Սուրբ Իգնատիոս Լոլոլան Սուրբ Իգնատիոս Լոլոլան 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Սուրբ Ինգնատիոսի նման հետեւինք Յիսուսի ցոյց տուած ուղիին»։

Սուրբ Իգնատիոսի նուիրուած առցանց աղօթքի առիթով Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 23 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը յղեց Սուրբ Իգնատիոսի տարուան նուիրուած առցանց կազմակերպուած աղօթքի առթիւ

Ունկնդրէ լուրը

Պատագմին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ «Ուրախ եմ Իգնատիոսեան տարուան աղօթքին միանալուս համար որ սուրբ Իգնատիոսի ապաշխարութեան տօնակատարութիւնն է ։ Յուսամ, որ բոլոր անոնք որոնք կը ոգեւորուին Իգնատիոսի հոգեւորականութենէն կարենան իսկապէս ապրիլ այս ապաշխարութեան տօնակատարութիւնը։
500 տարի առաջ Իգնատիոսի բոլոր երազները ամբողջութեամբ անհետացան. Ռումբի գնդակը վիրաւորեց զինք եւ ամբողջ կեանքը փոխեց ինչպէս նաեւ աշխարհի ընթացքը։ Այդ ռումբի գնդակը ձախողեցուց Իգնատիոսի կեանքի երազները։ Սակայն աւելի մեծ երազ մըն ունէր։ Աստուծոյ երազը կեդրոնացած չէր Իգնատիոսի վրայ, հոգիներու փրկութեան Փրկութեան երազ մըն էր , երազ մը աշխարհէն դուրս՝առաջնորդուած աղքատ, համեստ Յիսուսի կողմէ ։
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ դարձի գալը առօրեայ հարց մըն է։ Իգնատիոսի ապաշխարութիւնը սկսաւ Փափլոնայէն, Ան ապաշխարեց իր կեանքի ընթացքին՝ օրէ, օրէ, դա կը նշանակէ թէ իր աբողջ կեանքին ընթացքի Քրիստոսը իր կեանքին կեդրոն զետեղեց, զատորոշումի միջոցաւ։

Ուրիշները նշաններ են դարձի գալու։

Այս երկրաւոր ուխտագնացութեան մէջ կը հանդիպինք ուրիշներուն, ինչպէս կատարեց Իգնատիոսը՝ կեանքի մէջ։ Այս ուրիշները նշաններ են, որոնք մեզ կ՝օգնեն պահպանելու ուղղութիւնը, եւ կը հրաւիրեն միշտ դարձեալ դարձի գալու։

Անոնք եղբայրներ են, կացութիւններ են եւ Աստուած կը խօսի անոնց միջոցաւ։ Ունկնդրենք անոնց ձայնը, Կարդանք կացութիւնները։ Մենք ճանապարհներու նշաններ ենք՝ ուրիշներու համար, ցոյց տալով Աստուծոյ ուղեւորութիւնը։ Ապաշխարութիւնը միշտ կը կատարուի երկխօսութեան մէջ, Աստուծոյ եւ ուրիշներու հետ երկխօսութեան մէջ ինչպէս նաեւ աշխարհի հետ։

Կ՝աղօթեմ որպէսզի բոլոր անոնք, որոնք կը ներշնչուին Իգնատիոսի հոգեւորականութենէն կարենան այս ճամբորդութիւնը կատարել Իգնատիոսի ընտանիքին հետ։ Կ՝աղօթեմ, որպէսզի շատեր հասնին բացայայտելու այս հոգեւորականութեան հարստութիւնը, որ Աստուած շնորհեց Իգնատիոսին։ Սրտանց կ՝օգնեմ ձեզի, որպէսզի այս տարի իսկապէս ըլլայ ներշնչում ՝ երթալու աշխարհի մէջ, օգնելու հոգիները, տեսնելով ամէն նոր բաները Քրիստոսի մէջ։ Ոչ մէկը առնցին կը փրկուի, կամ հասարակութեան մէջ կամ չենք փրկուիր։ Յիսուս ցոյց տուաւ ուղեւորութիւն մը։ Մենք մեզի կ՝օգնենք գտնելու եւ հետեւելու այս ուղեւորութիւնը, փոխադարձաբար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2021, 10:10