Որոնել

«Կեանքի ամենամեծ հիւանդութիւնը սիրոյ պակասի հիւանդութիւնն է». Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւն։

Քոյր եղբայր, թոյլ տուր որ Յիսուս բուժէ քու սիրտդ։ Եւ եթէ արդեն փորձարկեցիր Անոր քնքուշ հայեացքը քու վրադ, հետեւէ Յիսուսին եւ գործէ Անոր նման։ Նայիր շուրջդ ու պիտի տեսնես բազմաթիւ մարդիկ, որոնք քու մօտդ կ՛ապրին եւ իրենք զիրենք վիրաւոր ու միայնակ կը զգան։ Անոնք պէտք ունին իրենց զիրենք սիրուած զգալու։
Ունկնդրէ Լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Տեռատես կինը եւ Յայրոսի աղջկան բուժման դրուագները առանցքը կազմեցին Ֆրանչիսկոս Պապին 27 Յունիսի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան, զոր Ան աւանդութեան համաձայն ներկայացուց իր գրասենեակի պատուհանէն։

Տեռատես կինը եւ Յայրոսի աղջկան բուժման դրուագները

«Այսօրուան աւետարանին մէջ Յիսուս կը հանդիպի մեր ամենէ ողբալի իրողութիւններուն` մահուան եւ հիւանդութեան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութեան սկիզբը ակնարկելով Յայրոսի աղջկան որ կը մահանայ մինչ հայրը օգնութեան հայցով դիմած էր Յիսուսին եւ կնոջ` որ տարիներէ ի վեր կը տառապէր արիւնահոսութեան պատճառաւ։

«Յիսուս թոյլ կու տայ որ մեր ցաւն ու մահը իրեն դպչին եւ ան կ՛իրագործէ երկու բուժումներ մեզի ըսելու համար թէ ոչ ցաւը եւ ոչ ալ մահը ունին վերջին խօսքը» յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով կեդրոնանալ կնոջ բուժման դէպքին վրայ։

Կեանքի ամենամեծ հիւանդութիւնը սիրոյ պակասի հիւանդութիւնն է

«Ան, ըսաւ Սրբազան Պապը, իր հիւանդութեան պատճառաւ մեկուսացուած էր, եւ չէր կարող փոխյարաբերութիւններ ունենալ ոչ մէկու հետ։ Ան կ՛ապրէր միայնակ։ Կեանքի ամենամեծ հիւանդութիւնը սիրոյ պակասի հիւանդութիւնն է։ Այդ կինը իր բոլոր ինչքերը ծախսած էր բուժում գտնելու համար բայց ի զուր։ Մենք ալ քանիցս դիմած ենք սխալ լուծումներու յագեցնելու համար մեր սիրոյ պակասը ու կը մտածենք թէ մեզ երջանիկ դարձնողը դրամն ու յաջողութիւնն է, եւ վերջաւորութեան մենք մեզ կը գտնենք այդ կնոջ նման առանց դրամի եւ առանց անդորրութեան» ըսաւ ի մէջ այլոց Սրբազան Քահանայապետը։

 Յիսուսին հետ մտերմութեան մէջ մտնելով է որ մենք կը բուժուինք

«Կինը սակայն վերջաւորութեան կ՛ընտրէ Յիսուսը եւ բազմութեան մէջ Յիսուսին թիկունքին կ՛երթայ ու կը դպչի անոր զգեստին։ Անիկա կը փնտռէ ուղիղ շփում Յիսուսին հետ ու մենք, մասնաւորապէս այս ժամանակներուն է որ հասկցանք թէ որքան արժէքաւոր է շփումը, յարաբերութիւնները» նկատել տուաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ այդ մէկը վաւեր է նաեւ Յիսուսին համար։

«Յաճախ մենք կը գոհանանք ընդունելով յարգել ու պահել օրէնքները ու կրնկել աղօթքները, Տէրը սակայն կ՜ակնկալէ որ մենք իրեն հանդիպինք, որ իրեն բանանք մեր սիրտը, ու այդ կնոջ նման դպչինք Անոր զգեստին բուժում ստանալու համար։ Որովհետեւ Յիսուսին հետ մտերմութեան մէջ մտնելով է որ մենք կը բուժուինք» նշեց ապա Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով` թէ «այս է Յիսուսին փափաքը։ Ան կը փնտռէ հաւատքով լի դիմագիծն ու սիրտը։ Կանգ չ՛առներ վէրքերուն եւ անցեալի սխալներուն դիմաց, Ան կը գերագանձէ մեղքը եւ նախապաշարումները։ Կանգ չառներ երեւոյթներու դիմաց այլ կը հասնի սրտին եւ կը բուժէ ան որ բոլորէն մեկուսացուած էր, քնքշութեամբ զայն կոչելով «աղջիկս», գնահատելով անոր հաւատքը ու անոր վերապարգեւելով ինք իր անձին վրայ վստահութիւնը»։

Թոյլ տուր որ Յիսուս բուժէ քու սիրտդ

Քոյր եղբայր, թոյլ տուր որ Յիսուս բուժէ քու սիրտդ։ Եւ եթէ արդեն փորձարկեցիր Անոր քնքուշ հայեացքը քու վրադ, հետեւէ Յիսուսին եւ գործէ Անոր նման։ Նայիր շուրջդ ու պիտի տեսնես բազմաթիւ մարդիկ, որոնք քու մօտդ կ՛ապրին եւ իրենք զիրենք վիրաւոր ու միայնակ կը զգան։ Անոնք պէտք ունին իրենց զիրենք սիրուած զգալու։

Միայն սէրն է որ կը բուժէ կեանքը

«Յիսուս քեզմէ կը խնդրէ ունենալ հայեացք մը, որ կանգ չառներ արտաքինի դիմաց այլ կ՛ընթանայ դէպի սիրտը, ոչ թէ դատող այլ ընկալող հայեացք մը։ Որովհետեւ միայն սէրն է որ կը բուժէ կեանքը» յարեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով Մխիթարող Սուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը, «որպէսզի մեզ օգնէ շոյանք մը տանելու մեր ճանապարհներու վրայ հանդիպած վիրաւոր սրտերուն» ան ապա դարձեալ շեշտեց. «Մի դատէք, մի դատէք միւսներուն անձնական եւ ընկերային իրականութիւնները։ Աստուած կը սիրէ բոլորը։ Մի դատէք ու թոյլ տուէք որ ուրիշները ապրին անոնց մօտենալով սիրով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2021, 12:10

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >