Քահանայապետը յիշեց եւ աղօթեց Երուսաղէմի, Քապուլի եւ Քոլոմպիայի համար։

Ան յիշեց արդարութեան եւ հաւատքի նահատակ՝ երանելի հռչակուած դատաւոր Ռոզարիօ Անճելօ Լիվաթինոն ու բարի տօն մաղթեց բոլոր Մայրերուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 9 Մայիս 2021-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն գլխաւորած «Ուրախ Լեր Թագուհի» կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը խօսքը ուղղելով հրապարակ ժամանած հաւատացեալներուն նախ նշեց թէ ինք «մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի Երուսաղէմի իրադարձութիւններուն» ու թէ «կ՛աղօթէ՝ որպէսզի ան ըլլայ վայր հանդիպումի եւ ոչ թէ բռնարար բախումներու. Վայր աղօթքի եւ խաղաղութեան»։

Երուսաղէմի մէջ լարուածութիւններ։

«Բոլորը կը հրաւիրեմ որոնելու բաժնեկցուած լուծումներ որպէսզի յարգուի Սուրբ Քաղաքի բազմակրօնական եւ բազմամշակութային ինքնութիւնը եւ գերակշռէ եղբայրութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով որ «բռնութիւնը միայն բռնութիւն կը յառաջացնէ» ու սաստելով «բաւ է հակամարտութիւն»։

Աֆղանիստանի համար աղօթք։

Սրբազան Պապը հրաւիրեց հուսկ աղօթել Քապուլի մէջ երէկ պատահած ահաբեկչական արարքի զոհերուն համար, այդ մէկը որակելով «անմարդկային գործողութիւն, որ հարուածեց բազմաթիւ աղջնակներ մինչ դուրս կու գային դպրոցէն»։

«Աղօթենք անոնցմէ իւրաքանչիւրի ու անոնց ընտանիքներուն համար» ըսաւ Սրբազան Պապը Աստուծմէ հայցելով, որ «խաղաղութիւն պարգեւէ Աֆղանիստանին»։

Քոլոմպիայի մէջ լարուածութիւն

Նորին Սրբութիւնը մտահոգութիւն արտայայտեց նաեւ Քոլոմպիայի մէջ տեղի ունեցող լարուածութիւններուն եւ ծանր բախումներուն համար, որոնք ըսաւ Ան,  «յառաջացուցին մահեր եւ վիրաւորներ», հրաւիրելով աղօթել Քոլոմպիային համար։

Ռոզարիօ Անճելօ Լիվաթինոյի Երանացումը։

Սրբազան Քահանայապետը յիշեց ապա թէ այսօր Իտալիոյ Ակրիճենթօ քաղաքին մէջ Երանելի հռչակուեցաւ դատաւոր Ռոզարիօ Անճելօ Լիվաթինոն, «արդարութեան եւ հաւատքի նահատակը»։

«Ան իր հասարակութեան ի սպաս ծառայութեան մէջ, որպէս ուղղամիտ դատաւոր որ թոյլ չտուաւ երբեք որ զինք կաշառեն, ջանաց դատել ոչ թէ դատապարտելու համար այլ փրկանգնելու համար», ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ «Անոր աշխատանքը զինք կը դնէր միշտ Աստուծոյ հովանիին տակ եւ ասոր համար է որ ան դարձաւ Աւետարանի վկայ մինչեւ հերոսական զոհաբերումը»։

«Անոր օրինակը մեզի բոլորիս համար ու մասնաւորապէս դատաւորներուն համար ըլլայ խթան որպէսզի ըլլանք արդարութեան եւ ազատութեան հաւատարիմ պաշտպանները» յարեց Նորին Սրբութիւնը ներկաներէն խնդրելով որ ծափահարութեամբ ողջունեն երանացման լուրը։

Քահանայապետը առ այդ ողջունեց հրապարակ ժամանած հռոմէացի եւ այլ ազգի ուխտաւորները շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ներկայութեան համար ու մօտիկութիւն արտայայտելով «fibromialgia» հիւանդութենէն - այսինքն հենաշարժողական համակարգի ուժեղ ցաւերէ տառապող-  հիւանդներուն, յոյս յայտնելով, որ այս հիւանդութեան նկատմամբ նաեւ աճի ուշադրութիւնը։

Մայրերու տօնը

Նախ քան ներկաներէն հրաժեշտ առնելը Քահանայապետը յիշեց նաեւ բազմաթիւ երկիրներու մէջ այսօր յիշատակուող Մայրերու տօնը ու ողջունեց աշխարհի բոլոր մայրերը, «նոյնիսկ անոնք որոնք ոչ եւս են», ըսաւ ան հրաւիրելով ծափահարել բոլոր մայրերուն համար հուսկ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի ինչպէս միշտ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրենց համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2021, 12:59