Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց Մայիս ամսուայ ընթացքին աղօթելու սուրբ Վարդարանը։ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց Մայիս ամսուայ ընթացքին աղօթելու սուրբ Վարդարանը։  

Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց Մայիս ամսուայ ընթացքին աղօթելու սուրբ Վարդարանը։

Մարիամ տիպար հաւատքի եւ Քրիստոսի Խօսքին գործունեայ վկայութեան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 5 մայիս 2021-ի առաւօտեան ուղիղ եթերով գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը տարբեր լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղելով ունկնդրութեան հետեւող հաւատացեալներուն խնդրեց որ Մայիս ամսուայ ընթացքին, «որ ժողովրդական աւանդութեան համաձայն նուիրուած է Սուրբ Կոյսին» աղօթելու սուրբ Վարդարանը։

«Այս մայիս ամսուայ ընթացքին, առաջնորդուած աշխարհի մէջ տարածուած սրբավայրերէն, աղօթենք Վարդարանը հայցելու համար համաճարակին աւարտը եւ ընկերային ու աշխատանքային գործունէութեան վերսկսումը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը որ ապա խօսքը ուղղելով իտալացի հաւատացեալներուն  հրաւիրեց զանոնք հետեւելու նաեւ Փոմփէի Մարեմեան սրբավայրէն ուղիղ եթերով սփռուէլիք Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր նուիրուած աղերսական աղօթքին, զոր «տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբաթ օրը` 8 մայիսի կէսօրին»։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ խօսքը ուղղելով տարեցներուն, երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն քաջալերեց զանոնք  աղօթելու Մարիամին, «որ հաւատքի եւ Քրիստոսի Խօսքին գործունեայ վկայութեան տիպար մըն է» ըսաւ Ան, «որպէսզի անոր բարեխօսութեամբ ընդունիք քրիստոնէական եռանդը կեանքի դժուարութիւններուն եւ ընտրանքներուն ընթացքին»։ 

Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւնը աւարտեց բոլորին շնորհելով իր օրհնութիւնը։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2021, 11:01