Որոնել

Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն. Աղօթքի ընդունումը Աստուծոյ կողմէ

Աղօթքը կախարդական ցուպ մը չէ։ Աստուած է, որ մեզ դարձի պիտի բրէ եւ ոչ թէ հակառակը։
Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի 26 մայիս 2021-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը բազմաթիւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ Վատիկանի Սան Տամազօ շրջափակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը եւ այդ առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրոնացուց աղօթքի վրայ խօսելով աղօթքի ընդունելութեան մասին։

Աղօթքի անլսելութիւնը։ Աղօթքը կախարդական ցուպ մը չէ

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս» ըսաւ Սրբազան Պապը, «բոլորս կ՛աղօթենք, կ՛աղերսենք, յաճախ սակայն կը թուի թէ մեր աղօթքները կը մնան անլսելի, ու թէ այն ինչ որ խնդրեցինք մեզի կամ ուրիշներուն համար չ՛իրականացաւ։

Իսկ երբ մեր աղօթքին դիտաւորութիւնը վեհանձն է, ինչպէս զոր օրինակ հիւանդի մը բուժման համար աղօթքը, կամ պատերազմի դադրեցումին համար աղօթքը, այդ աղօթքին անլսելութիւնը մեզի գայթակղեցուցիչ կը թուի։

Մենք մշտապէս կ՛աղօթենք պատերազմներու աւարտին համար։ Համայն աշխարհին մէջ պատերազմներ կան, մտաբերենք Եմէնը, Սուրիան, տարիներէ ի վեր պատերազմի մէջ երկիրներ են։ Ու մենք կ՛աղօթենք սակայն այդ պատերազմները չեն վերջանար։ Ի՞նչպէս կարելի է այս մէկը։

Ոմանք նոյնիսկ կը դադրին աղօթելէ մտածելով թէ իրենց խնդրանքը ընդունելի չէ եղած (Քրիստոնէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 2734)։

«Բոլորս ապրած ենք այս փորձառութիւնը» յարեց Սրբազան Պապը դիտել տալով որ «այս ուղղութեամբ Քրիստոնէականը մեզի լաւ ամփոփում մը կ՛առաջարկէ. Ան մեզ կը զգուշացնէ մեր հաւատքը իսկական կերպով չապրելու վտանգէն ու մեր Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը փոխակերպելու կախարդական իրողութեան մը։ Աղօթքը կախարդական ցուպ մը չէ։ Անիկա զրոյց մըն է Տիրոջ հետ։ Արդարեւ երբ կ՛աղօթենք վտանգը կայ, որ մենք պահանջենք որ Աստուած մեզի ծառայէ, փոխանակ որ մենք ծառայենք Անոր (Քրիստոնէական 2735)։

Հայր մեր աղօթքը

Մինչ Յիսուս իմաստաբար մեզի սորվեցուց «Հայր մեր» աղօթքը, որ իր կարգին պահանջներու աղօթք է, սակայն անոր առաջին պահանջները Աստուծոյ կը վերաբերին։ Մենք կը պահանջենք ոչ թէ մեր ծրագիրները իրականանան այլ իրականանայ Աստուծոյ կամքը։ «Թոր Սուրբ ըլլայ Քու անունդ. Թող գայ Արքայութիւնդ, Թող կատարուի Քու կամքդ (Մատթ 6, 9-10)

Սուրբ Պօղոսը մեզի կը յիշեցնէ թէ մենք չենք գիտեր նոյնիսկ թէ որոնք ենք մեզի յարմար բաները զոր պէտք է խնդրենք։ Առ այդ երբ աղօթենք մենք պէտք է ըլլանք խոնարհ, որպէսզի մեր խօսքերը ըլլան իսկապէս աղօթք եւ ոչ թէ անհեթեթութիւն զոր Աստուած կը մերժէ։ Կարելի է որ պատահի, որ մենք աղօթենք նաեւ սխալ պատճառներու համար։ Գիտակից ըլլալու ենք թէ աղօթքի մէջ Աստուած է, որ մեզ դարձի պիտի բերէ եւ ոչ թէ հակառակը։ Խոնարհութիւնն է առանցքը։

Ես կու գամ աղօթելու բայց դուն Տէր, դարձի բեր սիրտս, որպէսզի ան հայցէ այն ինչ որ աւելի լաւ է իմ հոգեւոր առողջութեանս համար։

Ի՞նչու կը թուայ որ Աստուած աղօթքները չի լսեր

Այսուամենայնիւ գայթակղութիւնը կը մնայ։ Երբ մարդիկը աղօթեն անկեղծ սրտով, երբ անոնք խնդրեն բարիքներ՝ որոնք կը համապատասխանեն Աստուծոյ թագաւորութեան, երբ մայր մը աղօթէ իր զաւկին առողջութեան համար, «ի՞նչու կը թուայ որ Աստուած այդ աղօթքները չի լսեր», հարց տուաւ Սրբազան Պապը ու նշեց` թէ այս հարցումի պատասխանելու համար պէտք է խորհրդածել Աւետարաններուն վրայ։

Յիսուսին վարուելակերպը

Յիսուսին կեանքի դրուագները լի են աղօթքներով ու բոլորն ալ տառապանքով ներծծուած աղօթքներ են։ Շատ անգամ կը նշմարենք, որ Յիսուսին պատասխանը անմիջական չէ։ Մտաբերենք Քանանայի կինը որ Յիսուսին կը դիմէ իր աղջկան համար, ան շատ անգամներ պիտի պնդէ, որպէսզի իր աղօթքը լսելի ըլլայ (Մատթ 15, 21-28)։ Կամ ալ մտածենք անդամալոյծ մարդուն, որուն չորս բարեկամները զինք Յիսուսին մօտ կը տանին։ Տէրը սկիզբը անոր կը ներէ մեղքերը եւ միայն ետքն է, որ կը բուժէ անոր մարմինը (Մարկոս 2, 1-12)։ Ուստի որոշ առիթներով ողբերգութեան լուծումը անմիջական չէ։ Աստուծոյ ժամանակները տարբեր են մեր ժամանակներէն։

Յայրոսի աղջկան բուժումը

Այս տեսանկիւնէն յատուկ ուշադրութեան արժանի է Յայրոսի աղջկան բուժումը (Մարկոս 5, 21-33)։Կայ հայր մը, որուն աղջիկը ծանր հիւանդ է եւ ասոր համար կը հայցէ Յիսուսին օգնութիւնը։ Տէրը կ՛ընդունի անոր օգնել ու մինչ անոնք դէպի տուն կ՛ընթանային կը հասնի լուրը թէ աղջիկը մեռաւ։ Յիսուս Յայրոսին կ՛ըսէ. «մի վախնար միայն հաւաք ունեցիր»։ (Մարկոս 5,36)։ Այլ խօսքով շարունակէ հաւաք ունենալ։ Հաւատքն է արդարեւ որ աղօթքին թիկունք կը կանգնի։ Եւ Յիսուս այդ աղջիկը կը բուժէ մահուան քունէն, թէեւ Յայրոսը կարճ ժամանակի համար ստիպուած կ՛ըլլայ քալել խաւարին մէջ իր հետ ունենալով միայն հաւատքին բոցը։ Տէր ինծի հաւատք տուր։ Թող իմ հաւատքս աճի։ Այս շնորհքը հայցենք։ Հաւատք ունենալ։ Յիսուս աւետարաններուն մէջ կը յայտնէ թէ հաւատքը կարող է լեռները տեղափոխել, իսկական հաւատքը անշուշտ։

Երրորդ օրը միշտ կայ Յարութիւնը

Գեթսէմանիի մէջ եւս Յիսուսին Հօր ուղղած աղօթքը կը թուի անլսելի ըլլալ։ Որդին պիտի խմէ չարչարանքի բաժակը մինչեւ վերջ։ Սակայն Աւագ Շաբաթը վերջին հանգրուանը չէ, որովհետեւ երրորդ օրը կայ յարութիւնը։

Չարը տէր է մինչեւ վերջընթեր օրը. Ան սակայն երբեք վերջին օրուան տէրը չէ։ Միայն վերջընթեր օրուան, երբ գիշերը աւելի մութ է, արեւածագէն առաջ։ Այդ պահուն է որ ի յայտ կու գայ Չարին փորձութիւնը, մեզի համոզելու որ ինք յաղթեց։ Բայց վերջին օրը կայ յարութիւնը եւ Չարը այդ օրուան տէրը չէ։ Աստուած է տէրը այդ օրուան։ Որովհետեւ ան կը պատկանի միայն Աստուծոյ եւ օրն է որուն մէջ պիտի իրականան բոլոր մարդկային տենչերը։

«Սորվինք այս խոնարհ համբերութիւնը, սպասելու Տիրոջ շնորհքը. սպասելու վերջին օրը։ Վերջընթեր օրը շատ ծանր է բայց Տէրը միշտ ներկայ է ու Ան ամէն բան կը լուծէ վերջին օրը» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2021, 09:41

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >