Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց «Scouts Unitaires de France»ի սկաուտները Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց «Scouts Unitaires de France»ի սկաուտները 

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց «Scouts Unitaires de France»ի սկաուտները անոնց հիմնադրութեան 50 ամեակին առթիւ։

«Դուք ունիք այս վեհանձն առաքելութիւնը ձեր հաւատքով եւ ձեր յանձնառումով ամենուրէք վկայելու, թէ կարող էք արժեւորել մարդկային յարաբերութիւններուն հարստութիւնը ու զանոնք դարձնել հասարակական բարիք որ կը սատարէ ընկերութեան վերանորոգումին»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 14 Մայիս 2021-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց «Scouts Unitaires de France»ի սկաուտներու մէկ պատուիրակութեան անոնց հիմնադրութեան 50 ամեակին առթիւ։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Պապը անոնց ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ մատնանշեց ընկերութեան ուր յաճախ կը նշմարենք «մարդկային յարաբերութիւններուն ապականումը եւ կազմաւորում որոնող երիտասարդներուն համար վստահելի տիպարներու պակասը», ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով` թէ «այդ կացութիւնը աւելիով դիւրաբեկ դարձաւ ներկայ առողջապահական տագնապին պատճառաւ» որ աւելիով նուազեցուց իրար հանդիպելու եւ նոր բարեկամութիւններ մաշկելու կարելիութիւնը։

Բոլորս կարիքը ունինք ապրելու մարդկային իսկական եւ ոչ միայն վերացական յարաբերութիւններ

«Ի տես այս դժուարութիւններուն ձեր սկաուտական շարժումը նշան է քաջալերանքի, որովհետեւ երիտասարդները կը հրաւիրէ երազի եւ գործի, ինչպէս նաեւ քաջութիւն ունենալու ապագային նայելու յոյսով» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով թէ անոնք իրենց յանձնառութեամբ ցոյց կու տան թէ «բոլորս կարիքը ունինք ապրելու մարդկային իսկական եւ ոչ միայն վերացական յարաբերութիւններու, յատկապէս այն տարիքի ընթացքին ուր կը կազմուի անձնականութիւնը եւ նկարագիրը»։

Սկաուտը, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը իր մերձաւորի նկատմամբ տրամադրուածութեամբ կանչուած է աշխատելու դէպի դուրս «եկեղեցւոյ մը համար եւ աւելի մարդկային աշխարհի մը համար։

«Դուք ունիք այս վեհանձն առաքելութիւնը ձեր հաւատքով եւ ձեր յանձնառումով ամենուրէք վկայելու, թէ կարող էք արժեւորել մարդկային յարաբերութիւններուն հարստութիւնը ու զանոնք դարձնել հասարակական բարիք, որ կը սատարէ ընկերութեան վերանորոգումին» յարեց Սրբազան Պապը խրախուելով ներկաները միաժամանակ ըլլալու աշխուժ քրիստոնեաներ եւ հաւատարիմ սկաուտներ, հետեւողականութեամբ հետեւելով Աւետարանի հոգիին։

Սկաուտները եւ բնութիւնը

Սրբազան Պապը ակնարկեց հուսկ սկաուտներուն բնութեան հետ ունեցած յատուկ կապին այդ մէկը նկատելով պատգամ ` թէ «ուրիշին յարգանքը եւ բնութեան նկատմամբ յարգանքը կը քալեն միասին» եւ թէ «չենք կարող խաբել մենք զմեզ, կարծելով թէ կարող ենք բնութեան և շրջակայ միջավայրին հետ վերականգնել մեր յարաբերութիւնները, առանց վերականգնելու մարդկային բոլոր հիմնարար փոխյարաբերութիւնները»։

Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց զանոնք չի յուսալքուելու աշխարհին եսասիրութեան դիմաց ու չի փակուելու իրենք իրենց մէջ, դառնալով առանց իտէալներու եւ առանց երազներու երիտասարդներ, ու խրախուսեց զանոնք ամենուրէք տանիլ միսիոներական աւետիսը բաժնեկցելով Աւետարանի ուրախութիւնը։

Լոյս եւ յոյս տարածել

«Տէրը կ՛ուզէ որ դուք ըլլաք իրեն աշակերտները ու լոյս եւ յոյս տարածէք, որովհետեւ ան կը վստահի ձեր քաջութեան ու ձեր խանդավառութեան» յարեց Սրբազան Պապը մէջբերելով «Christus vivit» յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրէն խօսքերը, ապա պատգամը աւարտեց քաջալերելով զանոնք կաթողիկէ սկաուտութիւնը դարձնելու շարժում` որ յոյս կը սերմանէ, ապա գոհունակութիւն յայտնեց Աստուծոյ անոնց 50 տարուայ վկայութեան եւ ծառայութեան համար, մաղթելով` որ այս յոբելեանը ըլլայ առիթ վերանորոգելու յանձնառումը, օգնելու համար երիտասարդները դառնալու ազատ եւ պատասխանատու անձեր, որոնք կը յարգեն ուրիշներն ու բնութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովանիին յանձնեց հուսկ «Scout Unitaires de France»ի բոլոր անդամները ապա օրհնեց զանոնք, անոնց ընտանիքներն ու առաջնորդները խնդրելով որ բարեհաճին չի մոռնալ աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2021, 13:09