Որոնել

Քահանայապետի Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը «Հայեցողական աղօթքը»։

«Աւետարանին մէջ կայ միակ ու մեծ կոչում մը` Յիսուսին հետեւիլ սիրոյ ճանապարհին վրայ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 4 Մայիս 2021-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի մատենադարանէն ուղիղ եթերի միջոցաւ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն առթիւ շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնները շեշտը դրաւ հայեցողական աղօթքին վրայ։

Հայեցողական ոլորտը 

«Մարդ էակի հայեցողական ոլորտը – որ հայեցողական աղօթքը չէ - նման է կեանքի աղին, ան համ կու տայ մեր օրերուն» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ «կարելի է հայեցողական ըլլալ նայելով արեւին որ կը ծագի առաւօտեան, կամ մտիկ ընելով երաժշտութիւն մը կամ թռչուններու երգին, կարդալով գիրք մը, եւ կամ արուեստական գործի մը ու գլուխ գործոց գործի մը դիմաց` որ է մարդուն դիմագիծը»։

Հայեցողականութիւնը ըլլալու եղանակ 

«Հայեցողական ըլլալ նախ եւ առաջ ոչ թէ գործելու կերպ մըն է այլ ըլլալու եղանակ է» ըսաւ Քահանայապետը ու նշեց թէ «Հայեցողական ըլլալը կախեալ է սրտէն։ Եւ այստեղ խաղի մէջ կը մտնէ աղօթքը` որպէս հաւատքի եւ սիրոյ արարք մը, որպէս «շունչ» մեր Աստուծոյ հետ յարաբերութեան»։

Հայեցողական աղօթքը հաւատքի ակնարկ է սեւեռած Յիսուսի վրայ

«Աղօթքը կը բիւրեղացնէ սիրտը եւ անոր հետ կը մաքրէ նաեւ հայեացքը, թոյլ տալով իրականութիւնը դիտել այլ մէկ տեսանկիւնէն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը մէջբերելով Քրիստոնէականին խօսքերը ուր նշուած է Սուրբ Քիւրէ Տ՛արսին մէկ վկայութիւնը. «Հայեցողական աղօթքը հաւատքի ակնարկ է սեւեռած Յիսուսի վրայ։ «Ես կը դիտեմ զինք, Ինք կը դիտէ զիս» կ՛սէր Արսի գիւղացին իր սուրբ ժողովրդապետին տապանակին առջեւ աղօթած պահուն... Յիսուսին ակնարկին լոյսը կը լուսաւորէ մեր սրտին աչքերը, այս լոյսը մեզի կը սորվեցնէ ամէն ինչ դիտել Անոր ճշմարտութեան եւ բոլոր մարդոց հանդէպ Անոր ունեցած կարեկցութեան լոյսին մէջ (Քրիստոնէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ թիւ 2715)։

Ամէն բան ծնունդ կ՛առնէ աղօթքէն

«Ամէն բան ծնունդ կ՛առնէ աղօթքէն. Սրտէ մը, որ կը զգայ թէ դիտուած է սիրով։ Այդ պահուն ճշմարտութիւնը կը դիտուի այլ աչքերով» յարեց ապա Քահանայապետը հաստատելով` թէ «հայեցողական աղօթքին համար շատ խօսքերու պէտքը չկայ, բաւարար է հայեացք մը, բաւարար է համոզուած ըլլալ, որ մեր կեանքը շրջապատուած է մեծ ու հաւատարիմ սէրէ մը, որմէ ոչ մի բան կարող է մեզ բաժնել»։

Յիսուս այդ հայեացքին վարդապետն է։ Իր կեանքին մէջ պակաս չեղան ժամանակները, լռութիւնները, սիրալիր հաղորդութիւնը, որ գոյութեան առիթ կու տայ անպակաս փորձութեան թիրախ չդառնալ, այլ անաղարտ պահել գեղեցկութիւնը։ «Անոր գաղտնիքը երկնային Հօր հետ յարաբերութիւնն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով հայեցողական կեանքին ու հաստատելով, որ «Յիսուս Քրիստոսի մէջ չկայ հակասութիւն ընդմէջ հայեցողութեան ու գործին»։

Յիսուսին հետեւիլ սիրոյ ճանապարհին վրայ

Յիսուս իր կեանքի ամէնէ դժուար պահուն, երբ իր շուրջ կ՛աճի մերժումը ու երբ նոյնիսկ իր աշակերտներէն ոմանք չեն հասկնար զինք ու կը հեռանան իրմէ, Ան իր աշակերտներուն կը յայտնէ իր չարչարանքի ու մահուան լուրը եւ ապա լեռ կը բարձրանայ Պետրոսի, Յովհաննէսի ու Յակոբի հետ միասին, ուր, կը նշէ Մարկոսի Աւետարանը, «կ՛այլակերպուի»։

«Ճիշդ այդ պահուն երբ Յիսուսին շուրջ ամէն բան մթագնած կը թուէր այնտեղ կը փայլի աստուածային լոյսը։ Այդ լոյսը Հօր սիրոյ լոյսն է որ Զաւկին սիրտը կը լիացնէ ու կ՛այլափոխէ համայն անձը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով, որ «Աւետարանին մէջ կայ միակ ու մեծ կոչում մը` Յիսուսին հետեւիլ սիրոյ ճանապարհին վրայ»։

Անիկա ամէն բանի գագաթնակէտն ու կեդրոնն է։ Այս իմաստով սէր եւ հայեցողութիւն հոմանիշ են, միեւնոյն բանը կ՛արտայայտեն։

«Այն ինչ որ աղօթքէն կը ծնի, այն ինչ որ բիւրեղացած է խոնարհութեան միջոցաւ, նոյնիսկ եթէ լռելեան ու մեկուսացած սիրոյ արարք է, ան կը մնայ ամենամեծ հրաշքը զոր Քրիստոնեան կարող է իրականացնել» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2021, 09:30

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >