Քահանայապետի ուղիղ եթերով հանդիպում Սքոլաս Օքուրենդէսի երիտասարդներուն հետ 2020-ին Քահանայապետի ուղիղ եթերով հանդիպում Սքոլաս Օքուրենդէսի երիտասարդներուն հետ 2020-ին 

Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Վատիկանի «Սքոլաս Օքուրենդէս» հաստատութեան եւ Ռատիօ Վատիկանին։

Այցելութիւններուն առիթն է Օսսերվաթորէ Ռոմնաօ Օրաթերթի հիմնադրութեան 160-րդ ամեակը, Ռատիօ Վատիկանի գործունէութեան 90 ամեակը եւ Սքոլասի նոր կեդրոններու բացումը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը Տիար Մաթթէօ Պրունի հրապարակեց երկու տարբեր յայտարարութիւններ, որոնց միջոցաւ հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ օրերուն կատարելիք երկու յատուկ այցելութիւնները, առաջինը` 20 Մայիսին, Վատիկանի Թրասթեվերէ թաղամասին մէջ գտնուող «Սքոլաս Օքուրենդէս»ի կեդրոն, իսկ երկրորդը` 24 Մայիսին, «Փալացցօ Փիօ - Պիոսի անուան շէնք», ուր կը գտնուին Ռատիօ Վատիկանի, Վատիկան Նիուզի եւ Օսսերվաթորէ Ռոմանոյի խմբագրական գրասենեակները։ Քահանայապետը այս այցելութիւնը պիտի կատարէ Օսսերվաթորէ Ռոմնաօ Օրաթերթի հիմնադրութեան 160-րդ ամեակի եւ Ռատիօ Վատիկանի գործունէութեան 90 ամեակին առիթներով։ Այցելութեան ընթացքին Սրբազան Պապը պիտի հանդիպի Վատիկանեան հաղորդակցութեան քարտուղարութեան մաս կազմող վերոնշեալ երկու կառոյցներու անձնակազմին հետ։

Սքոլաս Օքուրենդէսի նոր կեդրոններու բացում    

Իսկ Սքոլաս Օքուրենդէսի Քահանայապետական այցելութեան պատճառն է աշխարհի հինգ ցամաքեցրու մէջ «Սքոլասի» նոր կեդրոններու բացման առիթը։

Այցելութեան ընթացքին Քահանայապետը պիտի հանդիպի Իտալիոյ զանազան շրջաններու երիտասարդներուն ապա սպանա-ամերիկեան երիտասարդներուն հետ, որոնք Անոր պիտի ներկայացնեն անցեալ օրերուն Մատրիտի մէջ կայացած «Միասին երազել աւելի լաւ ապագայի մը ճանապարհը» նիւթով հաւաքին եզրակացութիւնները։ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ուղիղ եթերով կապ պիտի հաստատէ Սքոլասի Սիտնէյի, Վալենսիայի. Ուաշինկթընի նոր դպրոցներուն հետ ու պիտի կապուի նաեւ Արժանթինի Չաքոյի «El Impenetrable» շրջանի երիտասարդներուն հետ։

Քահանայապետի այցելութեան առթիւ մեկնարկը պիտի կատարուի նաեւ «Laudato Sì e Fratelli Tutti» շրջաբերականներուն ներշնչուած «բնապահպանական ղեկավարներու միջազգային Դպրոցին եւ քաղաքականութեան կազմաւորումի Դպրոցին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2021, 09:07