Որոնել

Սուրբ Հաղորդութիւնը սուրբերուն վարձատրութիւնը չէ, մեղաւորներուն հացն է. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սուրբ Հաղորդութեան տրամաբանութիւնը մեզ սիրող ու մեր դիւրաբեկութիւնները բուժող Յիսուսը ընկալելէ, որպէսզի մենք ալ սիրենք միւսները ու օգնենք անոնց իրենց դիւրաբեկութիւններուն մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր Իտալիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ կը տօնուի Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը։ Օրուան Աւետարանը մեզի կը ներկայացնէ վերջին ընթրիքին դրուագը (Մարկոս 14, 12-16.22-26)։ Այս խօսերով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը սկիզբ տուաւ Կիրակի 6 Յունիս 2021-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան, որուն առանցքը կազմեց Յիսուսին կողմէ Սուրբ Հաղորդութեան հաստատումի դրուագը։

Տիրոջ խօսքերն ու ժեստերը կը դպչին մեր սրտին. Ան հացը կ՛առնէ իր ձեռքերուն մէջ, կ՛օրհնէ կը բեկանէ եւ կու տայ իր աշակերտներուն ըսելով. «առէք կերէք այս է իմ մարմինս»։

Կեանքին նպատակը անձնուէրումն է, ծառայելն է

«Յիսուս ամենայն պարզութեամբ է, որ մեզի կը պարգեւի ամենամեծ խորհուրդը։ Ան իր կեանքի գագաթնակէտին հասած ինքզինք կը բեկանէ ու մեզի ցոյց կու տայ թէ կանքին նպատակը անձնուէրումն է ու թէ կեանքի ամենամեծ արարքը ծառայելն է» ըսաւ Քահանայապետը որ ապա շեշտը դրաւ «դիւրաբեկ» բառին վրայ, դիտել տալով որ Յիսուս կը դառնայ դիւրաբեկ, նման հացին որ կը փշրուի, բայց անոր ուժը ասոր մէջ կը կայանայ։ «Սուրբ Հաղորդութեան մէջ դիւրաբեկութիւնը զօրութիւն է, զօրութիւնը սիրոյ` որ կը դառնայ փոքր, որպէսզի կարենայ ունկնդրուիլ, սիրոյ զօրութիւն, որ կը բեկանուի ու կը բաժնուի սնունդ ու կեանք տալու համար, սիրոյ զօրութիւն, որ կը մասնահատուի որպէսզի մեզ միացնէ միութեան մէջ» ըսաւ ի մէջ այլոց Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով որ Սուրբ Հաղորդութեան մէջ կայ նաեւ այլ զօրութիւն մը, այն է սիրել ան որ կը սխալի։

Սուրբ Հաղորդութիւնը  մեղաւորներուն հացն է

Յիսուս մեզի կը պարգեւէ Կեանքի հացը ճիշդ այդ գիշեր երբ զինք կը դաւաճանեն ու «դաւաճանութիւնը ամենամեծ ցաւն է անոր համար որ կը սիրէ», նշեց Սրբազան Պապը հաստատելով որ Յիսուս չարին կը պատասխանէ սիրով, ողորմութեամբ։

Ան չի պատժեր մեղաւորը` Յուդան, այլ իր կեանքը կու տայ անոր համար։

Յիսուս նոյնը կ՛ընէ նաեւ մեզի հետ երբ կ՛ընդունինք Սուրբ հաղորդութիւնը, ան գիտէ, որ մենք մեղաւորներ ենք եւ մեծ սխալներ կը գործենք, սակայն չի հրաժարիր իր կեանքը միացնելու մեր կեանքին։ Ան գիտէ թէ մենք իրեն կարիքը ունինք, որովհետեւ Սուրբ Հաղորդութիւնը սուրբերուն վարձատրութիւնը չէ, այլ մեղաւորներուն հացն է, եւ ասոր համար է, որ Յիսուս մեզի հրաւէր կ՛ուղղէ. «առէք եւ կերէք»։

Սուրբ Հաղորդութիւնը արդիւնաւէտ դեղն է բոլոր փակումներուն դէմ

Ամէն անգամ որ ընդունինք կեանքին հացը Յիսուս կու գայ նոր իմաստ տալու մեր դիւրաբեկութեան։ Մեզի կը յիշեցնէ թէ մենք թանկարժէք ենք իր աչքերուն համար։

Մեզի կը կրկնէ թէ մեր թշուառութիւնները վախ չեն պատճառեր իր ողորմութեան։ Եւ մասնաւորապէս Ան իր սիրով կը բուժէ մեզ այն դիւրաբերութիւններէն, որոնցմէ առանձին կարող չենք բուժուիլ։

Սուրբ Հաղորդութիւնը արդիւնաւէտ դեղն է բոլոր փակումներուն դէմ։ Կեանքի Հացը կը բուժէ կարծրութիւնները ու զանոնք կը դարձնէ քաղցր։

Սուրբ Հաղորդութիւնը բուժիչ է որովհետեւ կը միացնէ Յիսուսին ու մեզ կը համակերպէ Անոր ապրելակերպին, Անոր կարողութեան` բեկանուելու ու նուիրելու եղբայրներուն ու չարին պատասխանելու բարիով։

Սիրել եւ գործել Յիսուսին նման։

Ան մեզի ուժ կը պարգեւէ դուրս գալու մենք մեզմէ ու սիրով հպելու ուրիշներու դիւրաբեկութիւններուն վրայ, այնպէս ինչպէս Աստուած մեր հետ կը վարուի։

«Սուրբ հաղորդութեան տրամաբանութիւնը այս է. Ընկալել Յիսուսը, որ մեզ կը սիրէ եւ կը բուժէ մեր դիւրաբեկութիւնները, որպէսզի մենք ալ սիրենք միւսները ու օգնենք անոնց իրենց դիւրաբեկութիւններուն մէջ» յարեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով որ «Սուրբ Կոյսը, որուն մէջ Աստուած մարդեղացաւ, մեզի օգնէ, որպէսզի երախտապարտ սրտով ընկալենք Սուրբ հաղորդութեան պարգեւը, ու մեր կեանքը եւս դարձնենք պարգեւ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2021, 13:27

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >