Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Աղօթքի դժուարութիւնները» եղաւ նիւթը Ֆրանչիսկոս Պապին 19 մայիսի հրապարակային ունկդնրութեան խորհրդածութեան։

Մեր հաւատքի աւանդին մէջ կայ առաքինութիւն մը որ շատ անգամ մոռցուած թէեւ ան ծանօթ է Աւետարանէն, ան «արթնութիւնն» է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 19 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի Սուրբ Տամասոյի փակին վրայ հաւատացեալներուն ներկայութեամբ, խօսելով աղօթքի կապուած հարցերու շուրջ։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութեան սկիզբը սկիզբը նկատել տուաւ, որ հետեւելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի տողերուն, այսօրուան քրիստոնէականի ուսուցման մէջ կ՚անդրադառնանք աղօթքի մէջ ապրուած փորձառութեան, եւ կ՚աշխատինք նշել շատ ընդհանրացած քանի մը դժուարութիւններու, որոնք կարելի է զատորոշել եւ յաղթահարել։ Աղօթելը դիւրին չէ, կան շատ մը դժուարութիւններ պէտք է զանոնք ճանչնալ,ու յաղթահարել։

Աղօթքին շատ անգամ կ՚ընկերանայ, մտացրումը։

Առաջին դժրուարութիւնը որ կը ներկայանայ աղօթողին՝ «մտացրումն» է (հմմտ. Քրիստոնէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Թ. 2729)։ Աղօթքին շատ անգամ կ՚ընկերանայ, մտացրումը։ Յայտնի է թէ մարդկային միտքը կը յոգնի երկար ժամանակ մէկ մտածումի վրայ կանգ առնելով։ Բոլորս ալ փորձն ունինք պատկերներու եւ երեւակայութիւններու այս շարունակական շրջագայութեան որ տեւական շարժումի մէջ են, որ մեզի կ՚ընկերանան մինչեւ իսկ քունի մէջ։ Բոլորս ալ գիտենք որ լաւ չէ հետեւիլ այս տարանջատ հակումին։
Կենդրոնացումի հասնելու եւ զայն պահելու պայքարը չի վերաբերիր միայն աղօթքին։ Եթէ չկայ բաւարար կենդրոնացում չէ կարելի ուսանիլ յաջող ելքով եւ ոչ ալ կարելի է լաւ աշխատիլ։ Մարզիկները գիտեն թէ մրցոյթները չէ կարելի յաղթել լոկ մարմնական մարզումով այլ նաեւ մտային կարգապահութեամբ. յատկապէս կենդրոնացած մնալու եւ արթուն ուշադրութիւնը պահելու կարողութեամբ։

Մտացրումները յանցանք չեն, սակայն պէտք է անոնց դէմ պայքարիլ։ Մեր հաւատքի աւանդին մէջ կայ առաքինութիւն մը որ շատ անգամ մոռացութեան կը մատնուի, եւ սակայն ան ծանօթ է Աւետարանէն։ Դա «արթնութիւնն» է։ Քրիստոնէականը զայն կը յիշէ երբ կը խօսի աղօթքի մասին (հմմտ Թ. 2730)։ Յիսուս շատ անգամ կը յիշեցնէ աշակերտներուն «արթուն» կեանքի մը պարտականութիւնը, առաջնորդուած այն գաղափարով, թէ Ան ուշ թէ կանուխ պիտի վերադառնայ, ինչպէս փեսան հարսանիքին եւ կամ տանտէրը ճամբորդութենէն։ Չիմանալով սակայն վերադարձի օրը եւ ժամը, մեր կեանքի բոլոր րոպէները թանկագին են եւ պէտք չէ զանոնք վատնել մտացրութեամբ։ Տիրոջ ձայնը պիտի հնչէ պահի մը որ մեզի ծանօթ չէ. այն օրը, երանի՛ այն ծառաներուն զորոնք Ան պիտի գտնէ գործի վրայ, կենդրոնացած էականին վրայ. որոնք չէին ցրուած հետապնդելով իւրաքանչիւր գրաւիչ բան որ կը յոգնեցնէր իրենց միտքը, այլ կը փորձէին քալել ուղիղ ճամբով, լաւ կատարելով իրենց պարտականութիւնը։
Տարբեր պարագայ մըն է «ցամաքութիւնը»։ Քրիստոնէականը զայն կը նկարագրէ հետեւեալ բառերով «Ան մաս կը կազմէ հայեցողական աղօթքին, ուր սիրտը անզգայ կը դառնայ, համ չառնելով մտածումներէն, յիշատակներէն եւ նոյնիսկ հոգեւոր զգացումներէն։ Պահն է զուտ հաւատքին, որ կառչած կը մնայ հաւատարմօրէն Յիսուսի՝ Անոր հոգեվարքին, եւ գերեզմանին մէջ» (Թ. 2731)։ Ստէպ չենք գիտեր թէ որոնք են «ցամաքութեան» պատճառները։ Դա կրնայ կախեալ ըլլալ մեր անձէն, սակայն նաեւ կրնայ գալ Աստուծմէ, որ թոյլ կու տայ արտաքին եւ ներքին կեանքի որոշ պարագաներ։ Հոգեւոր Հայրերը հաւատքի փորձառութիւնը կը նկարագրեն իբր յարատեւ փոփոխութիւն մը մխիթարութեան եւ ամայութեան ժամանակներու. կան պահեր ուր կը տիրէ երջանկութիւնը, մինջ այլ պահեր՝ բնորոշուած ճնշող ծանրութեամբ։

«Յաւակնոտութիւնը», իրական եւ յատուկ փորձութիւն մըն է աղօթքի դէմ։

Տարբեր կէտ մըն է «յաւակնոտութիւնը», որ իրական եւ յատուկ փորձութիւն մըն է աղօթքի դէմ, եւ ընդհանրապէս քրիստոնէական կեանքի մէջ։ Յաւակնոտութիւնը «չկամութիւնը կամ թուլութիւնն է։ Հոգեւոր Հայրերը այս բառը կը հասկնան իբր ընկճուածութեան մէկ ձեւը, որ հետեւանք է մեր մէջ խստակեցութեան թուլացումին, արթնութեան նուազումին եւ սրտին անփութութեան» (Քրիստոնէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 2733)։ Սա եօթ մահացու մեղքերէն մին է, որովհետեւ, սնած յաւակնոտութենէ, կրնայ առաջնորդել հոգիի մահուան։
Արդ, ինչպէ՞ս պէտք է վարուիլ խանդավառութիւններուն եւ ընկճուածութիւններուն մէջ։ Պէտք է սորվիլ միշտ յառաջ ընթանալ։ Հոգեւոր կեանքի իսկական յառաջադիմութիւնը չի կայանար յափշտակութիւններուն մէջ, այլ կարող ըլլալու՝ յարատեւել դժուարին ժամանակներու մէջ։ Յիշենք Սուրբ Ֆրանչիսկոսի առակը կատարեալ ուրախութեան մասին – Երկնքէն տեղացող անսահման բախտերուն մէջ չէ որ կը չափուի կրօնաւորին հմտութիւնը, ալ հետեւողական քալելու մէջ, նոյնիսկ երբ ան ճանաչում չի գտներ, նոյնիսկ երբ վատ վերաբերումի կ՚ենթարկուի, նոյնիսկ երբ ամէն ինչ կը կորսնցնէ նախնական վայելքը։ Բոլոր սուրբերը անցած են այս «մութ հովիտէն», եւ չգայթակղինք երբ կը կարդանք անոնց օրագրութիւնները, ուր կը լսենք գիշերային աղօթքներու նկարագրութիւնը, որոնք ապրուած են առանց վայելքի։ Պէտք է սորվինք ըսել. «Նաեւ Դուն, Աստուած իմ, կը փորձէիր ամէն ինչ որ ես դադրիմ Քեզի հաւատալէ, սակայն ես կը շարունակեմ աղօթել Քեզի»։ Հաւատացեալները երբեք չեն դադրիր աղօթելէ։ Երբեմն այդ աղօթքը կը նմանի Յոբի աղօթքին, որ չ՚ընդունիր որ Աստուած անարդար կերպով կը վարուի իրեն հանդէպ, կը բողոքէ եւ զԱստուած կը կանչէ դատաստանի։

 Նոյնիսկ մեր արտայայտութիւնները խիստ են եւ դառն, Աստուած կ՚ընդունի զանոնք հօր մը սիրտով։

Մենք ալ, որ Յոբի սրբութեան եւ համբերութեան չենք հասնիր, գիտենք, թէ վերջաւորութեան, այս ամայութեան ժամանակի աւարտին, ուր Երկինք բարձրացուցած էինք մունջ աղաղակներ եւ շատ մը «ինչու»ներ, Աստուած պիտի պատասխանէ մեզի։ 

Մենք եւս երբ կը նեղուինք քիչ մը Աստուծոյ հետ եւ կը սկսինք «ինչու» հարցնել, մեր Հօր սիրտը կը քաշենք դէպի մեր թշուառութիւնը, դէպի մեր դժուարութիւնն ու կեանքը։ Այո պէտք է քաջութիւնը ունենանք Աստուծոյ «ինչու» ըսելու եւ պէտք է քիչ մը նեղանալ որովհետեւ դա մեր մէջ կ՝արթնցնէ Հօր եւ զաւկի միջեւ յարաբերութիւն, որ պէտք է ունենալ Աստուծոյ հետ։ ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապի խորհրդածութեան աւարտին նկատել տալով որ եթէ նոյնիսկ մեր արտայայտութիւնները խիստ են եւ դառն, Ան կ՚ընդունի զանոնք հօր մը սիրտով, եւ զանոնք կը նկատէ որպէս հաւատքի արտայայտութիւններ, որպէս աղօթք։ Շնորհակալութիւն։

.

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2021, 10:18

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >