Քոյր Նորմա Փիմենթել Քոյր Նորմա Փիմենթել 

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը գաղթականներուն հոգ տանող Քոյր Նորմային։

«Շնորհակալութիւն հիւրընկալութեան համար, ընկալելու համար այդ գաղթականները որոնք այնտեղ կը հասնին աւելի լաւ կեանք մը գտնելու համար, կու գան զարգանալու մինչ ոմանք կը փախչին ընկերային իսկական դժոխքներէ»
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Մեքսիքայի հետ սահմանի մօտ Միացեալ ՆահաՆգներու Ռիօ Կրանտէ հովիտի Քարիթասի տնօրէնուհի Քոյր Նորմա Փիմենթել, Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ 3 մայիսին ուղարկած նամակի որպէս պատասխան անորմէ ստացաւ լսատեսողական պատգամ մը, որուն մէջ Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն կը յայտնէ անոր եւ անոր համագործակիցներուն, գաղթականներուն ի նպաստ տածած աշխատանքին համար։

«Շնորհակալութիւն հիւրընկալութեան համար, ընկալելու համար այդ գաղթականները որոնք այնտեղ կը հասնին աւելի լաւ կեանք մը գտնելու համար, կու գան զարգանալու մինչ ոմանք կը փախչին ընկերային իսկական դժոխքներէ» կ՛ըսէ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ, հինգ անգամ շեշտելով շնորհակալութիւն բառը ու հաստատելով` որ «գաղթականները պէտք է ընկալուին, պէտք է պաշտպանուին ու պէտք է անոնց տրամադրուի աջակցութիւն եւ պէտք է ընդելուզուին»։

«Չորս կէտեր. Ընկալել, պաշտպանել, առաջնորդել եւ ընդելուզել» ըսաւ Սրբազան Պապը անոնց ու անոնց խնամքին տակ գտնուող անձերուն վստահեցնելով իր աղօթքները ու պատգամը աւարտեց բոլորին վրայ հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2021, 09:00