«Թոյլ տանք բարեփոխուիլ Սուրբ Հոգիէն որպէսզի կարողանանք փոխել աշխարհը». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Քահանայապետին պատգամը Պենտեկոստէի տօնի համամիութենական հսկումին մասնակիցներուն, կազմակերպուած « Charis »ի կողմէ Երուսաղէմի Christ Church Անկլիքան Եկեղեցւոյ մէջ։
Ունկնդրէ Լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 22 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղեց Պենտեկոստէի տօնին առթիւ Երուսաղէմի  Christ Church Անկլիքան Եկեղեցւոյ մէջ «Charis »ի կողմէ կազմակերպուած  համամիութենական հսկումին զանազան քրիստոնեայ դաւանանքի պատկան մասնակիցներուն։

Քահանայապետը նախ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Անկլիքան Եկեղեցւոյ որ հիւրընկալած է սոյն հաւաքը ինչպէս նաեւ շնորհակալ եղաւ անոնց՝ որոնք կարելի դարձուցին ձեռնարկը եւ առաջին հերթին «իմ եղբայրս եւ բարեկամս Քանթըրպուրրիի Արքեպիսկոպոս Ժասթին Ուելպին», ըսաւ Սրբազան Պապը, «որ մեր հետ կիսեց Սուրբ Հոգիի մասին գեղեցիկ խորհրդածութիւնը»։

Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Charis-ին՝ Կաթողիկէ խարիզմադիկ վերանորոգման միջազգային ծառայութեան, «որ իրականութիւն դարձուց այդ հսկումի միջոցաւ առաքելութիւնը զոր անոր յանձնեցի, աշխատելու համար քրիստոնեաներու միութեան համար» յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով, թէ «այս երեկոն յատուկ երեկոյ է» եւ ներկաներուն հետ բաժնեկցելով իր սրտին մէջ պահպանուած մտածումներ, մտաբերելով «Երուսաղէմը, Աբրահամի զաւակներուն սուրբ քաղաքը»։

Երուսաղէմը, Աբրահամի զաւակներուն սուրբ քաղաքը

«Կը մտածեմ վերնատան ուր Յիսուսին խոստացած Հօրմէն ուղարկուածը՝  Սուրբ Հոգին զօրութեամբ կ՛իջնէ  Մարիամի եւ աշակերտներուն վրայ, ընդմիշտ փոխակերպելով անոնց կեանքը եւ համայն պատմութիւնը» ըսաւ Քահանայապետը։

«Կը մտածեմ Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ, Մայր Եկեղեցին, առաջինը, Յիսուսին` Մեսիայի հաւատացեալներուն եկեղեցին, որոնք բոլորն ալ հրեայ էին»  աւելցուց Ան ակնարկելով գործ առաքելոց գիրքին մէջ նկարագրուած հոգեգալստեան դրուագին ու շեշտը դնելով այն իրականութեան վրայ, թէ Յիսուսին հաւատացողները «իրար կը սիրէին» եւ «իրարու հետ կը բաժնեկցէին ամէն բան» ու ասկէ մեկնելով հաստատեց թէ «զանոնք յատկանշողը եղբայրական սէրն է» ու «Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը զանոնք հասկնայի կը դարձնէ»։

Տեսէք ինչպէս զիրար կը սիրեն

Այս երեկոյ ըսաւ Սրբազան Պապը իմ մէջս կը հնչէ այդ «տեսէք ինչպէս զիրար կը սիրեն» խօսքը նշելով որ «տխուր երեւոյթ է երբ լսենք քրիստոնեաներու մասին «տես թէ ինչպէս կը կռուին» խօսքը» եւ ասկէ մեկնելով հարց տուաւ. «ի՞նչ կ՛ըսէ աշխարհը այսօր քրիստոնեաներու մասին»։

«Մենք մեղանչեցինք Աստուծոյ ու մեր եղբայրներուն դէմ» ըսաւ Քահանայապետը։ բաժնուած ենք, ու հազար մասերով կոտրեցինք այն ինչ որ Աստուած իրականացուց ամենայն սիրով, քնքշութեամբ եւ գորովով։ Ամէնքս, ամէնքս կարիքը ունինք ներում հայցելու բոլորի Հօրմէն ու նաեւ կարիքը ունինք ներելու մենք զմեզ։

Եսասիրութեան ժանտախտը

«Եթէ մշտապէս անհրաժեշտութիւնը կար  փոխադարձ սիրոյ մէջ քրիստոնեաներու միութեան, այսօր այս մէկը աւելի քան երբեք հրատապ է» ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հրաւիրեց դիտել աշխարհը, ուր «ժանտախտը որ հետեւանքն է ոչ միայն վիրուսին այլեւ եսասիրութեան ու ագահութեան, այնպէս կ՛ընէ՝ որ աղքատները դառնան աւելիով աղքատ եւ հարուստները միշտ աւելի հարուստ։ Բնութիւնը հասած իր հնարաւորութիւններու սահմանին ՝ մարդու գիշատիչ գործողութեան շնորհիւ» նկատել տուաւ Սրբազան Հայրը։

Եկ Սիրոյ Հոգի եւ բարեփոխէ աշխարհին դիմագիծը

«Եղբայրներ եւ քոյրեր այսօրուայ երեկոն կարող  է մարգարէութիւն մը ըլլալ, կարող է ըլլալ սկիզբը վկայութեան մը, որ մենք քրիստոնեաներս միասին պէտք է պարգեւենք աշխարհին. ըլլալ վկաները Աստուծոյ սիրոյն, որ մեր սրտերուն մէջ զեղուեցաւ մեզի տրուած Սուրբ Հոգիով» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւէր ուղղելով բոլոր քրիստոնեաներուն միասնաբար հայցելու «Եկ Սուրբ Հոգի, Եկ Սիրոյ Հոգի եւ բարեփոխէ աշխարհին դիմագիծը, ու բարեփոխէ իմ սիրտս»։

Թոյլ տանք բարեփոխուիլ Սուրբ Հոգիէն

«Այս գիշեր ձեզ կը խրախուսեմ իրական դարձնելու առաջին քրիստոնեայ հասարակութեան վկայութիւնը. «Տես ինչպէս զիրար կը սիրեն»։ Դուրս ելէք միասին ու աշխարհը վարակեցէք։ Թոյլ տանք բարեփոխուիլ Սուրբ Հոգիէն, որպէսզի կարողանանք փոխել աշխարհը» շեշտեց Սրբազան Պապը որ ապա պատգամը աւարտեց հաստատելով, որ «Տէրը միշտ հաւատարիմ է իր խոստումներուն» ու մէջբերեց Եսայի Մարգարէին խօսքերը. «Օրերու վերջաւորութեան Տիրոջ տան սարը՝ հաստատ պիտի ըլլայ լեռան գլխին, եւ կը բարձրանայ բլուրներէն վեր։ Եւ յորդելով անոր մօտ պիտի գան բոլոր ազգերը։ Եւ շատ ժողովուրդներ պիտի գան եւ ըսեն. Եկէք բարձրանանք Տիրոջ լեռը, Յակոբի Աստուծոյ տունը. Որպէսզի ան մեզի սորվեցնէ իր ճանապարհները, եւ քալենք անոր շաւիղներուն վրայ. Որովհետեւ Սիոնէն պիտի ելլէ  օրէնքը, եւ Տիրոջ խօսքը՝ Երուսաղէմէն։ Եւ Ան պիտի ըլլայ դատաւորը հեթանոսներու մէջ, եւ իրաւարարը  շատ մը ազգերուն մէջ։

Եւ անոնք իրենց սուրերը կտրելով  խոփեր պիտի շինեն, եւ իրենց նիզակներով՝ յօտոցներ. Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չի բարձրացնէ, եւ այլեւս պատերազմի արուեստը պիտի չի սորվին (Եսայի 2, 2-4).Ամէն։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2021, 23:00