Որոնել

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք 

«Մնանք Եկեղեցւոյ գետին մէջ». Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

«Աստուծոյ Հոգին ներդաշնակութիւն է, միութիւն է, ան կը միացնէ տարբերութիւնները»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 23 մայիս 2021-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուց օրուան տօնին, այսինքն Հոգեգալստեան տօնին վրայ կեդրոնացած խորհրդածութիւնը մը որուն սկիզբը Ան ակնարկեց Գործ Առաքելոցէն քաղուած օրուան խորհուրդին դէպքը պատմող հատուածին, ուր կը նշուի, թէ Յիսուսի յարութենէն յիսուն օր ետք,  երբ աշակերտները Տիրամօր հետ  միասին համախմբուած էին վերնատան մէջ յանկարծ զօրեղ մռնչիւն մը կը լսուի երկինքէն եւ ուժեղ քամի մը կը լեցնէ տունը։

Սուրբ Հոգին ուժեղ եւ ազատ քամիի նման է

«Այս կը յայտնէ թէ Սուրբ Հոգին ուժեղ եւ ազատ քամիի նման է։ Կարելի չէ զայն կառավարել, կանգնեցնել եւ ոչ ալ չափել» ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով, որ Հոգին կը բխի Հօր Աստուծմէ եւ Անոր զաւկէն Յիսուս Քրիստոսէն ու մուտք կը գործէ Եկեղեցւոյ մէջ, մեզմէ իւրաքանչիւրիս վրայ, կեանք պարգեւելով մեր մտքերուն ու սրտերուն։

«Ան կեանք պարգեւող Տէրն է, ինչպէս կ՛ըսէ հաւատամքը» յարեց Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ «առաքեալները Պենտեկոստէի օրը տակաւին ուղեկորոյս ու մոլորուած էին» մեզի նման, «որ շատ անգամ կը նախընտրենք մնալ մեր շրջանակը պահպանող պատերուն մէջ»։

Սուրբ Հոգին մեզ կը դարձնէ նոր արարածներ

«Տէրը սակայն գիտէ ինչպէս հասնիլ մեզի, Ան մեզի կը ղրկէ Սուրբ Հոգին, որ մեզ կը պարուրէ ու կը յաղթէ մեր տատամսումները ու մեզ կը դարձնէ նոր արարածներ այնպէս ինչպէս ըրաւ առաքեալներուն հետ» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով թէ ինչպէս անոնք Սուրբ Հոգին ընդունելէ ետք սկսան անվախ քարոզել Յարուցեալ Քրիստոսը։

«Սուրբ Հոգին փոխեց աշակերտներուն սրտերը ու անոնց հայեացքը եւ զանոնք դարձուց կարող հաղորդելու Աստուծոյ գործերը գերազանցելով մշակութային, կրօնական սահմանները, որոնց մէջ վարժ էին ապրիլ ու մտածել։ Ան զանոնք կարող կը դարձնէ հասնիլ բոլորին, այլ բառերով Սուրբ Հոգին իրար միջեւ հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ տարբեր անձեր իրականացնելով միութիւն ու Եկեղեցւոյ տիեզերականութիւնը» հաստատեց Սրբազան Պապը որ ապա ընդգծեց թէ Եկեղեցւոյ մէջ գոյութիւն ունեցող բաժանումները Աստուծոյ Հոգիին չեն համապատասխաներ։

Մնալ Եկեղեցւոյ մէջ

«Աստուծոյ Հոգին ներդաշնակութիւն է, միութիւն է, ան կը միացնէ տարբերութիւնները» հաստատեց Սրբազան Պապը մէջբերելով Ճենովայ քաղաքի երբեմնի Արքեպիսկոպոսին խօսքերը որ ըսած է. Եկեղեցին նման է գետի, կարեւորը մէջը մնալն է, եթէ դուն անոր մէկ ծայրը կամ միւս ծայրը երթաս կարեւոր չէ. Սուրբ Հոգին միութիւնը կը գործէ։ «Կարեւոր է որ մենք Սուրբ Հոգիին միութեան մէջ մնանք եւ ոչ թէ մէկ կամ միւս ծայրը» յարեց Սրբազան Պապը նշելով որ Եկեղեցին կը պատկանի բոլորին այնպէս ինչպէս զայն ցոյց տուաւ Սուրբ Հոգին Պենտեկոստէին օրը։

Նորին Սրբութիւնը  խորհրդածութիւնը աւարտեց հրաւիրելով Սուրբ Կոյս Մարիամին ու անոր բարեխօսութեան որպէսզի Սուրբ Հոգին իջնէ առատութեամբ ու լիացնէ հաւատացեալներուն սրտերը ու բոլորին մէջ վարէ իր սիրոյն կրակը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2021, 12:07

«Թագուհի Երկնից» աղօթքը, Լատին Եկեղեցւոյ մարեմեան չորս կցուրդներէն մին է (միւս կցուրդներն են՝ «Մայր Փրկչին», «Ողջոյն Թագուհի Երկնից» եւ «Ողջոյն Թագուհի»)։

1742 թուականին, Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետ նշանակած է, թէ «Թագուհի Երկնից» աղօթքը պէտք է կատարուէր յոտնկայս, զատկական ժամանակամիջոցին մէջ՝ Զատիկի կիրակիէն մինչեւ Պենտեկոստէ, «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի տեղ, որպէս նշան յաղթութեան մահուան վրայ։
Այս աղօթքը, Հրեշտակ Տեառնի նման կը կատարուի օրը երեք անգամ՝ այգաբացին, կէսօրին եւ մայրամուտին՝ օրը նուիրելու համար Աստուծոյ եւ Աստուածածնի։
Այս հին կցուրդը յառաջ եկած է բարեպաշտ աւանդութենէ մը, 6-10 դարերուն, մինչ անոր տարածումը կատարուած է 13րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, երբ մուծուած է ֆրանսական ժամագրքին մէջ։ Ան բաղկացած է չորս փոքր յանգատողերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կʼաւարտի «Ալէլուիա» կանչով։ Այդ աղօթքով, հաւատացեալները կը դիմեն Մարիամի՝ Երկնքի Թագուհիին, անոր հետ ուրախանալով Քրիստոսի Յարութեան համար։
2015 թուականի ապրիլի 6ին, Զատիկի յաջորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբ կʼաղօթէր Թագուհի Երկնից աղօթքը, խորհուրդ տուաւ հաւատացեալներուն թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ սրտի կեցուածքը երբ կʼարտասանենք այս աղօթքը։
«Կը դիմենք Մարիամի, զայն հրաւիրելով որ ուրախանայ, որովհետեւ Ան, զոր Մարիամ իր արգանդին մէջ կրեց, յարութիւն առաւ, ինչպէս խոստացած էր, եւ մեր անձերը կը վստահինք Մարիամի բարեխօսութեան։ Իրականին, մեր ուրախութիւնը Մարիամի ուրախութեան ցոլացումն է, որովհետեւ Ան է որ պահպանեց եւ հաւատքով կը պահպանէ Յիսուսի կեանքին եղելութիւնները։ Հետեւաբար այս աղօթքը արտասանենք զաւակներու յոյզերով, որոնք կʼուրախանան, որովհետեւ իրենց մայրը ուրախ է։»

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >