Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ուր պատերազմներ կան, հոն քաղաքականութիւնը պարտուած է»։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այցելեց Հռոմի Սան Քալիսթօ պալատէն ներս գտնուող Սքոլաս Օքուրենթես կազմակերպութեան հռոմէական բաժանմունքը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 20 մայիսին, յետմիջօրէին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այցելեց Հռոմի Սան Քալիսթօ պալատէն ներս գտնուող Սքոլաս Օքուրենթես կազմակերպութեան հռոմէական բաժանմունքը։

Ունկնդրէ լուրը

Այցելութեան ներկայ գտնուողներու շարքին էին նաեւ իտալիոյ հանրապետութեան երկու նախարարներ Տիար Փաթրիցիօ Պիանքի եւ Տիար Ռոերթօ Սփերանցա ինչպէս նեաւ Արժանթինի մէջ Սքոլաս Օքուրենթեսի մաս կազմող Արժանթին առաջին կին տիկին Ֆապիոլա Եանեսը

Հանդիպումին ընթացքի ֆրանչիսկոս Պապ առցանց կապ հաստատեց աշխարհի մէջ տարածուած միեւնոյն կազմակերպութեան տարբեր բաժանմունքներու հետ որոնց ընթացքին պատասխանեց երիտասարդներու կողմէ իրեն ուղղուած կարգ մը հարցումներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելութեան ընթացքին խօսեցաւ քաղաքականութեան մասին նկատել տալով, քաղաքականութիւն մը կամ ազգ մը պարկեշտ կ՝ըլլան երբ հեռու կը մնայ պատերազմներէն, «ուր պատերազմներ հոն կայն յաղթահարուած քաղաքականութիւն» ըսաւ ֆրանչիսկոս ապ աւելցնելով որ քաղաքականութիւն մը որ կարող չէ բանակցիլ՝ խուսափելու համար պատերազմներէն, յաղթահարուած եւ վերջացած քաղաքականութիւն է ։

Երիտասարդները ինչպէս կրնան քաղաքականութիւնը փոխել։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատասխանելով երիտասարդներու հարցումներուն նշեց որ ազգ մը բարոյապէս առողջ է ,եթէ իր հարստութիւնը չդիզեր զէնքեր վաճառելով։

Սէրը քաղաքական է այսինքն ընկերային է բոլորի համար։ եւ երբ պակսի այս սիրոյ տիեզերականութիւնը քաղաքականութիւն կ՝ինայ կը հիւանդանայ եւ վատ իրողութիւն կը դառնայ։ ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց բանակցելու, որովհետեւ կարծիքներու տարբերութիւնները քաղաքականութեան բանալին է, որ միշտ միութիւն եւ համերաշխութիւն կը ներշնչէ։ Քաղաքականութիւն ուղեւորութիւն է , գործընթացներու մեկնարկներ է։ ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ

Յայտնենք թէ ֆրանչիսկոս Պապ Սքոլաս Օքուրենթես ժամանումին դիմաւորուեցաւ երիտասարդներու ծափողջոյններով ու երգերով։։ Կազմակերպութեան կարգ մը երիտասարդներ նորի Սրբութեան շնորհեցին կարգ մը նուէրներ վերնաշապիկ լուսանկարի մը տպագրութեամբ ։

Իսկ երկու իտալացի երիտասարդներ ֆրանչիսկոս Պապէն խնդրեցին որ ընտրէ երկու նուէրներէն մին- կեանքի ծառը կամ փայտէ քնար, ֆրանչիսկոս Պապ ընտրեց այս վերջինը, ըսելով երգելը բանաստեղծութիւն է ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա առցանց բացումը կատարեց նաեւ Սիտնէյի մէջ Սքոլասի նոր աթոռին ներկայութեամբ Աւստրալիոյ մէջ սուրբ Աթոռի դեսպանուհի Քիարա Փոռոյին։

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապին Սքոլաս Օքուրենթեսի այցելութեան ներկայ գտնուող անձերը, խորհրդաւոր կերպով փորեցին կաւէ ծաղկամանի մէջ փոքրկ ծակ մը, իբրեւ վերածնունդի, վերսկսումի եւ նաեւ վտանգի խորհրդանիշ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նախ ճան իր առաքելական օրհնութիւնը նշեց որ նաեւ վտանգելը կարեւոր է։ Չէ կարելի հասկնալ Սքոլասի իմաստը առանց այս վտանգի կեցուածքին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2021, 09:29