Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ

«Քրիստոսի մէջ եղբայրութիւն» թեմայով եղբայրական հանդիպում զրոյցին ուղղուած Քահանայապետին պատգամը։

Գնա եւ իմ եղբայրներուս ըսէ թէ ես կը վերադառնամ դէպի իմ Հայրս եւ ձեր Հայրը, դէպի իմ Աստուածս ու ձեր Աստուածը։ (Յովհաննէս 20, 17)։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 15 մայիս 2021-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը ուղղեց, Իտալական Խարիզմադիկ խորհրդակցութիւն շարժումի կողմէ կազմակերպուած առցանց հանդիպումին, որուն բնաբանն է «Քրիստոսի մէջ եղբայրութիւն», Գնա եւ իմ եղբայրներուս ըսէ թէ ես կը վերադառնամ դէպի իմ Հայրս եւ ձեր Հայրը, դէպի իմ Աստուածս ու ձեր Աստուածը։ (Յովհաննէս 20, 17)։

Հաւաքին ի մէջ այլոց ելոյթ կ՛ունենան Աւետարանական եկեղեցւոյ Հովիւ ճովաննի Թրայեթթինօ եւ «Յիսուսի Հասարակութիւն» շարժումի հիմնադիրը` ՓրոՖ Մաթթէօ Քալիզի, որոնք 1992-ին Պարի քաղաքին մէջ թափ տուած էին սոյն երկխօսութեան։

Լսատեսողական իր հակիրճ պատգամին մէջ Քահանայապետը նախ նշեց թէ ինք իր այս պատգամով կը փափաքի մօտ ըլլալ հաւաքին մասնակցողներուն, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց երկար տարիներու աշխատանքին համար, 1992-էն մինչեւ օրս։

«Ծառայենք միասին։ Եղբայրութիւնը»

Սրբազան Պապը ակնարկեց հուսկ այս տարուայ նիւթին զայն որակելով եղբայրական երկխօսութեան հանդիպում, որուն առաջնորդն է Տիրոջ Խօսքը. «Գնա եւ իմ եղբայրներուս ըսէ թէ ես կը վերադառնամ դէպի իմ Հայրս եւ ձեր Հայրը, դէպի իմ Աստուածս ու ձեր Աստուածը։ (Յովհաննէս 20, 17)» եւ ասկէ մեկնելով նշեց` թէ «Յիսուս մեզ կ՛ուղարկէ հռչակելու թէ Ան մեր հետն է, թէ Հօր առջեւ է ու մեզի կ՛ընկերանայ, ու թէ որպէս քրիստոնեաներ, առանց շեշտադրելու բաժանումները, որոնք տակաւին գոյութիւն ունին եւ որոնք սակայն արգելք չեն իրար հետ աշխատելու, քալենք միասին, լուանք մէկը միւսին ոտքերը, յիշենք Պարին» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա շեշտեց. «Ծառայենք միասին։ Եղբայրութիւնը»։

«Ես ձեզի կը միանամ ու հոգեպէս կը մասնակցիմ այս հանդիպումին։ Կ՛աղօթեմ ձեզի համար ու ձեր հետ եւ կը խնդրեմ որ դուք ալ աղօթէք ինծի համար» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, որ պատգամը աւարտեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով «այս եղբայրութեան նշանին համար»։ «Շնորհակալութիւն», ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով պատգամը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2021, 11:30