Մատակասկարի Մորոնտավա թեմին աթոռանիստ եկեղեցւոյ օծման առթիւ Քահանայապետին պատգամը։

Սուրբ Յովսէփէն կը խնդրեմ որ ձեզ |պաշտպանէ։ Ձեզի կը միանամ այս նոր աթոռանիստ եկեղեցւոյ օրհնութեան համար։ Աստուած ձեզ օրհնէ։ Եւ մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար» ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով պատգամը։

Վատիկան Նիուզ

Շաբաթ մէկ մայիսին, Սուրբ Յովսէփ աշխատաւորի տօնին օրը, Մատակասկար Մոնրոնտավա թեմին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Միանտրիվազօյի Սուրբ Յովսէփ» անուամբ Թեմիս համաաթոռանիստ եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը, որուն առիթով Նորին Սրբութիւնը ուզեց իր մասնակցութիւնը բերել այս կարեւոր արարողութեան ուղարկելով իր մէկ լսատեսողական պատգամը։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, կը դիտեմ նոր աթոռանիստ եկեղեցւոյ նկարները, ապագայի աթոռանիստ եկեղեցին, որ պիտի օծուի մէկ մայիսին, Սուրբ Յովսէփ Աշխատաւորի տօնին օրը։ Կը շնորհաւորեմ ձեզ ձեր իրականացուցած աշխատանքին համար եւ կը շնորհաւորեմ նաեւ կրթական, ընկերային ու կրօնական գործը ու բոլոր այն ջանքերը, որ կը գործադրէք ի նպաստ ջուրի ջրանցքներուն, որպէսզի միշտ աւելիով բրինձ ունենաք ձեր մօտ» ըսաւ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ աւելցնելով թէ «Սուրբ Յովսէփէն կը խնդրեմ որ ձեզ |պաշտպանէ։ Ձեզի կը միանամ այս նոր աթոռանիստ եկեղեցւոյ օրհնութեան համար։ Աստուած ձեզ օրհնէ։ Եւ մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար» ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով պատգամը։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը

Յայտնենք թէ Եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը գլխաւորեց Թեմին առաջնորդ Արհ, Մարի Ֆապիէն Ռահարիլամպոնիայնա որ իր խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Քահանայապետին իր հայեացքը ուղղած ըլլալուն համար «մեզի որ այդքան հեռու ենք» ըսաւ Գերապայծառ Ռահարիլամպոնիայնա հաստատելով որ Սրբազան Քահանայապետը սրտով կը տեսնէ նաեւ անոնք որոնք հեռու են ու շատ անգամ անյայտ են աչքերուն։

Աստուծոյ աւելի մօտիկ

Թեմին առաջնորդ դիտել տուաւ նաեւ թէ համաաթոռանիստ եկեղեցին կառուցուեցաւ տեղական բնակչութեան ջանքերով 200 քար կտրող աղքատներու ձեռքերով իրենք զիրենք աւելի մօտիկ զգալով Աստուծոյ։

Արդարեւ սոյն եկեղեցին Մորոնտավա կեդրոնական քաղաքէն 300 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի ու մխրճուածէ անապատային շրջանի մը մէջ։ Բնակչութեան 80 առ հարիւրը կը հետեւի հինաւուրց կրօնի մինչ 15 առ հարիւրը կաթողիկէ են, թէեւ «հոգեկրօն» հաւատացեալները բաց են Աւետարանին։

Արուարձանային Եկեղեցի

Տեղական առաջնորդը կոչ ուղղած է զանազան միաբանութիւններուն առաքելութիւններ հաստատելու այս ամայի ու հեռու տարածաշրջանին մէջ ու այդ կոչին համապատասխանած են արդեն ի մէջ այլոց Յիսուսեանները,Սուրբ Երրորդութեան հայրերը, Սալեզեան, Քարմելիթան եւ Յիսուսի Սուրբ Սրտին մայրապետները եւ այլք։

«Այժմ կան 50 նոր քրիստոնեայ հասարակութիւնները եւ աւելի քան 6000 մանուկները կը յաճախն մեր դպրոցները» յայտնեց գերապայծառ Ռահարիլամպոնիայնա մատնանշելով նոր եկեղեցւոյ կառուցման կարեւորութեան ու նշելով թէ այդ կառուցումը կարելի եղաւ շնորհիւ տեղական ժողովուրդի յանձնառումին ու ժրաջան աշխատանքին որոնք կառուցեցինք նաեւ 50 քմ երկարութեամբ ջրանցք մը։

Սուրբ Յովսէփի հետքերով

Համաաթոռանիստ եկեղեցւոյ կառուցումը կարելի եղաւ նաեւ շնորհիւ կնոջ մը առատաձեռնութեան որ Քահանայապետն հետ հանդիպած էր անոր Մատակարար կատարած առաքելական այցելութեան ընթացքին ու անոր մեկնումէն ետք իր ընտանիքին հետ միասին որոշեցին սատարել շինութեան։ Արդարեւ անոր Յովսէփ անունով եղբօր թողած ժառանգութիւնը սկիզբ տուաւ ծրագրին եւ նկատելով որ Սրբազան Քահանայապետը այս տարին հռչակեց Սուրբ Յովսէփի տարի ու թաղամասը ուր կառուցուած է Եկեղեցին որպէս պաշտպան Սուրբ ունի Սուրբ Յովսէփը որոշուեցաւ Եկեղեցին նուիրեց Սուրբ Յովսէփին եւ անոր օծումը կը կատարուի մէկ մայիսին Սուրբ Յովսէփ աշխատաւորի տօնին օրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/05/2021, 09:30