Որոնել

«Ըլլանք աշխարհին մէջ Յարուցեալին քաջ վկաները». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Յիսուս մեզմէ մէկն է ու կ՛աղօթէ մեզի համար եւ այս մէկը պէտք է մեզի ուրախութիւն պատճառէ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 16 Մայիս 2021-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն գլխաւորեց Կիրակնօրեայ «Ուրախ լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած բազմաթիւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Աղօթքէն առաջ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Քահանայապետը նշեց, թէ «այսօր շատ մը երկիրներու մէջ կը յիշատակուի Համբարձման տօնը ու թէ օրուան աւետարանը որ քաղուած է Մարկոսի Աւետարանէն մեզի կը ներկայացնէ Յարուցեալ Յիսուսին վերջին հանդիպումը իր աշակերտներուն հետ նախ քան անոր երկինք բարձրանալը նստելու համար Հօր աջ կողմը։

«Հակառակ Տիրոջմէ այդ բաժանումի իրականութեան, որ ընդհանրապէս տխրութիւն կը յառաջացնէ աշակերտները անմխիթար չեն թուիր, ընդհակառակը անոնք ուրախ են եւ պատրաստ մեկնելու առաքելութեան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Համբարձումը Յիսուսին առաքելութեան ամբողջացումն է

Համբարձումը արդարեւ կ՛ամբողջացնէ Յիսուսին մեր միջեւ առաքելութիւնը։ Յիսուս մեր մարդկութեան մէջ մուտք գործելէ ետք ու զայն փրկելէ ետք այժմ կը բարձրանայ երկինք իր հետ տանելով մեր մարմինը։ «Աստուծոյ աջ կողմը նստած է մարդկային մարմին մը, Յիսուսին մարմինը եւ այս խորհուրդին մէջ ամէն ոք կը տեսնէ իր ապագայի ճակատագիրը» նկատել տուաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ Յիսուս առաջին մարդն է, որ կը մտնէ երկինք։

Յիսուս սակայն չի լքեր աշակերտները այլ կը շարունակէ մնալ անոնց հետ, աղօթքի մէջ որովհետեւ ան որպէս մարդ կ՛աղօթէ իր Հօրը։ Անոր ցոյց կու տայ վէրքերը, որով մեզ փրկեց։

«Գացէք համայն աշխարհ եւ քարոզեցէք աւետարանը»

«Յիսուս մեզմէ մէկն է ու կ՛աղօթէ մեզի համար եւ այս մէկը պէտք է մեզի ուրախութիւն պատճառէ» ըսաւ Քահանայապետը նշելով՝ որ կայ նաեւ ուրախութեան երկրորդ պատճառ մը եւ անիկայ Յիսուսին խոստումն է։ Ան մեզի ըսաւ. «պիտի ղրկեմ Սուրբ Հոգին»։ Եւ Սուրբ Հոգիին հետն է, որ կարելի կ՛ըլլայ Յիսուսին պատուէրը «Գացէք համայն աշխարհ եւ քարոզեցէք աւետարանը»։

Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը

Սուրբ Հոգին է որ ինը օր ետք Յիսուսին խոստումին համաձայն պիտի գայ հոգեգալստեան տօնին օրը ու կարելի պիտի դարձնէ որ մենք երթանք ու աւետարանենք աշխարհը։ «Ասոր համար այսօր մենք ուրախ ենք, ուրախ Համբարձումի ուրախութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը որ խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով. «Համբարձման այս տօնին առթիւ մինչ մեր աչքերը կը սեւեռենք Երկինք, ուր Քրիստոս կը բազմի Հօր աջ կողմը, Մարիամէն, Երկնքի Թագուհիէն խնդրենք որ օգնէ մեզի աշխարհին մէջ ըլլալու Յարուցեալին քաջ վկաները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2021, 12:18

«Թագուհի Երկնից» աղօթքը, Լատին Եկեղեցւոյ մարեմեան չորս կցուրդներէն մին է (միւս կցուրդներն են՝ «Մայր Փրկչին», «Ողջոյն Թագուհի Երկնից» եւ «Ողջոյն Թագուհի»)։

1742 թուականին, Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետ նշանակած է, թէ «Թագուհի Երկնից» աղօթքը պէտք է կատարուէր յոտնկայս, զատկական ժամանակամիջոցին մէջ՝ Զատիկի կիրակիէն մինչեւ Պենտեկոստէ, «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի տեղ, որպէս նշան յաղթութեան մահուան վրայ։
Այս աղօթքը, Հրեշտակ Տեառնի նման կը կատարուի օրը երեք անգամ՝ այգաբացին, կէսօրին եւ մայրամուտին՝ օրը նուիրելու համար Աստուծոյ եւ Աստուածածնի։
Այս հին կցուրդը յառաջ եկած է բարեպաշտ աւանդութենէ մը, 6-10 դարերուն, մինչ անոր տարածումը կատարուած է 13րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, երբ մուծուած է ֆրանսական ժամագրքին մէջ։ Ան բաղկացած է չորս փոքր յանգատողերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կʼաւարտի «Ալէլուիա» կանչով։ Այդ աղօթքով, հաւատացեալները կը դիմեն Մարիամի՝ Երկնքի Թագուհիին, անոր հետ ուրախանալով Քրիստոսի Յարութեան համար։
2015 թուականի ապրիլի 6ին, Զատիկի յաջորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբ կʼաղօթէր Թագուհի Երկնից աղօթքը, խորհուրդ տուաւ հաւատացեալներուն թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ սրտի կեցուածքը երբ կʼարտասանենք այս աղօթքը։
«Կը դիմենք Մարիամի, զայն հրաւիրելով որ ուրախանայ, որովհետեւ Ան, զոր Մարիամ իր արգանդին մէջ կրեց, յարութիւն առաւ, ինչպէս խոստացած էր, եւ մեր անձերը կը վստահինք Մարիամի բարեխօսութեան։ Իրականին, մեր ուրախութիւնը Մարիամի ուրախութեան ցոլացումն է, որովհետեւ Ան է որ պահպանեց եւ հաւատքով կը պահպանէ Յիսուսի կեանքին եղելութիւնները։ Հետեւաբար այս աղօթքը արտասանենք զաւակներու յոյզերով, որոնք կʼուրախանան, որովհետեւ իրենց մայրը ուրախ է։»

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >