան աւարտին Հայցելով որ «Սուրբ Կոյսը, առաքեալներու թագուհին, մեզ օգնէ ու մեր մէջ վառէ իղձը վկայելու Յիսուսին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2021, 12:09

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >