Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Յիսուսին սիրոյն մէջ մնալ եւ սէր արտադրել». Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը

Ա՛յս է իմ պատուէրս` որ զիրար սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ Ո՛չ ոք ասկէ աւելի մեծ սէր ունի` երբ իր կեանքը կու տայ բարեկամներուն համար։ Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ կատարէք ինչ որ կը պատուիրեմ ձեզի։ (Յովհ. 15, 9-17)
Ունկնդրէ Լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 9 մայիս 2021-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը գլխաւորեց իր գրասենեակի պատուհանէն Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած բազմաթիւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց օրուան Աւետարանական ընթերցումը, որ քաղուած էր Յովհաննէսի Աւետարանէն (Գլուխ 15, 9-17)։

Յիսուսին հետ միացած ըլլալուն պտուղը սէրն է

«Յիսուս ինքզինք թզենիին նմանեցնելէ ետք ու մեզ ալ ճիւղերուն կը բացատրէ թէ ո՞րն է պտուղը զոր կ՛արտադրեն անոնք՝ որոնք իրեն հետ միացած կը մնան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով՝ որ «Այդ պտուղը սէրն է»։

«Յիսուս դարձեալ կը կրկնէ «մնալ» բանալի բայը ու մեզ կը հրաւիրէ մնալ իր սիրոյն մէջ որպէսզի իր ուրախութիւնը մեր մէջ ըլլայ ու ըլլայ նաեւ կատարեալ» յարեց Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով որ «սէրը՝ որուն մէջ Յիսուս մեզի կը խրատէ մնալ, սէրն է որ ծագում ունի Հօր մէջ. Որովհետեւ Աստուած սէր է»։

«Ա՛յս է իմ պատուէրս` որ զիրար սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի»

«Յիսուս արդարեւ կ՛ըսէ.  «Ինչպէս Հայրը սիրեց զիս, ես ալ ձեզ սիրեցի» սէրը զոր Յիսուս մեզի կը պարգեւէ նոյն սէրն է որով Հայրը կը սիրէ զԻնք. բիւրեղ սէր, անվերապահ, ձրի» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով, որ Յիսուս մեզի նուիրելով այդ սէրը մեզի հետ կը վարուի որպէս բարեկամներ մեզի ճանչցնելով Հայրը ու մեզ ներգրաւելով իր իսկ առաքելութեան մէջ ի նպաստ աշխարհի կեանքին»։

«Եւ ի՞նչպէս կարելի է մնալ այդ սիրոյն մէջ», հարց տուաւ Սրբազան Պապը ու պատասխանեց նոյնինքն Յիսուսին խօսքերով «Եթէ պահէք իմ պատուիրաններս, իմ սիրոյս մէջ պիտի մնաք»։ Յիսուս պատուիրանները ամփոփեց մէկ պատուիրանի մէջ «Ա՛յս է իմ պատուէրս` որ զիրար սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի»։

Սիրել ինչպէս կը սիրէ Քրիստոս

«Սիրել ինչպէս կը սիրէ Քրիստոս կը նշանակէ մենք մեզ դնել եղբայրներու ծառայութեան տակ այնպէս ինչպէս Ինք ըրաւ, լուալով աշակերտներուն ոտքերը։ Կը նշանակէ դուրս գալ մենք մեզմէ, անջատուիլ մեր մարդկային ապահովութիւններէն, հանգստութիւններէն, որպէսզի բացուինք ուրիշներուն, մասնաւորապէս անոր՝ որ աւելիով կարիքի մէջ է։ Կը նշանակէ մենք մեզ դնել ուրիշներու տրամադրութեան տակ։ Կը նշանակէ սիրել ոչ թէ խօսքերով այլ գործերով» ըսաւ Սրբազան Պապը  հաստատելով՝ թէ Քրիստոսի նման սիրել կը նշանակէ ոչ ըսել ուրիշ սէրերուն զոր աշխարհ մեզի կ՛առաջարկէ. «դրամասիրութիւնը, յաջողութեան սէրը, իշխանութեան սէրը…». «Այս խաբէութեան ճանապարհները մեզ կը հեռացնեն Տիրոջ սէրէն ու մեզ կը մղեն դառնալու միշտ աւելիով եսասէրներ, ինքնասիրահարուածներ և ամբարտաւաներ» յարեց Քահանայապետը աւելցնելով որ «ամբարտաւանութիւնը կը տանի սիրոյ այլասէրութեան՝ չարաշահել ուրիշները, տառապեցնել սիրուած անձը»։  

Ոչ հիւանդ սիրոյն

«Կը մտածեմ հիւանդ սիրոյն, որ կը փոխուի ու կը դառնայ բռնութիւն» շարունակեց Սրբազան Պապը մտաբերելով  այն «բոլոր կիները՝ որոնք մեր օրերուն թիրախ են բռնութիւններուն» ու այս ուղղութեամբ հաստատելով թէ «այս մէկը սէր չէ»։

«Սիրել ինչպէս Տէրը կը սիրէ կը նշանակէ գնահատել մեր կողքին գտնուող անձը եւ յարգել անոր ազատութիւնը, զինք սիրել այնպէսս ինչպէս որ է, ձրի կերպով» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապըոր ապա նշեց թէ  «Ի վերջոյ Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ բնակիլ իր սիրոյն մէջ, ոչ թէ մեր գաղափարներուն մէջ, ոչ թէ մենք մեր փառասիրութեան մէջ, այլ մենք մեզ նուիրելով  ուրիշներուն։ Տիրոջ սիրոյն մէջ մնալը մեզ կը տանի կատարեալ ուրախութեան «Ասոնք ըսի ձեզի, որպէսզի իմ ուրախութիւնս ձեր մէջ ըլլայ, եւ ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ»։

Ուրախութիւնը քրիստոնեային առանձնայատկութիւն

«Տէրը՝ որ Հօր հետ ամբողջական հաղորդութեան մէջ է, կ՛ուզէ որ իր ուրախութիւնը ըլլայ մեր մէջ որքան, որ մենք միացած ըլլանք իրեն։ Ուրախութիւնը թէ սիրուած ենք Աստուծմէ հակառակ մեր անհաւատարմութիւններուն մեզի թոյլ կու տայ հաւատքով դիմագրաւել կեանքին փորձանքները, մեզի թոյլ կու տայ ապրիլ տագնապը, որպէսզի աւելի լաւ դուրս գանք անորմէ։ Եւ այս ուրախութիւնը ապրելու մէջ է, որ պարունակուած է մեր իսկական վկաներ ըլլալը, որովհետեւ ուրախութիւնը քրիստոնեային առանձնայատկութիւնն է» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը, ու խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին աջակցութիւնը՝ որպէսզի «օգնէ մեզի մնալու Յիսուսին սիրոյն մէջ ու աճելու սիրոյ մէջ բոլորի նկատմամբ, վկայելով  յարուցեալ Տիրոջ ուրախութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2021, 12:12

«Թագուհի Երկնից» աղօթքը, Լատին Եկեղեցւոյ մարեմեան չորս կցուրդներէն մին է (միւս կցուրդներն են՝ «Մայր Փրկչին», «Ողջոյն Թագուհի Երկնից» եւ «Ողջոյն Թագուհի»)։

1742 թուականին, Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետ նշանակած է, թէ «Թագուհի Երկնից» աղօթքը պէտք է կատարուէր յոտնկայս, զատկական ժամանակամիջոցին մէջ՝ Զատիկի կիրակիէն մինչեւ Պենտեկոստէ, «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի տեղ, որպէս նշան յաղթութեան մահուան վրայ։
Այս աղօթքը, Հրեշտակ Տեառնի նման կը կատարուի օրը երեք անգամ՝ այգաբացին, կէսօրին եւ մայրամուտին՝ օրը նուիրելու համար Աստուծոյ եւ Աստուածածնի։
Այս հին կցուրդը յառաջ եկած է բարեպաշտ աւանդութենէ մը, 6-10 դարերուն, մինչ անոր տարածումը կատարուած է 13րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, երբ մուծուած է ֆրանսական ժամագրքին մէջ։ Ան բաղկացած է չորս փոքր յանգատողերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կʼաւարտի «Ալէլուիա» կանչով։ Այդ աղօթքով, հաւատացեալները կը դիմեն Մարիամի՝ Երկնքի Թագուհիին, անոր հետ ուրախանալով Քրիստոսի Յարութեան համար։
2015 թուականի ապրիլի 6ին, Զատիկի յաջորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբ կʼաղօթէր Թագուհի Երկնից աղօթքը, խորհուրդ տուաւ հաւատացեալներուն թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ սրտի կեցուածքը երբ կʼարտասանենք այս աղօթքը։
«Կը դիմենք Մարիամի, զայն հրաւիրելով որ ուրախանայ, որովհետեւ Ան, զոր Մարիամ իր արգանդին մէջ կրեց, յարութիւն առաւ, ինչպէս խոստացած էր, եւ մեր անձերը կը վստահինք Մարիամի բարեխօսութեան։ Իրականին, մեր ուրախութիւնը Մարիամի ուրախութեան ցոլացումն է, որովհետեւ Ան է որ պահպանեց եւ հաւատքով կը պահպանէ Յիսուսի կեանքին եղելութիւնները։ Հետեւաբար այս աղօթքը արտասանենք զաւակներու յոյզերով, որոնք կʼուրախանան, որովհետեւ իրենց մայրը ուրախ է։»

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >